Հայ Օգնութեան Միութիւնը Յաջողութեամբ Կը Շարունակէ «Լիբանանի Կողքին» Օժանդակութեան Ծրագիրները

0 0
Read Time:2 Minute, 9 Second

 

Ի նպաստ Լիբանանահայութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ կազմակերպուած «Լիբանանի Կողքին» առցանց դրամահաւաքը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 15-ին, որուն իբրեւ արդիւնք, Օգոստոս 4-էն ի վեր սոյն նպատակով հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասաւ $600,000 ամերիկեան տոլարի։

«Հայ Օգնութեան Միութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով եւ աջակցութեամբ քաջալերեցին այս նախաձեռնութիւնը։ Հանգանակուած այս գումարը հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժի փաստն է։ Այս յաջողութիւնը բոլորիս ջանքերուն արդիւնքն է եւ ան կը պատկանի բոլորիս։ Մեր ժողովուրդին ուժն է, որ մեզ կ՛ապրեցնէ։ Լիբանանի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեզի։ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» միասի՛ն ու մշտապէս։ Կը խնդրենք, որ շարունակէք ձեր աջակցութիւնը Հ.Օ.Մ.-ին։ Շարունակեցէ՛ք զօրակցիլ Լիբանանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, որպէսզի Լիբանանահայութիւնը դարձեալ վերականգնի եւ վերադառնայ իր փառքի օրերուն», յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի ատենապետուհի՝  Նայիրի Տէրտէրեանը։

Յաջողութիւն արձանագրած գեղարուեստական յայտագիրը իրականացաւ «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի ընկերութեան համագործակցութեամբ եւ Հայրենի թէ Սփիւռքեան հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն սիրայօժար մասնակցութեամբ։ Աւելի քան 54 հազար դիտորդներ օրին հետեւեցան ծրագրին։ Խորին շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնց հեռակայ աշխատանքին շնորհիւ այս կարճ ժամանակամիջոցին կարելի եղաւ կազմակերպել եւ սփռել յայտագիրը։ Յայտագրին կարելի է կրկին անգամ հետեւիլ Երկիր Մեդիայի եւ Հ.Օ.Մ.-ի դիմատետրի էջերուն վրայ։

Լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Օգոստոս 17, 2020ին, Հ.Օ.Մ.-ի, Code 3 Angels ոչ հասութաբեր կազմակերպութեան եւ Ա․Մ․Ն․ Հայաստան Հիմնադրամի գործակցութեամբ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանէն երկուքուկէս թոնո, ընդհանուր 171 տուփ, բժշկական եւ այլ հիմնական իրեր պարունակող առաջին ինքնաթիռը հասաւ Լիբանան։ Code 3 Angels իր կեդրոնական գրասենեակները տրամադրած էր իրերը համախմբելու եւ ծրարները պատրաստելու համար։ Միաժամանակ, Լոս Անճէլըսի մէջ հաստատուած Լիբանանեան զանազան կազմակերպութիւններ իրենց ուժերը համախմբելով միացան Հ.Օ.Մ.-ին՝ Ռաֆիք Հարիրի Համալսարանի Հիւանդանոցին դեղորայք ղրկելու նպատակով։

Այս գծով Տէրտէրեան նշեց, թէ Օգոստոս 19-ին պատասխանատու մարմինները ստանձնեցին առաքուած իրերը եւ անոնք ամենաարագ միջոցին պիտի օգտագործուին խնամելու համար կարիքաւորներուն։ «Յոյս ունինք, որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ առաքում մը եւս կազմակերպել Code 3 Angels կազմակերպութեան եւ ԱՄՆ-ի Հայաստան Հիմնադրամի համագործակցութեամբ։ Այս ձեւով միասնաբար նեցուկ կը կանգնինք ամոքելով ցաւերը մեր ժողովուրդին», աւելցուց Տէրտէրեան։

Օգոստոս 4ին Լիբանանի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Հ.Օ.Մ.-ը զօրակոչի ենթարկեց իր բոլոր միաորներն ու անդամները եւ նոյն օրն իսկ յայտարարեց «Լիբանանի Կողքին» դրամահաւաքի ծրագիրը։ Հանգանակուած գումարները կը տրամադրուին հոգալու համար հայ համայնքի կարիքները։ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, աղէտին առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, Հ.Օ.Մ.-ի ընտանիքին, բժիշկներուն եւ կամաւորներուն ճիգերով հարիւրաւոր հայորդիներ ստացան ու կը շարունակեն ստանալ անհրաժեշտ բժշկական խնամքը, որու կողքին նաեւ բոլոր տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն կը տրամադրուի տաք ճաշ։

Հ.Օ.Մ.-ի, մայրական գթարատ սրտէն հոսող աղբիւրը, վարար կը մնայ մեր ժողովուրդին հետ, մեր ժողովուրդին համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles