ԿԱՐԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ

0 0
Read Time:59 Second

Վանկարտ (Օքալա, Ֆլորիտա) երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի փայլուն աշակերտներէն՝ Կարէն Մանուկեան (18 տարեկան), վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ շրջանի »Պիկ Սփրինկզ« մրցանքին եւ առաջին հանդիսանալով, հասաւ յաջորդ հանգրուանին, որ Սան Խօսէի (Քալիֆորնիա) մէջ կատարուելիք ուսողութեան եւ ճարտարագիտութեան միջազգային՝ մրցանքն է:
Ֆլորիտա նահանգը ներկայացնելով, Կարէն Մանուկեան յայտնեց թէ ծրագիրը, որուն վրայ երկու տարիներ շարունակ աշխատած է, կը ներփակէ ելեկտրական յատուկ գործիք մը՝ electrohydrodynamic thruster, որ կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել ձգողական ուժի բնագաւառէն (antigravity technology) ներս: Սոյն ուսումնասիրութիւնը կը կատարուի ամերիկեան բանակի գիտաուսումնասիրական կեդրոնին եւ Ազգային Օդային եւ Անջրպետային Հիմնարկին՝ NASAին կողմէ:
Ան փորձեր կատարեց եւ փաստեց թէ վերոյիշեալ հիմնարկին ուսումնասիրութիւնները սխալ ընթացքի մէջ են: Ֆլորիտա տեղի ունեցած մրցումին, Մանուկեան երկրորդ հանդիսացաւ, ֆիզիագիտութեան եւ աստղագիտութեան մասնաճիւղէն ներս:
Վանկարտ երկրորդական վարժարանի քիմիագիտութեան ուսուցիչ եւ գիտական մրցումներու կազմակերպիչ Պոպ Հոքի գովասանքով արտայայտուեցաւ Մանուկեանի մասին. »Փոխանակ ուսումնասիրելու այն ինչ որ փաստուած է, անոնք գիտական ուսումնասիրութիւններու նոր շեմերուն կանգնած են«: Մանուկեան այս նիւթին մասին անդրադառնալով, ըսաւ. »Քեզ կը մղէ դասարաններու գիրքերէն անդին«: Կարէնին հայրը՝ Արա Մանուկեանը յայտնեց որ իր ընտանիքը շատ հպարտ է եւ »Մենք շնորհակալ ենք շրջանի դպրոցական յանձնախումբէն, ոչ միայն մեր զաւակին համար, այլ գիտութիւնը առաջ մղելու եւ երիտասարդութեան մօտ բերկրանք ստեղծելու համար: Հետեւաբար, մենք կը գնահատենք անոնց կատարած օժանդակութիւնները՝ գիտական մրցումներուն«:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles