Գրախօսական.- Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի 43-րդ Գիրքը

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second

ՍՐՏԱԶԵՂ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ.- Հեղինակ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան. հրատարակիչ՝Հայկական Ժառանգութեան Յանձնախումբ. 3922 Yorba Linda blvd. Royal Oak, MI 48073. Էջեր 160. գին՝ $30 ներառեալ առաքման ծախսով:
Վերջերս լոյս տեսաւ Վեր. Դոկտոր Վահան Թութիկեանի նորագոյն երկլեզու հատորը ՛՛Սրտազեղ Խոկումներ՛՛ վերտառութեամբ: Ասիկա հեղինակին 43-րդ գիրքն է:
Վերապատուելի հեղինակին հետ մեր բարեկամութիւնը կ’երկարի աւելի քան 60 տարիներ՝ երբ երկուքս ալ ուսանողներ էինք Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ: Ուսանողական այդ տարիներուն իսկ, ես իր մէջ կը տեսնէի ապագայ խոհուն եւ լուրջ մտաւորականի եւ կարող առաջնորդի մը բոլոր յատկութիւնները:
Այսօր երբ յետադարձ հայեացքով կը նայիմ անցեալին, կրնամ վկայել թէ իմ առաջին տպաւորութիւններուս մէջ սխալած չեմ: Տարիներու հոլովոյթին հետ՝ Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան դարձաւ նուիրեալ եկեղեցական մը, ընտիր դաստիարակ մը, մտքի ու հոգիի անխոնջ մշակ մը, համալսարաններու ուսուցիչ եւ եկեղեցական առաջնորդ մը:
Բաց աստի, Վեր. Թութիկեան դարձաւ վաստակաշատ հեղինակը բազմաթիւ գիրքերու եւ հաւատարիմ յoդուածագիրը՝ երկոտասան մը հայատառ եւ անգլիատար թերթերու: Արդարեւ, հայ աւետարանական համայնքի տարեգրութեանց մէջ ան ցարդ ամենէն բազմավաստակ հեղինակներէն մէկն է:
Սրտազեղ Խոկումներ խորագրով հատորը կը բաղկանայ 160 էջերէ` ուր կարելի է գտնել 28 անգլերէն եւ 15 հայերէն լեզուներով յօդուածներ հետեւեալ երեք բաժանումներու ներքեւ.-

Ա. Կրօնական, Ազգային եւ Մշակութային տօներ, որոնք աղերս ունին եկեղեցական, ազգային եւ համայնքային տօներու եւ ոգեկոչումներու հետ:

Բ. Տեսակէտներ այժմէական նիւթերու շուրջ: Այստեղ կը գտնուին սեղմ տողերու մէջ խտացուած բայց խորիմաստ յoդուածներ, որոնք աղերս ունին կրօնական, դաստիարակչական, ընտանեկան, ազգային, մշակութային հարցերու հետ:

Գ. Անձնական յուշեր, նուիրուած՝ յատկապէս նորոգ հանգուցեալ, «մեզմէ մեկնած, բայց երբեք չմոռցուած» եկեղեցական եւ ազգային կարգ մը ղեկավարներու եւ մտաւորականներու, որոնք իրենց ներդրումներով ճոխացուցած են մեր հասարական կեանքը:

Վերապատուելի հեղինակը իր այս գիրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէ.- «Տասնամեակներէ ի վեր գրած եմ, կը գրեմ, եւ Տիրոջ կամքով, պիտի շարունակեմ գրել այն խորունկ համոզումով եւ հաւատքով, որ հայ գիրքը ունի իր կարեւոր դերը հայ մշակոյթի ծառայողական առաքելութեան մէջ: Թէեւ ան ոչ-շահաբեր նախաձեռնութիւն մըն է, բայց իր կոչումով ազգային եւ հանրային ծառայութեան կոչուած զօրեղ գործօն մըն է»:

Խոր յարգանքով կը շորհաւորեմ Վերապատուելին հայ հոգեւոր գրականութեան անդաստանին մէջ իր բերած հսկայական նպաստին համար: Երկար եւ առողջ կեանք կը մաղթեմ իրեն որ ան շարունակէ գրել գործածելով իր աստուածատուր տաղանդը, հարստացնելով մեր կեանքերը իր իմաստալից եւ շատ գործնական ցուցմունքներովը:
Սրտազեղ Խոկումներ հատորը մեծ հաճոյքով եւ անվարան կը յանձնարարեմ մեր ընթերցասէր հայրենակիցներուն:

 Միհրան Ճիզմէճեան

Նախագահ՝ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

Թորոնթօ, Գանատա

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles