0 0
Read Time:12 Minute, 57 Second

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նամակատան միջոցով բժիշկիս գրասենեակէն արեանս քննութեան արդիւնքը հազիւ ձեռքս անցած ու տակաւին հազիւ անոր էջերուն վրայ »աչք« մը նետած, արդէն մեր տան մէջ կարծես նոր յեղափոխութիւն մը ծագած էր: Ներքին դիրքերու, պաշտօններու յստակ յեղաշրջում մըն էր այս մէկը: Կը զգայի:
Գլխուս գալիքը յստակ էր, որովհետեւ »մերոնք«, տունով տեղով, արեանս քննութեան արդիւնքի այդ թիւերէն մեկնած, իրենք զիրենք ինքնակոչ նոր իշխանաւորներու շարքին դասած, սկսած էին զիս անօրինակ ու նոյնքան ալ ծանր հրահանգներու տակ դնել եւ տեսակ մը անյայտ կապանքներով սահմանափակել ցարդ ունեցած »իրաւասութիւններս« եւ ազատութիւնս:
Մէկ խօսքով, մեր տան մէջ կը կարծէի, որ արդէն իսկ կորսնցուցած էի իմ ունեցած կամ վայելած տեսակ մը »մեծաւորի« դիրքս, ղեկս եւ կամ ինչպէս որ կ’ըսուի՝ իշխանութիւնս:
Անշուշտ այս բոլորին ետին կնոջս »մատը« կը տեսնէի: Ան էր, որ »մերինները« կը համոզէր ու կ’առաջնորդէր: Այլ խօսքով, այս բոլոր շարժումներուն հեղինակը միայն ինքն էր, իսկ միւսները՝ ինծի համար պարզապէս անմեղ հետեւորդներ էին, եթէ կ’ուզէք մէկական թութակներ, որոնց խօսքերը կրկնութիւններէ աւելի չէին անցներ:
Արեւու նման յստակ էր, որ կնոջս թելադրանքերուն եւ կամ քաջալերանքներուն իբրեւ հարազատ արդիւնք, բոլորն ալ այսպէս »լեզու« ելած էին:
Մեծ մանչէս մինչեւ պզտիկը, հարսերէս մինչեւ հազիւ չորս տարեկան թոռնիկս, յանկարծ մէկական բժիշկներ դարձած, սկսած էին հրահանգի նոր ու տարբեր ոճով մը, առատօրէն խորհուրդներ թափել գլխուս:
Ինծի համար գայլի աւետարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէին այս բոլորը, իրենց զանազան գիտական մօտեցումներով, օրինակներով եւ բժշկական տեսութիւններով, որոնք երբեմն ալ, ինչ մեղքս պահեմ, նոր վախի մը ազդեցութեան տակ զիս կը պահէին:
Բայց, այս բոլոր արտայայտութիւնները, ցուցմունքներն ու արգելքները յստակ եւ յայտարար նշաններ էին մերիններուն ինծի հանդէպ ունեցած անսահման հոգածութեան ու մանաւանդ մտավախութեան:
Այս մէկը իսկապէս, որ ինծի համար մեծ բարենիշ մըն էր, զիս չափէն աւելի շփացնելու աստիճանին հասցնող գովաբանութեան մը նման:
Միւս կողմէ, սակայն, բժիշկիս ինծի ղրկած այդ երկու էջնոց թուղթերուն վրայ արձանագրուած թիւերը այնքան ալ մտահոգիչ չէին գտած:
Ճիշդ էր, որ արձանագրուածներուն մէջ շատ յստակ ու կարմիր մելանով նշուած էր արեանս ճնշման բարձր թիւը, բարձր աղտոտ »քոլէսթրոլ« ունենալս ու ասոր հակառակ՝ ցած թիւով »լաւ քոլէսթրոլ«ս եւ աւելին՝ բարձր չափանիշով շաքարս, նոյնքան բարձր՝ աղ ունենալս, բայց տեղեկագրի վերջին տողին վրայ, բժիշկս երկու ամիս ետք զիս կրկին անգամ տեսնելու յանձնարարական մըն ալ աւելցուցած էր:
Այս մէկը արդէն ուրախ լուր մըն էր:
Թէեւ արտաքնապէս իր դասարանին ամէնէն բարձր նիշերը ստացող աշակերտի մը կը նմանէի, բայց միւս կողմէ իսկապէս մտահոգուած էի եւ նոյնիսկ լռելեայն՝ խեղճացած: Գունաւոր գիրերով արձանագրուած այդ տողերը, տնեցիներուս, մէկ խօսքով գլխուս քարոզ կարդացողներուն ցոյց տալով համոզել կը փորձէի, որ ճիշդ էր. թէեւ ես զանազան քարերով հարուստ շարժական հանք մըն էի, սակայն վիճակս այնքան ալ մտահոգիչ չէր, որովհետեւ բժիշկ կոչուած բախտագուշակս, երկու ամիս ժամանակամիջոց մը սահմանած էր ինծի համար:
Էհ, մինչեւ երկու ամիս՝ ինչեր կրնային պատահիլ աշխարհի վրայ: Աստուած մեծ է: Հիմա ողբալու ժամանակը չէր:
Բայց որո՞ւ կ’ըսես, կամ կը փորձես համոզել: Անօգուտ:
Ինչ մեղքս պահեմ, սատանային ականջը խուլ՝ տակաւին ապրելու մեծ յոյսեր ունէի. առաւելագոյնը գոնէ երկու ամիս: Եթէ ամէնօրեայ ճաշացուցակիս մէջ ես անձամբ քիչ մը աւելի զգուշաւոր ըլլայի, հաւանաբար շատ մեծ հաւանութիւններ պիտի ունենայի, այդ սարսափելի թիւերը հիմնովին յեղաշրջելու եւ կամ զանոնք նոր ու արագ մը փոփոխութիւններու ենթարկելու:
Ուրեմն տնեցիներուս այդ շարժումներն ու որոշումները քիչ մը չափազանցուած կը գտնէի:
Բայց իմ արդարացումներս կամ բացատրողական ճիգերս ինչեր ալ ըլլային կամ ինչ մօտեցումներ ալ որդեգրէին տան մէջ յստակօրէն իմ խոհանոց անցնիլս կամ երթալս ու հոն երկար մնալս, սառնարան բանալս, այլ խօսքով ուտելիքներս սահամանափուած էին: Ամէն ուտելիք կապանքի տակ առնուած էր: Այս ազատ երկրին մէջ, ես իմ տանս մէջ տեսակ մը գերի դարձած էի: Մերինները, իւրաքանչիւր քայլափոխս հսկելով, իսկապէս զիս խոշորացոյցի տակ առած էին:
Այս մէկը սրտնեղութիւն ալ կը պատճառէր: Բայց…:
Ուղղակի »Խորհրդային Միութիւն«: Ստալինեան ռէժիմ: Ո՞ւր կ’երթաս. ի՞նչ կ’ուտես. հերիք ուտես. հոն խոհանոցը ի՞նչ կ’ընես: Եւ տակաւին՝ կարագ, հաւկիթ, պանիր, կաթ եւ կամ խմորեղէններ, յանկարծ մեր տան սառնարանէն »համբարձան«, »շոգիացան«, չես գիտեր ինչեր եղան եւ չես գետեր ուր գացին:
Ինծի համար նոյնիսկ նման բաներու մասին արգիլուած էր երազել: Իսկապէս միահեծան պետութեան մը հովանիին տակ կ’ապրէի:
Ասոնց վրայ պիտի աւելնային անշուշտ ամէնօրեայ նոյնանման հարցումները.»պա°պ, ինչպէ՞ս կը զգաս« կամ »արեանդ ճնշումը ո՞ւր հասած է«, եւ կամ »շաքարդ չափա՞ծ ես«, »այսօր ինչեր կերած ես«:
Ու ես, այս նոր իրավիճակին պատճառով, թէեւ քիչ մը աւելի խեղճացած էի, բայց առանց չափազանցութեան արդէն կը կարծէի, որ մէկ շաբթուան մէջ 10 փաունտ ծանրութիւն, եթէ ոչ աւելին՝ կորսնցուցած էի:
Աստուծոյ պէտք է փառք տաս. ուրիշներ տոլարներ կը ծախսեն, ձեռքերնին չանցնիր, դուն՝ ձրիաբար նիհարցար, այսպէս էին մերիններուն »գնահատականներն« ու »քաջալերականները« ի տես իրենց »մէթոտներով« նիհարնալուս:
Այս ձեւի յայտարարութիւններն ու հարցումները կարծես աւելի պատճառ կը դառնային, որ արեանս ճնշումը մնար իր բարձրութեան վրայ, յամարօրէն:
Բայց որոշած էի միշտ ժպիտով ու ծիծաղով դիմաւորել ամէն »յարձակում« կամ խօսք որովհետեւ ուրիշ ելք չունէի: Անհամբեր կը սպասէի բժիշկիս հանդիպելու ճշդուած թուականին:
Ու տակաւին մարդիկ կան, որոնք կ’ըսեն, թէ վերը Աստուած չկայ: Ինչպէս թէ…:
Եւ ահա ժամադրութեանս որոշուած թուականէն օր մը առաջ, յանկարծ բժիշկիս գրասենակէն կանչուեցայ: Հիւանդ մը իր ժամադրութիւնը փոխած ըլլալով, զիս իր տեղը պիտի ընդունէին:
Հաւատացէ°ք, ինձմէ ուրախը չկար, անոր համար վայրկեան մը առաջ, իր խոստումը յարգողի մը նման, մտայ բժիշկիս գրասենակը:
Անմիջապէս դիմեցի սպասման սենեակին փոքր պատուհանը, առանց նոյնիսկ հոն տեղ գրաւած ներկաներուն ուշադրութիւն դարձնելու:
Քանի մը հայ բժիշկներու համախմբումով բժշկական այս կեդրոնին մէջ, իւրաքանչիւր հիւանդ իր նախասիրած բժիշկը ունէր: Բժիշկն իր կարգին իր առանձին անձնակազմը:
Ահա խճողումին գլխաւոր պատճառը:
Բժիշկիս ընդունման յատուկ պաշտօնեան Աննան էր: Բաւականին գիրուկ, աւելի ճիշդ ողորմած հօրս բացատրութեամբ՝ »շատ առողջ« հայուհի մըն էր, որ ինծի համար անցնող երկու ամիսներուն, մեր տան հանդարտ ու սովորական մթնոլորտի յեղաշրջման գլխաւոր պատճառը հանդիսացած էր:
Ճիշդ էի, եթէ ինք արեանս արդիւնքը տուն ղրկած չըլլար, ես այսքան տագնապներէ եւ ըսի ըսաւներէ պիտի չանցնէի:
Բայց Աննան իրեն ինկած պարտականութիւնն էր, որ կատարած էր:
Բարեւ Աննա ճան, ըսի ոչ միայն քիչ մը շատ մտերիմ, այլեւ իբրեւ նուէր՝ նոյնիսկ դէմքիս վրայ լայն ժպիտ մըն ալ գծեցի:
Պարեւ Բետիկ ճան. ոնց ես. աբեր:
Ոչինչ, արագ մը պատասխանեցի ճիշդ իրեն հետեւողութեամբ. ու »ոչ լաւ եմ եւ ոչ ալ վատ« մը աւելցուցի, քիչ մը մտահոգ, սակայն առանց չորս կողմս նայելու:
Խի, արագ մը ըսաւ Աննան, ինքն ալ թեթեւ մը ժպտելով:
Հաճիս զիս երկար մի պահեր… անցեալ անգամ երկու ժամ կարգի սպասեցի, ըսի նիւթիս անցնելով, գրեթէ աղաչական ոճով:
Ոչինչ, կեզ էրկար կը վայելենք, հերիք… կատակես, հիմա լսողները իրաւ կը կարծեն. ըսաւ Աննան. իր դէմքին վրայ իր գծած ժպիտին տարբեր լրջութիւն մը տալով. լսի°ր, աւելցուց. կեզմէ առաջ միայն մէկ հիւանտ կայ. ու աչքով նշան ըրաւ որ տեղ մը նստիմ:
Այսչափ միայն ու շարունակեց իր աշխատանքը:
Համոզեց: Ու ես ալ պէտք էր որ համոզուէի: Ուրիշ միջոց չունէի:
Դարձայ դէպի հիւանդներուն կողմը:
Աստուած իմ. մարդկային »պազար« եւ աւելի ճիշդ »Լոս Անճելըսեան« սփիւռք: Այսչափ հիւանդ հայեր ունինք եղեր մը, մտովի ըսելով, անմիջապէս ծայրի պարապ աթոռը գրաւեցի: Ուրիշ տեղ չկար: Խելոք մը նստեցայ:
Նախ երկար շունչ մը քաշեցի: Իսկապէս, ամէն սրտով կ’ուզէի հաւատք ընծայել Աննային խօսքերուն: Յիշեցի, որ այս աղջիկը զիս ամէն անգամ նոյն ձեւով համոզած էր:
Չեմ գիտեր արդեօք դարձեալ խաբուա՞ծ էի:
Դժբախտաբար հետս ոչ մէկ զբաղում բերած էի: Ոչ գիրք եւ ոչ ալ թերթ եւ ոչ ալ նոյնիսկ պարապ էջ մը թուղթ: Նոյնիսկ սովորութիւն չունէի գրասենեակին »ժուռնալ«ները թղթատել, այն մտահոգութիւնէն մեկնած, թէ հազարաւոր հիւանդ մատներ արդէն ինձմէ առաջ դպած պիտի ըլլային ու »միքրոպներ«…:
Ուստի անգործի մը նման, ինքզինքս զբաղեցնելու համար, սկսայ շուրջս դիտել: Աջիս՝ տարիքոտ կին մը հեռաձայնով իր տղուն հետ բաւական բարձր կը խօսէր: Անոր մօտ հայ մայրիկ մը իր խօսքերուն եւ կամ բացատրութիւններուն քիչ մը անգլերէն, քիչ մը հայերէն ու ինչու չէ քիչ մըն ալ թրքերէն բառեր խառնելով, իր մօտը նստած մեքսիքացի կնկան, նոյնիսկ ձեռքերու շարժումներով իր ունեցած հիւանդութիւնը կը բացատրէր: Անկէ քիչ մը անդին, մեղայ… ինձմէ աւելի տարիքոտ պապիկ մը՝ կը խռկար:
Քննական ակնարկիս վերջ մը տալէ ետք, սկսայ այս անգամ ինքզինքս համոզելով զբաղուիլ:
Իմ կարգս շուտ պիտի հասնի.. միայն մէկ հոգի.., կ’ըսէի մտովի ու մանուկի մը միամտութեամբ ինքզինքիս համբերութիւն կը պարտադրէի:
Հազիւ քննական ակնարկս աւարտած էի, յանկարծ դէպի բժիշկին քննութեան սենեակը առաջնորդող դուռը արագ մը բացուեցաւ:
Ճամբայ …ճամբայ տուէք… գրեթէ կը պոռար սեւամորթ հիւանդապահուհի մը, որ ճերմակ մազերով, դեփ դեղին դարձած հիւանդ մը անիւով աթոռի մը վրայ նստեցուց զինք կամաց կամաց եւ զգուշաւոր դէպի դուրս կը բերէր:
Փոքր սրահը յանկարծ մեծ եւ անտեղի աղմուկով մը լեցուեցաւ: Բոլորն ալ կ’ուզէին տեղեակ ըլլալ, թէ ինչեր կը պատահէր այս խճողուած սենեակէն ներս:
Վայրկեանի մը համար բոլորը կարծես ականատես պիտի ըլլային անհամ իրավիճակի մը:
Իմ կարգիս ոտքի ելայ, ու աթոռս առաջարկեցի:
Պարոն Ֆիլիփ, հո°ս նստեցէք, ըսաւ հիւանդապահուհին, իր կարգին վախցած ձայնով մը. եւ ապահովցուց թէ »հիմա շտապ օգնութեան մեքենան կը հասնի«:
Պարոն Ֆիլիփ նստեցաւ: Մարդը շատ արագ կը հեւար: Մահուան գոյնը յիշեցնող վախնալիք դէմք մըն ալ ունէր:
Հէյ, Սէալի, յանկարծ Ֆիլիփ, իր այդ հեւքոտ վիճակովը խօսեցաւ, զինք սրահ առաջնորդող աղջկան: Սրահը լռեց, աւելի լաւ լսելու այդ հիւանդագին մարդը:
Նայէ°, գիտեմ, որ յղի ես, բժիշկս ըսաւ. խոստացիր, որ նորածինը իմ անունս պիտի կրէ:
Ֆիլիփ փորձեց խնդալ: Նոյնը Սէալին, որ արագ մը ներս անցաւ:
Ներկաները կարծես բան չհասկացան:
Խնդացի նաեւ ես, որ իր այս վիճակին մէջ իսկ Ֆիլիփ կրնայ կատակել: Հակառակ այս մէկուն, տակաւին սրահը, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Ֆիլիփի կողմը:
Ո՞վ է. ի՞նչ կ’ուզէ. ի՞նչ եղած է. ի՞նչ պատահած է. եւ նման հայերէնով աւելորդ պակաս արտայայտութիւններ կը հասնէին ականջիս, մարդուն մօտ ոտքի կեցած միջոցիս: Հետաքրքիր եզրակացութիւններ՝ ինքնածին ենթադրութիւններով:
Զգացի, որ Ֆիլիփի աթոռին շատ փակած էի, անզգալաբար: Ֆիլիփ հիւանդը քիչ մը »շունչ առնելէ« ետք, նախ չորս կողմը նայեցաւ ու երկար մը քննելէ ետք յանկարծ բարձր ձայնով ըսաւ.
Ինչ է, հոս մեռելատուն է. թէ ոչ բժիշկի գրասենեակ. ըսաւ եւ քիչ դադարէ ետք շարունակեց. մէյ մը ձեր դէմքերուն նայեցէ°ք, ժպիտ մը իսկ չկայ: Եթէ նեղուող մը կայ. ան ալ ես պէտք է որ ըլլամ, հիմա զիս պիտի գան եւ տանին…»օբըն հարթ«ի…:
Ֆիլիփ կրկին անգամ իրարու ետեւէ շունչ քաշեց:
Սրահը չխնդաց: Հաւանաբար լաւ չհասկացաւ կատակող Ֆիլիփին սրամիտ խօսքերը: Միակ խնդացողը ես ու պաշտօնուհիներն էինք:
Պրաւօ մը ըսի, մտքէս: Մարդը իր այս ծանր վիճակին մէջ իսկ, տակաւին կը փորձէ մթնոլորտ ջերմացնել: Եթէ մեզմէ մէկը իր տեղը եղած ըլլար, շատ հաւանաբար արդէն իր վախէն շատոնց անդիի աշխարհ հասած պիտի ըլլար:
Իր այս խօսքերէն քաջալերուած կամաց մը դէպի Ֆիլիփին ծռելով հարց տուի իր կացութեան մասին:
Հիւանդը շատ համարձակ, սակայն միշտ հեւալով պատմեց իր վիճակը, միշտ իր աչքը պահելով դրան վրայ, ուրկէ պիտի յայտնուէին շտապ օգնութեան մարդիկը:
Ուրեմն 74 տարեկան Ֆիլիփ այսօր եկած էր քննութեան: Կինը զինք հո°ս, բժիշկին գրասենեակը ձգած էր ու ինք »շափինկի« գացած էր:
Ճիշդ ամերիկեան հոգեբանութիւն:
Ու իր չար բախտէն, յանկարծ ներսը, Ֆիլիփ անօրինակ ու ծանր »բաներ մը« զգացած էր եւ ահա բժիշկը կապ պահելէ ետք մօտակայ հիւանդանոցին հետ, որոշած էր զինք փոյթով հոն ղրկել: Նոյն պահուն, ան թելադրած էր նաեւ հիւանդանոցի գործողութեան սենեակն ալ պատրաստեն, որովհետեւ մէկ ամսուայ մէջ այս անգամուանը՝ երրորդն էր:
Հարցը բաւականին լուրջ ըլլալով հիմա ուղղակի գործողութեան սենեակ պիտի տանէին:
_Լըսըն, ման, ըսաւ Ֆիլիփ ինծի դառնալով, ինչ է անունդ:
Ճորճ, ըսի արագ մը, ու ականջս լարեցի, որ յստակ լսեմ:
Նայէ, այս բոլորը իրենց կեանքին իմաստը տակաւին չեն հասկցած: Եկած են կարծես պիտի մեռնին: Եթէ մեռնող մը կայ ան ալ ես եմ: Բայց պիտի չմեռնիմ:
Դարձեալ խնդալ փորձեց: Ես ալ հետեւեցայ:
Ըսէ, ի՞նչ է կարծիքդ… ես չեմ գիտեր այս վիճակովս վաղը թենիս ուր պիտի կարենամ խաղալ, հո՞ս, թէ ո°չ վերը՝ միւսներուն քով:
Բաւական քաջութիւն եւ ջիղ կ’ուզէր նման պարագայի մը մէջ գտնուողի մը համար այսքան »թեթեւ հոգի« ունենալը: Մարդուն կատակը եւ սակայն սրամիտ խօսքերը զիս գրաւեցին ու տեսակ մը յանդգնութիւն տուին: Ուստի արագ մը պատասխանեցի
Վաղը բժիշկիդ հետ թենիս պիտի խաղաս…բայց կը կարծեմ, որ եթէ կինդ փոխես. ամէն օր պիտի կարենաս թենիս խաղալ, որովհետեւ սիրտդ պիտի լաւանայ:
Ըսի ու խնդացի: Բան մըն էր ըսի: Գիտէի, որ ըսածս թեթեւ »ճօք« մըն էր, մթնոլորտ ստեղծող խօսք մը. որ շատ յաճախ, զանազան առիթներով, մտերիմներուս ըսած էի:
Մէկ խօսքով անմեղ եւ միւնոյն ժամանակ սրամիտ նախադասութիւն մըն էր իմ արտայայտութիւնս. կ’ըսէի մտովի եւ հաստատօրէն զիս լռելեան քաջալերողը Ֆիլիփն էր:
Ի՞նչ, ըսաւ Ֆիլիփ, նոյն եւ նախկին հեւքոտ ձայնով:
Կինդ փոխէ°, սիրտդ կը լաւանայ. ըսի լայն ժպիտով մը, աւելի համարձակ քան երբեք:
Հիւանդ Ֆիլիփս, գրեթէ մահամերձ կարծուած այդ մարդը, նախ ինծի նայեցաւ. հաւանաբար մտովի ըսելով, որ ո՞վ էր այս անծանօթը, որ այսպէս կը խօսէր: Թերեւս ալ զիս խենթերու շարքին դասած էր: Չեմ գիտեր:
Յանկարծ նշմարեցի, որ իր այս հեւքոտ ու ծանր վիճակին մէջ Ֆիլիփի բերանը կամաց կամաց սկսաւ բացուիլ: Մարդը նախ ժպտաց: Յետոյ ժպիտը լայնցուց. մեծցուց: Ժպիտը մեծցաւ ու բարձրաձայն խնդուքի վերածուեցաւ:
Թերեւս մէկ ժամ ետք սրտի գործողութեան ենթարկուելիք այս նոր խօսակիցս իսկապէս սկսած էր բարձրաձայն խնդալ: Ուրեմն կատակս իր նպատակին հասած էր եւ արձագանգ գտած մարդուն ուղեղին մէջ:
Բայց հակառակ այս իրականութեան ինծի համար այս խնդուքը քիչ մը շատ անօրինակ երեւցաւ: Թէեւ ուրախ էի, որ գոնէ մարդը իր այս վիճակին մէջ կրցած էր հասկնալ »ճօք«ս խնդուքով մը զայն գնահատել:
Բայց յանկարծ կացութիւնը հիմնովին փոխուեցաւ: Ֆիլիփի դէմքը սկսաւ աւելի դեղնիլ: Խնդուքը, այդ կիսկատար ձայնային անշնորհք շարանը, կարծես զինք դէպի մահուան սկսած էր առաջնորդել:
Աստուած իմ այս ինչ փորձանք էր: Մարդը »ձեռքէ ոտքէ« ելած էր: Կարծես, մարդը արդէն հասած ըլլար իր մահուան դուռը: Անոր համար ինքնածին.
Օգնութիւն, օգնութիւն պոռացի:
Մարդուն շունչը աւելի կապուած էր: Կարծեցի, որ հիմա իր վերջին շունչը պիտի փչէր, »օգնութիւն« պաղատեցայ:
Ակնթարթի մը մէջ, բոլորը հասան, հիւանադապահուհիներ եւ բժիշկներ: Օքսիժէն բերին ու քիթին կապեցին: Նստեցուցին:
Ինծի համար շատ յստակ էր, թէ այս մարդուն վերջին վայրկեաններուն իրաւ ականատես մը պիտի դառնայի: Բժիշկները, մէկր միւսին հետեւելով սկսած էին լուրջ աշխատանքի: Կեանքի եւ մահուան պատերազմ մը սկսած էր մղուիլ:
Քիչ մը հեռուն կեցած սկսայ տեսարանը դիտել:
Նախ Ֆիլիփի քիթին բաներ մը քսեցին, կրկնեցին այս արարողութիւնը: Մարդը արթնցաւ: Ցնցուեցաւ: Արմուկին ասեղ մը սրսկեցին: Բազկերակը չափեցին եւ սպասեցին:
Ֆիլիփ վերջապէս աչքերը բացաւ, »նաթինկ, թանք եու, նաթինկ«, շարունակ կրկնելով:
Ապա, իր այս խղճալի վիճակին մէջ, հազիւ ինքզինք գտած, Ֆիլիփ զիս փնտռելով փորձեց խօսիլ.
Ճորճ, ման, եու ար ֆանի կայ, մէն:
Չորս կողմս նայեցայ: Ճիշդ քիթիս տակ կեցած էր Աննաս:
Հէլէ մի կողմ կաց. ըսաւ, ուղղակի հրանհանգելով եւ ձեւով մըն ալ զիս անդին հրելով: Զգացի, որ սխալ բան մը կար: Բայց կողմի հարց չկար, արդէն ես հիւանդէն հեռու, կենալով բաւական լայն տեղ տուած էի:
Տեսա՞ր ինչ առեցիր. դարձաւ ինծի Աննան, նոյն կոշտութեամբ:
Ուրեմն յստակ էր: Իր այս շարժուձեւերէն կարելի էր հետեւցնել, թէ այդ սենեակին մէջ մէկ հատ յանցաւոր կար. ան ալ ես էի:
Իմ եւ Աննային աչքերը կրկին իրար հանդիպեցան:
Աստուած իմ, այդ ինչ նայուածք էր: Վախազդու եւ սարսափելի: Աննան, մէկ կողմէ Ֆիլիփի բազկերակը բռնած, իսկ միւս կողմէ այնպէս ծուռ ծուռ ինծի կը նայէր, որ կարծես հիմա զիս պիտի »ուտեր«:
Իր դէմքին վրայէն եթէ այդ վայրկեանին ճանճ մը վար իյնար, հաւատացէք, որ կտոր կտոր պիտի ըլլար: Խիստ էր եւ անողորմ:
Աչքերուս չէի կրնար հաւատալ, որ այդ գիրուկ աղջիկը ինծի հետ այսպէս վարուէր: Ուստի վիրաւորուած զգալով, որոշեցի ձեւով մը ինքզինքս արդարացնել, սխալ տպաւորութիւն չձգելու համար:
Սակայն, ո՞վ էր ինծի արդարանալու իրաւունք տուողը:
Աննա՞ն: »Վրաս գրէ«:
Այս իրարանցումին մէջ, վերջապէս լսուեցաւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժին ձայնը:
Աննան խոր շունչ մը քաշեց ու ինծի դառնալով ըսաւ, գրեթէ յանդիմանական.
Էս, ըրածդ կեզի կը վայելէ՞.
Ինչու, ինչ ըրի որ , ըսի նոյն արագութեամբ եւ ինքնարդարացումի ոճով:
Ինչ պիտի ընէիր. յիշի°ր, ըրածդ կատակ չէր, այլ իշու կատակ. հասկացի°ր իշու:
Ի՞նչ, ըսի քիչ մը աւելի ջղային եւ յուզուած:
Արժանապատուութեան հարց էր, անոր համար վայրկեանին մտքէս անցաւ դուրս գալ սենեակէն:
Ո°չ բժիշկ եւ ոչ ալ մժիշկ. գլուխնին անցնի, մտովի կը կրկնէի. այս ինչ վիճակ է:Այսքան վարկաբեկում քիչ մը շատ է: Տունը հասկացանք. հո՞ս ալ:
Այս ի՞նչ »բախտաւոր« մարդ մըն էի. ես ալ չէի գիտեր:
Յանկարծ յիշեցի տունս ու տնեցիները: Եթէ գրասենեակը ձգելով հեռանայի, հապա ի՞նչ պատասխան պիտի տայի անոնց, այն փոքր »բանակին« որ հիմա ինձմէ պատասխան կը սպասէր:
Անոր համար համբերեցի: »Շիշման« Աննային ըսածները կլլեցի: Յայտնի էր, որ իսկապէս բարկացած էի:
Մտի°ր, յանկարծ լսեցի Աննայի հրահանգը, հիմա հերթը քոնն է. ըսաւ զիս իմ մտածումներէս բաժնող ձայնով մը:
Փառք Աստուծոյ, կարգս հասած էր: Բժիշկս պիտի տեսնէի:
Արագ մը բացի դուռը, մինչ Ֆիլիփ, անիւներով պատգարակի մը վրայ պառկեցուցած արագ մը դուրս կը բերէին, տակաւին ականջիս մէջ կ’արձագանգէր անոր ձայնը »Ճօրճ, եու ար րըլի ֆանի«:
Ֆանի՞. հա°, եկուր այդ մէկը Աննային հասկցուր, ըսի մտովի ու քննութեան սենեակ մտայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles