Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ Վարժարանէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան դաստիարակութեան յատուկ ծրագիր մը պատրաստուած է, նկատի ունենալով որ դժուար է մանուկներուն ներկայացնել նման դժուար նիւթ մը:
Ի՞նչպէս կարելի է պատմել այն մութ ու վախազդու դէպքերը մանուկներուն. Ինչպէ՞ս կարելի է հայոց պատմութեան այդ հանգրուանին մասին խօսիլ առանց սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւններ տալու: Ինչպէ՞ս կարելի է հասկցնել թէ իրենց նախորդները ինչպիսի դժոխային պատկերներ տեսած են, առանց գերազանցելու կարմիր գիծը: Ինչպէ՞ս պատմել այս բոլորը առանց անոնց եւս զոհերու վերածելու: Այս պատճառով, յատուկ եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կարելի եղած է կազմել Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիր մը, եւ վերջապէս կարելի եղած է գտնել երեխաներու յարմար Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր:
Առաջինը՝ »Արամին Որոշումը« (Aram’s Choice) անունով գիրք մըն է, որուն հեղինակն է Մարշա Ֆորչուք Սքրիփաք, Գանատացի (ծագումով ուքրայինացի) գրող մը, որ փափկանկատութեամբ կը մօտենայ Ցեղասպանութեան հարցին: Անոր գիրքը կը գործածուի չորրորդ դասարանէն ներս: Վերջերս, Մարշա Սքրիփաքը այցելեց Սուրբ Ստեփանոս Հայկական նախակրթարանը, ու հանդիպեցաւ երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի աշակերտներուն հետ եւ զրուցեց իր գիրքերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մասին: Ուսումնասիրութիւններուն նիւթն էր Օնթարիոյի (Գանատա) Ճորճթաունի որբերը: Ապա, Սքրիփաք իր գիրքերէն հատուածներ կարդաց: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Սքրիփաքի խօսքերը, ու ապա հարցումներ հարցուցին, որմէ ետք Սքրիփաք մակագրեց իր գործը:
Նշենք թէ Սքրիփաքի այցելութիւնէն մէկ օր առաջ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները Քրանսթըն (Րոտ Այլընտ) այցելեցին, ու ներկայ գտնուեցան Նիւ ԵորքՆիւ Ճըրզիի Համազգայինի Թատերական խումբին ելոյթին, որ ներկայացուց՝ »Ճորճթաուն Պոյզ«ը, բեմադրութեամբ՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի:
Հինգերորդ դասարանի աշակերտները կը գործածեն Դաւիթ Խըրտեանի »Տունէն ճամբան, Հայ Աղջիկի մը Պատմութիւնը« (The Road from Home: The Story of an Armenian Girl): Այս բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած գիրքին նիւթը քաղուած է հեղինակին մօր կեանքէն: Ան կը պատմէ իր մօր մանկութիւնը‘ Թուրքիոյ հայկական թաղամասէ մը ներս, ու անոր գաղթը՝ Նոր Աշխարհ:
Read Time:1 Minute, 23 Second