Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որ սկսած էր Մայիսին Երեւանի մէջ, ապա երկու օր ետք շարունակուած՝ Ստեփանակերտի մէջ, աւարտեց իր աշխատանքը:
Այս գծով, Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ նախանցեալ օր Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Այս վերջինը, ներկայացուցած է պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումները Արցախեան տագնապի լուծման գծով եւ մատնանշեց ներկայ հանգրուանի ընելիքները: Ըստ Ղուլեանի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը երբեք չեն կրնար քննարկման առարկայ դառնալ, բացի անկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է վերադառնայ Արցախեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթ: Հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է պայքարիլ այն վտանգաւոր պնդումներուն դէմ, թէ տարածքներու վերադարձը խաղաղութեան հաստատման պիտի յանգեցնէ, ընդհակառակն՝ զիջումները պատերազմի հաւանականութիւնը կþընդլայնեն:
Նշենք թէ խորհրդաժողովի պատուիրակները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին պատուիրակները Բակօ Սահակեանին ներկայացուցին Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքը, մասնաւորաբար՝ ուղղուած Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ երկրին զարգացման: Այս առումով կողմերը կարեւոր նկատեցին Ստեփանակերտի օդակայանի վիրաբացման եւ այլ երկիրներու հետ անմիջական յարաբերութիւններու հաստատման աշխատանքները: Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
***
Երեւանի «Էրեբունի Փլազա» կեդրոնի սրահին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու հերթական խորհրդաժողովի հանդիսաւոր խորհրդաժողովը: Իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող խորհրդաժողովը արդէն երրորդն է, որ կը գումարուի հայկական երկու պետութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի մայրաքաղաքներուն մէջ: Օրակարգի գլխաւոր հարցերն են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հատուցումը եւ Արցախի հզօրացումը: Խորհրդաժողովին նպատակն էր միջազգային իրադարձութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներու ներկայ հանգրուանին անդրադառնալ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի ռազմավարութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու ընելիքներուն:
Մայիս 6-10-ին տեղի ունեցող խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ դատի յանձնախումբերու անդամներ, գրասենեակներու պատասխանատուներ եւ Հ.Յ.Դ. աշխարհի տարբեր երկիրներէ, մարմիններու ներկայացուցիչներ՝ Անգլիայէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Արցախէն, Աւստրալիայէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Պրազիլէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Գանատայէն, Հայաստանէն, Հոլանտայէն, Յունաստանէն, Ուրուկուէյէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Կիպրոսէն եւ Շուէտէն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ խորհրդաժողովը առիթ մըն է անգամ մը եւս համադրելու Հ.Յ.Դ.-ի աշխատանքները, կատարելու անհրաժեշտ արժեւորումներ եւ նախագծելու յառաջիկայ քաղաքական ուղեգիծը: Ըստ անոր, Հայ դատի յանձնախումբերը այն ուժն են, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը կապեն սփիւռքահայ համայնքներուն եւ Հայաստանի հայութեան հետ: Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր նկատեց հայկական երկու մայրաքաղաքներուն մէջ խորհրդաժողովի կայացման հանգամանքը՝ նշելով, որ Հայ Դատի յանձնախումբերուն միջոցով է, որ համահայկական ներուժը կը կեդրոնանայ եւ կþապահովուի հայութեան՝ իբրեւ ամբողջական ուժի ներկայութիւնը աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ:
Մկրտչեան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցի յստակ նպատակներ ունեցող համակիրներու զանգուած մը, որ կը հաւատայ, թէ հայ ժողովուրդին բնական իրաւունքն է ունենալ միասնական, ուժեղ, մեծ պետութիւն:
«Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւններուն ուժեղացումով է, որ կարելի է համահայկական ներուժ կերտել: Մենք կը հաւատանք որ մեր ուժին մեծագոյն եւ զօրաւոր աղբիւրը մեր սփիւռքահայ համայնքներն են, եւ այս ճամբով է, որ մենք քայլ առ քայլ պիտի հասնինք մեր նպատակներուն:21-րդ դարուն քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ մենք կþուզենք ըլլալ հպարտ, տէր մեր իրաւունքներուն, սեփական կեանքը բացայայտօրէն յայտնող եւ այդ ճամբով հետեւողականօրէն գացող ժողովուրդ», նշեց Մկրտչեան:
Ընկ. Արմէն Ռուստամեան խօսք առնելով, ներկայացուց ներկայ իրավիճակը եւ յայտնեց թէ Հայ Դատի գրասենեակները ամէնուրէք, կը կատարեն առաջնահերթ դեր: «Տարածաշրջանում տեղի ունեցող նոր զարգացումներն ունեն մի կարեւոր տարբերութիւն« որն առաջացել է վերջին ժամանակներում« եւ պայմանաւորուած է ռուս-վրացական պատերազմի ազդեցութեամբ: Դրա հետ կապուած՝ ուժերի յարաբերակցութեան նոր փոփոխութիւն է նշմարւում« եւ դա է« որ կանխորոշելու է Յետագայ զարգացումը տարածաշրջանում:
Այդ զարգացումը կարող է յանգեցնել անվտանգութեան նոր համակարգի ձեւաւորման« որի բնոյթը կախուած կը լինի նրանից« թէ ուժերի ինչ նոր հաւասարակշռութիւն կը հաստատուի: Բոլոր շահագրգիռ երկրները ձգտելու են կշիռ ու ազդեցութիւն ձեռք բերել այդ հաւասարակշռութեան մէջ: Մարտավարական տարբերութիւնները բխելու են տարածաշրջանի անվտանգութեան նոր ճարտարապետութեան վերաբերեալ իւրաքանչիւրի պատկերացումից եւ« որ ամենակարեւորն է« առկայ հակամարտութիւնների լուծման հետ կապուած սեփական մօտեցումներից: Վերջին հաշուով« դա յանգեցնելու է նրան« թէ« իւրաքանչիւրի պատկերացմամբ« Հարաւային Կովկասը քանի՞ անդամ պետութիւններով պէտք է ներկայանայ՝ երե՞ք« երեք գումարած երկու՞« թէ երեք գումարած երեք տարբերակով:
Իրավիճակի փոփոխութիւնը հէնց սրանով է արտայայտւում:
Ռուսաստանը« պաշտօնապէս պաշտպանում է 3+2 բանաձեւը« այսինքն Հարաւային Կովկասը բաղկացած է 3 անկախ պետութիւններից եւ յայտնի իրադարձութիւններից յետոյ՝ Օսիան ու Աբխազիան (հիմնուելով երկու կարեւոր հանգամանքի վրայ՝ Քոսովոյի նախադէպը եւ Մ© Սահակաշվիլու վարչախմբի յարձակողական գործողութեան: ԵԽԽՎում տրուած վերջին եզրակացութեան մէջ արդէն ասւում է այն մասին« թէ ով սկսեց պատերազմը« ինչ տեղի ունեցաւ« եւ այդ եզրակացութիւնն ամբողջութեամբ բաւարարում էր ռուսական պատուիրակութեանը: Սա պատահական չէր« որովհետեւ այդ հարցի լուծումից շատ բան է կախուած: Այս երկու հանգամանքով պայմանաւորուած՝ բնականաբար« Ռուսաստանը այս բանաձեւից չի հրաժարուի: Եւ Ադրբեջանն ու Թուրքիան կարող են համակերպուել այս կառուցուածքի հետ այնքանով« որքանով դա չի յանգեցնի «3+3» բանաձեւին՝ դրանով նաեւ հող ստեղծելով Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ) հետ իրենց շահերի համադրման: Իսկ այդ շահերը վերջին զարգացումների մէջ մենք նշմարում ենք:
Բնականաբար« Վրաստանն է« որ շարունակելու է պաշտպանել այն տեսակէտը« որ Հարաւային Կովկասը բաղկացած է 3 անկախ հանրապետութիւններից:
Այս գործընթացի ազդեցիկ կողմ դառնալու նպատակ էր հետապնդում Թուրքիոյ Կովկասեան տուն նախաձեռնութիւնը: Այն թերի էր եւ նպատակ ունէր Թուրքիոյ անմիջական ազդեցութիւնը ամրապնդել տարածաշրջանում: Ի հարկէ« նրանց առաջարկը նոյնպէս 3+2 բանաձեւի մէջ էր տեղաւորւում« ինչը հեռահար նպատակներ հետապնդող քայլ էր« սակայն մեզ համար անընդունելի:
Բնականաբար« մենք չպէտք է թոյլ տանք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ձեւաչափի փոփոխութիւն« քանի որ դա ձեռնտու է Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ« որոնք միաժամանակ պէտք է փորձեն այդ ձեւաչափի մէջ իրենց համար նպաստաւոր փոփոխութիւն արձանագրել: Սակայն ես կարծում եմ« որ լուծումը պէտք է լինի հետեւեալը© ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը« ի վերջոյ« հաւաքուել էր« որպէսզի ամբողջական եւ լիարժէք քննէր հարցը« նաեւ՝ Արցախի մասնակցութեան հարցը« եւ լուծում տար խնդրին»:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ելոյթ ունենալով Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովի հանդիսաւոր նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի բանակցային հոլովոյթը եւ Արցախի կայացումը Հայ դատի յանձնախումբերու հիմնական օրակարգին վրայ կը գտնուին:
Ան նշեց Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն հիմնական չորս առաջնահերթութիւնները: Առաջինը Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն է, երկրորդը՝ հայապատկան հողերու, ներառեալ՝ Ջաւախքի խնդիրն է: Ըստ Յ. Տէր Խաչատուրեանի, կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը Ջաւախքի մէջ հայ ինքնութիւնը պահպանելու, հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ յստակ աշխատանքներ տանիլն է: Երրորդ առաջնահերթութիւնը՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթն է: Ըստ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամին, Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքը շատ դժուարացած է այդ ուղղութեամբ:
Յ. Տէր Խաչատուրեանի համար, չորրորդ առաջնահերթութիւնը հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զանգուածներուն քաղաքականացման շարունակութիւնն է, եւ այս առումով անհրաժեշտ է սփիւռքի հայութիւնը հզօր քաղաքական ազդակի վերածել: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր նկատեց նաեւ հայ երիտասարդութեան համախմբումը Հայ դատի գաղափարին շուրջ: Ըստ անոր, այսօր հայութեան առջեւ դրուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ քարոզչութեան հակազդելու խնդիրը, որովհետեւ պետական մակարդակով՝ դեսպանատուներու, լոպիինկի վարձկան գրասենեակներու միջոցով մեր թշնամիները լուրջ աշխատանքի անցած են: Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անհրաժեշտ է նոր յարաբերութիւններ հաստատել եւ համագործակցութեան լայն դաշտ բանալ՝ անոր մէջ ներգրաւելով բոլոր անոնք, որոնք կրնան Հայ դատին սատար հանդիսանալ: Ըստ անոր, սփիւռքի մէջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները ձեռք ձեռքի տուած լծուած են այդ գործին, բայց անհրաժեշտ է համահայկական միաւորում մէկ ընդհանուր օրակարգին շուրջ, որուն մէջ պէտք է դերակատարութիւն ստանձնէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: «Մենք պէտք է յստակացնենք յաջորդ երկու տարիներու առաջնահերթութիւնները, մարտավարութիւնները, փնտռենք նոր աշխատելաոճեր, նոր դաշտեր եւ համակարգուած կերպով աշխատինք», եզրակացուց ան:
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Օրերս Երեւանում տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի հերթական լիագումար նիստը:
Ամփոփուեց ու գնահատուեց անցեալ եռամսեակում կատարուած աշխատանքը:
Յառաջիկայ անելիքների առումով քննարկման հիմնական օրակարգերն էին Հայաստանի ընկերային-տնտեսական դժուարին իրավիճակը, երկրի ժողովրդավարացման, բարոյահոգեբանական մթնոլորտի չլուծուող հարցերը, հայութեան տարբեր հատուածների միջեւ բաժանարար գծեր քաշելու ներքին ու արտաքին փորձերը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների, Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ներկայ հանգրուանները:
Հայաստանում կուսակցութիւնն իր գործունէութիւնը առաջնահերթաբար կենտրոնացնելու է ներքին խնդիրների վրայ` նպատակ ունենալով քաղաքական ու պետական համակարգի առողջացումը, անհատի, հաւաքականութեան ազատութիւնների ու իրաւունքների, ընկերային արդարութեան հետապնդումը, տնտեսական ծանր իրավիճակից ելքեր գտնելու ուղիների մատնանշումը:
Յատուկ շեշտուեց կուսակցական կառոյցի համահայաստանեան աշխուժացման, յստակ նախաձեռնութիւններով ասպարէզ գալու անհրաժեշտութիւնը:
Գնահատելով հանդերձ Հանրապետութեան նախագահի վերջին ելոյթները, ապրիլի 22-ի ուղերձը եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների գործընթացը կասեցնելու որոշումը` միաժամանակ արձանագրուեց, որ մեր ազգային-պետական շահերին սպառնացող վտանգները դեռեւս ամբողջովին չէզոքացուած չեն, ուրեմն եւ խօսք չի կարող լինել պայքարը դադարեցնելու մասին, քանի դեռ Հայաստանի ստորագրութիւնը առկայ է արձանագրութիւնների տակ:
Ընդհակառակը` շատ աւելի մեծ համախմբուածութիւն է անհրաժեշտ արցախեան հարցում զիջումները բացառելու, համազգային նպատակների շուրջ հայութիւնը կազմակերպելու, ներքին կեանքում արմատական բարեփոխումներ իրագործելու համար:
Յատուկ ընդգծուեց հայութեան տարբեր շրջանակների հետ առանձին աշխատելու եւ այդ կերպ սփիւռքը պառակտելու Թուրքիայի նոր մարտավարութեանը հակազդելու կարեւորութիւնը: Խնդիր դրուեց հնարաւոր բոլոր միջոցներով ձախողել հայութեան որեւէ հատուած հերթական ծուղակի մէջ ներքաշելու թուրքական բոլոր փորձերը:
Օրակարգային բոլոր հարցերի վերաբերեալ ընդունուեցին համապատասխան որոշումներ, տրուեցին յանձնարարականներ:
Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
Մայիս 7, 2010
Երեւան