ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 65ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 25 Second

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

Մեծ հայրենական պատերազմի 65րդ յաղթանակը կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրման 18ամեակին: Այս առթիւ, կատարուեցան տօնակատարութիւններ: Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ վեթերան մարտիկներու մեծարման արարողութիւն եւ զինուորներու շքերթ:
Նոր սերունդն ալ ներկայ էր այս տօնակատարութիւններուն: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մասնակցեցաւ աւելի քան վեց հարիւր հազար հայ« որոնց կարգին նաեւ Սփիւռքէն հայրենակիցներ: Անոնցմէ շատերը փառաւոր ուղի անցան արժանանալով շքանշաններու« մետալներու« սպայական բարձր կոչումներու:
«Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ, ամէն տարի կը նշուի այս օրը: Վեթերաններ կը յիշեն իրենց ոդիսականներն ու անոնց մղած պայքարը: Ռուս վեթերաններ ալ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս հաւաքին: Մոսկուայի մէջ ալ, մեծ մաշտապով նշուեցաւ 65ամեակը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանէն գումարտակ մը: Հայրենական մեծ պատերազմը իւրատեսակ փորձութիւն էր Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն համար« որը հայ ժողովուրդը յաղթահարեց պատիւով: Պատերազմի առաջին օրերէն սկսաւ համընդհանուր զօրահաւաք. արդիւնքը եղաւ խորհրդային բանակի շարքերը համալրել տասնեակ հազարաւոր հայերով: Հայաստանի մէջ ձեւաւորուեցան մի քանի բաժանմունքներ, որոնք հերոսական էջեր գրեցին Հայրենական պատերազմի տարեգրութեան մէջ:
Լենինկրատի (այժմ Սէնթ Փիթըրզպըրկ) պաշտպանութեան գործին մէջ մեծ էր ծովակալ Իսակովի դերը: Պալթեան շրջանի մարտերուն մէջ հերոսաբար զոհուեցաւ Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը: Հայկական զօրամիաւորումները հերոսական մարտեր մղեցին Կովկասի մէջ« եւ գերմանացիներու՝ կովկասեան պաշտպանական շերտը ամէն գնով ճեղքելու փորձերը ապարդիւն անցան: 89րդ հրաձգային՝ յետագային նշանաւոր Թամանեան բաժանմունքը, որու հրամանատարն էր զօրավար Նուէր Սաֆարեանը: Ան Կովկասեան լեռներէն պայքարելով, հասաւ մինչեւ Պերլին:
Տասնեակ հազարաւոր հայ մարտիկներ պատերազմին մասնակցեցան խորհրդային բանակի այլ զօրամիաւորումներով: Հայորդի մարտիկները հերոսաբար ճակատեցան մինչեւ Պերլինի գրաւումն ու նացի Գերմանիոյ վերջնական պարտութիւնը: 76րդ, 89րդ, 261րդ, 380րդ, 408րդ եւ 409րդ բաժանմունքները Եւրոպայի մէջ, տարիներ շարունակ մասնակցեցան զանազան ճակատամարտներու:
Նշելի է հայերու մասնակցութիւնը՝ Մոսկուայի պաշտպանութեան« ուր յատկապէս աչքի ինկան զօրավար Պաղրամեանի եւ մարջախտ Պարսեղովի զօրամասերը: Նաեւ, Մոսկուայի հակաօդային պաշտպանութիւնը ղեկավարած էր օդուժի հանրածանօթ զօրավար Արմենակ Խանփերեանց: Ընդհանուր առմամբ, այդ օրերուն բարձր հրամանատարական կազմէն ներս կը գործէին 60 հայ զօրավարներ« որոնցմէ իւրաքանչիւրը բազմաթիւ ջոկատներ կը ղեկավարէին:
1941էն 1945 թուականներուն, Խորհրդային Միութեան զինեալ ուժերու կազմէն ներս մարտնչած են աւելի քան չորս հարիւր յիսուն հազար հայորդիներ« որոնցմէ եօթանասուն հազարը պարգեւատրուած են շքանշաններով« հարիւր տասնեւեօթ հայ զինուորներ արժանացած են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման, իսկ երեսունվեցը՝ յետմահու:
Նացիական Գերմանիոյ դէմ պատերազմին ընթացքին գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ հայերը պատերազմած են եւ արժանացած շքանշաններու եւ մետալներու: Այսպէս, սոյն պատերազմին աշխուժ ձեւով մասնակցեցաւ նաեւ սփիւռքահայութիւնը: Մասնաւորապէս անոնց հանգանակած միջոցներով ստեղծուեցաւ Սասունցի Դաւիթ հրասայլային շարասիւնը: Շատերը աշխուժութեամբ ներգրաւուեցան դիմադրութեան շարժման մէջ© որոնց կարգին, Ֆրանսայի մէջ Միսակ Մանուշեանի եւ յունական ժողովրդական ազատագրական բանակի շարքերուն մէջ մարտնչած «Ազատութիւն» հայդուկային պայքար մղող ջոկատները:
Մանուշեան ծանօթ է իր կերտած պատմութեամբ: Դեռ անցեալ Սեպտեմբերին, Ֆրանսահայ ձախակողմեան գաղափարներու տէր բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան, երկար ժապաւէն մը պատրաստած էր ի յիշատակ Մանուշեանին որ օրին՝ Փարիզի մէջ, ահ ու սարսափ ստեղծած էր նացի գերմանացի զինուորներուն մօտ:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, պատուոյ յիշատակի ոսկի սուր մը ստացած է Լեւոն Ազարեանը, իսկ Իտալիոյ մէջ, Մկրտիչ Դաշտոյեանը արժանացած է ազգային հերոսի կոչման: Ամերիկահայութիւնն ալ անպակաս մնացած է այս յոյսի ասպետներէն: Արդարեւ, Քոնկրէսի պատուոյ մետալով պարգեւատրուած է Երուանդ Տէրվիշեանը« իսկ պղնձեայ աստղանշանով պարգեւատրուած է Ճորճ Պետրոսեանը: Միւս կողմէ, Ժիրայր Զարգաւաթեանին շնորհուած պարգեւը անձամբ յանձնած է նախագահ ֆրանքլին Ռուզվելթը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles