Մինսքի խմբակցութեան ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզա պաշտօնապէս առաջադրուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին:
Նշենք թէ, գրեթէ տարիէ մը ի վեր կը խօսուէր թէ Պրայզա լուրջ թեկնածու է այդ պաշտօնին: Օրին, ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր թէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ անոր նշանակումը արդէն իսկ ստացած է Պաքուի համաձայնութիւնը: Պրայզա, օրին հերքած էր այդ շշուկները:
Անն Տըրս արդէն իսկ, աւարտած է Ատրպէյճանի մէջ իր առաքելութիւնը եւ վերադարձած Միացեալ Նահանգներ:
Ժրայզայի նշանակման գծով, Հայ Դատի Յանձնախումբը, արդէն իսկ գործի լծուած է այս գծով իր բողոքը արտայայտելու: Ե-նամակով բողոք նամակներ պատրաստուած են: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել.- anca@anca.org
Read Time:36 Second