Ապրիլ 2324ին, Ապու Տապիի եւ Շարժայի մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին: Ապրիլ 23ին, կազմակերպութեամբ Ապու Տապիի հայ համայնքին, տեղի ունեցաւ յուշերեկոյ: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն, ականատեսներու յուշերուն եւ յիշողութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ներկայիս այդ ոճիրի դատապարտման ուղղուած համազգային քայլերուն: Ան ըսաւ թէ տարիներ առաջ Թուրք օսմանեան պետութեան բարբարոս ղեկավարները մէկ գիշերուան մէջ սպանդի ենթարկեցին աւելի քան ինը հարիւր հայ մտաւորականներ Պոլսոյ եւ իր շրջակայքի մէջ: Թուրքին նպատակն էր ազատօրէն ձեռնադրել գլխահատ հայ ժողովուրդին ընդհանուր ոչնչացումը:
»Այդ թուականն էր Ապրիլ 24« 1915ը: Թուական մը որ կը ներկայացնէ պաշտօնապէս սկզբնաւորութիւնը անմեղ հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը: Թուական մը« որ մարդկութեան արդի պատմութեան էջերը ներկեց անմեղ հայ ժողովուրդի արիւնովը:… Մենք ահաւասիկ կը խօսինք թուականի մը մասին« բայց երբեք չմոռնանք« որ հայ ժողովուրդը երկար տարիներ« ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին վրայ ամէն օր կ’ապրէր Ապրիլ 24ը: Ամէն օր հայ ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը դժոխքի վերածուած էր« թուրք եւ քիւրտ բարբարոս ցեղերու կողմէ« բնական երեւոյթներ էին գաւառներու մէջ անարդար կերպով հողերու գրաւումը« ոճիռները« կողոպուտները կարդանք Ռաֆֆին« ու յիշենք հայ գիւղացիին ամէնօրեայ գողգոթային կեանքը« այս ամէնը ինչո՞ւ« պարզապէս որովհետեւ հայ էին: Վրայ եկաւ Ապրիլ 24ը« որ շարունակութիւնն էր երկար տարիներու մեր անմեղ ժողովուրդի ողջակիզման« որ ձգեց աւելի քան 1.5 միլիոն նահատակ եւ ամբողջ ազգ մը« ժողովուրդ մը տեղահանուած իր պապենական հողերէն: Ինչպէ՞ս կարելի է ամոքել մեր վիշտը« ինչպէս կարելի է լռել այս կուրացուցիչ արհաւիրքին առջեւ: Հայ որբը անապատին մէջ սովամահ« ծառաւ« սողալով այս կիզիչ արեւին տակ ունէր մէկ երազ« հայ մայրը նոյնպէս տարագրութեան պահերուն« կորսնցուցած իր զաւակները եւ ընտանիքը« բռնաբարուած թուրքին կողմէ« անապատներուն մէջ կորսուած« ունէր մէկ երազ« նոյն երազը որն էր նա°խ ապրիլ եւ ապա արդարութիւն պահանջել: Թուրքը պղծեց մեր սրբութիւնները« մեր եկեղեցիները մորթեց եւ թալանեց« քանդեց ու մոխիրի վերածեց մի ամբողջ էութիւնը: Ո°չ կը ներեմ« ոչ ալ կը մոռնամ:…Ո°չ կը ներեմ« ոչ ալ կը մոռնամ մինչեւ այն ատեն« որ թուրք պետութիւնը կ’անտեսէ այս« կ’ուրացուցիչ ճշմարտութիւնը« չ’ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չհասցնելով մեզի համար անընդունելի կը մնայ որեւէ ուրիշ արարք: Մեզի համար ճշմարտութիւնը մէկ է« թող օտար պետութիւնները իրենց անձնական անհեթեթ շահերէն մեկնած նեցուկ կ’անգնին Թուրքիոյ պետութեան եւ փորձեն խեղաթիւրել« աղաւաղել մեր Ցեղասպանութեան իրականութիւնը« թող մեծ պետութիւնները ամբողջ կշիռքները դնեն որ այս իրականութիւնը փոխեն« ինչ որ ընեն մեզի համար իրականութիւնը« ճշմարտութիւնը մէկ է: Մենք երբեք չենք մոռնար հայ որբին արցունքը« հայ ծերունիին տանջանքը« մոռթուած« բռնաբարուած հայրենակիցներուն արեան կոչը: Մենք այսօր իբր մարդ արարած տարրական նուազագոյն պատիւ ունինք մենք զմեզ մարդ կոչելու« մեզմէ կը խնդրուի յարգել կտակը մեր նահատակներուն: Թքեր եմ անոր երեսին« որ կը մոռնայ այս ամէնը« թքեր եմ անոր երեսին որ այս կամ այն անհեթեթ պատճառներով կը փորձէ անտեսել կտակը մեր նահատակներուն: Մեռելները կը մեռնին երբ որ իրենց երազը կը մեռնի« եւ երբ անոնք մեռնին մեզմէ մասեր կը պոկուին ու կը չքանան: Հռոմը կործանեցաւ երբ մոռցաւ յարգել յիշատակը իր նահատակներուն: …Պատմութեան ընդմէջէն շատ մը կայսրութիւններ« ազգեր ժողովուրդներ« ցեղեր եկան ու անցան« բայց մենք հայ ժողովուրդս բազմահազարեայ այս վեհ ազգը« պատմութեան մրրիկներն ու փոթորիկներն անցեր են մեր վրայէն« տառապած բայց միշտ տոկացած« յաճախ կոտորուած« բայց միշտ վերածուած մնացեր ենք եւ պիտի մնանք հայ մինչեւ այն ատեն« որ ձեզ նման անսակարկ նուիրումով« աննահանջ ոգիով ու աննկուն կամքով հերոսներէ կը բաղկանայ մեր ազգը: Այո° դուք էք այսօրուայ մեր հերոսները« որ անշեղ կը պահէք ձեր մէջ սրբազան հուրը« 21րդ դարու ամէնօրեայ այս կեանքին ձուլման եւ օտարացման ովկիանոսին մէջ ամէն օր կը պայքարիք« կը մարտնչէք« որ մնաք հայ չդաւաճանելով կտակը մեր նահատակներուն: Նահատակներու հոգիները« որոնք կը սաւառնին մեր վերեւ« կը խայտան ի տես այս ներկայութեան որոնք բերկրանքը կ’ըլլան իրենց հոգիներուն:… Ձեր իւրաքանչիւրին երակներուն մէջ կը հոսի հերոսներու արիւնը« ձեր ճակատը օրհնուած է Սուրբ Միւռոնով« իսկ ձեր խիզախ նայուածքները անկասկածօրէն կը յիշեցնեն Անդրանիկը« Նժդեհը« Դրօն« Ռուբէնը« Արամը« Գէորգն ու Սերոբը: Ո՞ւր է այսօր հասած Հայկական Ցեպասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային ատեաններու առջեւ:…Այս հարցը հրատապ հարց մըն է որ կը յուզէ ողջ հայութիւնը իր ամբողջ հատուածներով զգացականօրէն եւ իրաւաբանօրէն մեզի համար անհրաժեշտ է« որ մեծ թիւով պետութիւններ ընդունին Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Ներկայ ժամանակներու հրամայականները եւ ապագայի մեր ազգային տեսիլքը մեզ կը թելադրէ նախ առաջին հերթին հզօրացնել մեր անկախացած հայրենիքը« որն է մեր աչքին լոյսը« մեր տեսիլքներուն տեսիլքը եւ ապա միասնաբար հայ ժողովուրդը իր ամէն զանազան գունաւորումներով« անգամ մը եւս կ’ըսեմ միասնաբար պայքարիլ ամլացող հոգեվիճակներուն դէմ« պայքար ի խնդիր մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքներուն« առօրեայ ու հետեւողական արծարծում մեր անհերգելի եւ արդար պահանջներուն եւ ծրագրուած ու մնայուն մարտակոչ մեր բազմութիւններուն մասնաւորապէս մեր երիտասարդութեան հայ ազատագրական անաւարտ պայքարի լրումին ու յաղթական ելքին ի խնդիր« նաեւ հայ ազատագրական պայքարի մե°ր պատկերացումին ու Հայ Դատի վախճանական մեր անտեղիտալի առաջադրանքի գծով« հետեւողական ու մնայուն պահանջը միացեալ ազատ անկախ Հայաստանի ստեղծման ի գին անհատական թէ հաւաքական անհրաժեշտ բոլոր զոհողութիւններուն ու բոլոր զոհաբերութիւններուն: Ապրէ°ք« ապրի° միացեալ« ազատ« անկախ Հայրենիքը«, ըսաւ տոքթ. Արզումանեան:Այս ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Մեծ Եղեռնին նուիրուած տեսաերիզ մը: Նոյն օրը Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ապրիլ 24ին Շարժայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ:
Քաթարի հայ գաղութը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակը, Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2010ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Քաթարի Ազգային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Երիտասարդական յանձնախումբին: Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան իւրաքանչիւր մասնակից մոմ վառեց ի յիշատակ մեր միլիոնաւոր զոհերուն եւ ստացաւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերաթուղթերու օրինակներ: Օրուան պատգամաբերն էր Սեւակ Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ ամէն բանէ վեր՝ Հայկական հարցը հողային հարց է. այն հողին, որ շաղախուած է աւելի քան երկու հազար տարի հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու արիւնով, ու ոչ մէկ անձ կամ կողմ իրաւունք ունի նսեմացնելու այդ հողին վերատիրանալու մեր կարելիութիւնները: Ան ըսաւ, թէ մայր հայրենիք Հայաստանը եւ ազատագրուած Արցախին նեցուկ կանգնիլը մեր կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն է, կոչ ուղղելով նաեւ կազմելու համասփիւռքեան ներկայացուցչական մարմին: Ինչ կը վերաբերի նախագահ Սարգսեանի որոշումին՝ կասեցնելու թուրքհայկական գործընթացը, Սեւակ Փանոսեան ըսաւ, որ եթէ միջազգային պայմանները չեն արտօներ, որ այսօր այդ տխրահռչակ համաձայնագրերը Ազգային ժողովէն ետ առնուին, կը հասկնանք պարագան, սակայն եթէ օր մը նոյն կէտէն եւ նոյն պայմաններով վաւերացման գործընթացը պիտի շարունակուի, ապա այդ պիտի վրդովմունք պատճառէ շատ մը հայերու: Ան ըսաւ, թէ ճիշդ է որ ներկայի ուժերու հաւասարակշռութիւնն ու միջազգային պայմանները չեն թոյլատրեր, որ այսօր լիակատար յաջողութեան հասնինք, սակայն պայմանները փոփոխական են, ու եթէ մենք լեռներ շարժող հաւատքով եւ երկաթեայ կամքով պայքարինք, ապա օր մը անպայման կը վերատիրանանք մեր Արարատին: Ոգեկոչումը շարունակուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը դիտելով, ապա աւարտեցաւ միասնաբար »Սարդարապատ« երգելով: Ձեռնարկին ներկայ եղան աւելի քան հարիւր հայորդիներ:
Read Time:5 Minute, 12 Second