ՕՆՆԻԿ ՏԻՆՔՃԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՆԱՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ ու երգիչ Օննիկ Տինքճեան ստացած է Ազգային Ժառանգութեան Պարգեւը (National Heritage Fellowship), որ Միացեալ Նահանգներու Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի կողմէ կը տրուի ժողովրդական ու աւանդական արուեստներու։ Երկրի մեծարանքի ամենաբարձր արտայայտութիւնը կը համարուի այս կալուածին մէջ։

Օննիկ Տինքճեանի կողքին, Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի 25.000 տոլարի պարգեւին արժանացած են ինը այլ ամերիկացի երգիչներ, երաժիշտներ, պարողներ, աւանդական արուեստի հետեւորդներ եւ ձայնասփիւռի արտադրողներ։ «Ամէն տարի, Ժառանգութեան Պարգեւները կ՚ընդգծեն մեր երկրի համայնքներու առանձնայատուկ ապրող աւանդութիւնները, ինչպէս եւ թէ ինչպէ՞ս մեր պարգեւատրեալները հպարտութեան, գեղեցկութեան եւ մշակութային շարունակականութեան զգացում մը կը ներարկեն իրենց արուեստով», յայտնեց Մէրի Էնն Քարթըր՝ Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի ատենապետուհին, յայտարարելով պարգեւատրեալներու անունները։
Օննիկ Տինքճեան ծնած է Ֆրանսա, 1929-ին։ Մեծ Եղեռնէն վերապրող իր տիգրանակերտցի ծնողներուն հետ, Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է 1946-ին։ «Ամերիկայի մէջ ամենէն սիրուած ու ազդեցիկ հայ երգիչներէն մէկուն՝ Տինքճեանի թենորի ձայնը սփոփիչ ու արտայայտիչ է, հաղորդելով թէ՛ անոր հայկական ժառանգութեան լիարժէք ուրախութիւնն ու բուռն զգացմունքը եւ թէ՛ վերջինիս ցաւալի պատմութեան խոր վիշտը», կ՚ըսէ Արուեստներու Ազգային Հիմնադրամի յայտարարութիւնը:

Օննիկ Տինքճեանն ու իր որդին՝ Արա, որ նաեւ հանրածանօթ երաժիշտ է, մշտական ներկայութիւն մը եղած են Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Դեկտեմբեր 2019ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով պարգեւատրեց Օննիկ Տինքճեանը՝ հայկական աւանդական երաժշտութեան մէջ իր երկարամեայ գործունէութեան համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles