ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀՐԱԺԱՐՈ՞ՒՄ ԹԷ …ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԿԱՍԵՑՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second

Ծայրայեղ վերլուծումներ, զգացական մօտեցումներ, անտեղի մտահոգութիւններ… Այս, աւելի քան մէկ տարուան ոտնագնդակի քաղաքականութիւնը՝ ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը, բաւական մելան հոսեցուց եւ էջեր մրոտեց: Կիսախա՞ղ, ընդմիջո՞ւմ թէ աւարտ…դեռ շատ բան պիտի գրուի, լսուի եւ խօսուի այս «մրցում»ին մասին:
Հոս, տեղին է մատնանշել թէ Հայաստան Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը չէ ջնջուած, աւարտած եւ վերջնականապէս մէկդի դրուած: Այլ, վերստին մէջբերելով Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը. «Հայաստան Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման ներկայ փուլը համարում ենք սպառած…» յստակօրէն կարելի է մեկնաբանել թէ գործընթացը կասեցուած է:
Հարց տալ. Մինչեւ ե՞րբ այս ընդհատումը, դադարը կամ կիսախաղը (աւելի մօտենալով կանաչ դաշտի օրէնքներուն)…ցնոր տնօրինութի՞ւն:
Ժողովրդական մակարդակի վրայ յաճախ զրոյցներ եւ կարծիքի փոխանակումներ եւ արտայայտութիւններ կը յանգին առողջ ու թափանցիկ ենթադրութիւններու եւ եզրակացութիւններու: Արդէն իսկ կը խօսուի, յառաջիկայ շաբաթներուն ազդանշանը տրուող, եւ քանի մը ամիսներու վրայ երկարող ամառնային արձակուրդին մասին, որ կրնայ տեւել մինչեւ Հոկտեմբեր 2010…այսինքն Ցիւրիխի համալսարանին մէջ, կատարուած արձանագրութիւններու ստորագրման առաջին տարելիցը:
Յամենայն դէպս« այս սպասողական վիճակը՝ «wait and see»ն (սպասել եւ դիտել), առիթ մըն է որ ի գին արդար, համահաւասար եւ արժանապատիւ յարաբերութիւններ ստեղծելու« նոր բանակցութեան գործունէութեան դաշտ ստեղծուի: Այնպիսի արդար հիմերու վրայ պատրաստուած համաձայնագիր մը, որ ըլլայ զուրկ նախապայմաններէ եւ մութ հաշիւներէ: Այս «ճամբու քարտէս»ի ճանապարհին, ի յայտ եկած էր թէ Թուրքիա,Արցախի առնչութեամբ շարունակ միջամուխ եղած էր, փորձած էր իր տեսակէտը արտայայտել« իր միտք բանին լսելի դարձնել եւ այսպիսով դառնալ «տը ֆաքթօ» եւ «տը ժիւրէ» դէտ մը, մասնակիցկողմնակից մը:
Այս սպասողական դադարը, առիթ կ°ընծայէ Հայաստանի որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէ իր արտաքին քաղաքականութեան ընթացքն ու մարտավարութիւնը, նեցուկ կանգնելով ազգային շահերուն եւ դառնալով աւելի ճկուն, պահանջատէր, ողջմիտ ու արդարամիտ:

«Հայրենիք»
Մայիս 14, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles