Եւ Դեռ Ժխտե՞լ …

0 0
Read Time:1 Minute, 20 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Պատմութեան հին էջերէն թշնամութիւն ստեղծելն ու նոր հարցեր յառաջացնելը ներկայ աշխարհին մէջ անընդունելի է եւ հեռու՝ ապագայի միասնական կառուցման տեսլականէն»

Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան

…Եւ դեռ այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ հակառակ Էրտողանի եւ իր հլու կամակատարներու՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ դրժող  1915.gov.tr կայքի հաստատման, որուն դիմաւորող էջին վրայ տեղադրուած են այս խօսքերը, բնականաբար սուլթանամէտ նախագահին նկարով:

Յերիւրածոյ եւ խեղաթիւրող տեղեկութիւններով, փաստաթուղթերով, արխիւներով եւ լուսանկարներով լեցուն այս կայքը հիմնելով, Էրտողանի վարչամեքենան կը կարծէր եւ դեռ ալ կը կարծէ, որ պիտի կարենայ համոզել օտարը:

«Թայմինկ»-ն ալ յիշատակելի էր:  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ այն օրերուն (Դեկտեմբեր 9) երբ 1948-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի մտայղացած Մ.Ա.Կ.-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագրի ու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը կը նշուէր:

Այդ օրերուն, երբ հաւաքներ կը կատարուէին թէ՛ կրթական եւ թէ՛ գիտական միջոցներով ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները ուսումնասիրելու, «Այլեւս երբեք»-ի դրօշը պարզելու եւ կանխելու որեւէ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՒՒՆ…Այդ օրերուն է, որ Ծերակոյտը ի վերջոյ, առանց անձնական քմահաճոյքներու, մութ հաշիւներու ետին թաքնուած «ո՛չ»-ի եւ «վեթօ»-ներու՝ ընդունեց բանաձեւը:

Ծերակուտական Մենենտէս յամառօրէն կառչած էր այդ բանաձեւը շարունակական հերթականութեամբ առաջադրելու: Նախապէս անոր ներկայացուցած բանաձեւին դէմ ելած էին յաջորդաբար Լինզի Կրահամ, Տէյվիտ Փըրտու եւ Քեւին Քրէյմըր, որոնց կեցուածքին մասին կարելի է երկար հետազօտութիւններ կատարել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Այսպէս, Ներկայացուցչական Տունէն ետք, Ծերակոյտն ալ պատշաճօրէն հաստատեց  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մերժումը, նաեւ պաշտօնական ճանաչումն ու յիշատակութիւնը: Աւելի՛ն. վայրագութիւններու կանխարգիլման օժանդակելու համար, այս բանաձեւով կանաչ լոյս տրուեցաւ աջակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դաստիարակութեան։

Հուսկ, ժամանակն է, որ գործադիր իշխանութիւնը միանայ օրէնսդիր մարմինին եւ Սպիտակ Տունն ալ առանց երկմտանքի եւ յետին հաշիւներու՝ իր կարգին ճանչնայ այս բանաձեւը:

ReplyForward
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Եւ Դեռ Ժխտե՞լ …

  1. Սիրելինե՛ր,
    Միացեալ Նահանգներու՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, կը գլէ-կ’անցնի միւս բոլորը, որոնք մինչեւ հիմա ճանչցան զայն, թէ՛ իր տարողութեամբ, թէ, բովանդակութեամբ:
    Կը նկատէ՞ք, այսուհանդերձ, որ Թուրքիան համապատասխան վերաբերում ցոյց տալու նպատակ չունի, մինչդեռ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ պարագային ահագին աղմուկ բարձրացուց, դեսպան տուն կանչեց, սպառնալիքներ ըրաւ եւ այլն…ՄՆ-ի պարագային զգալիօրէն զուսպ է. օրինակ՝ ոչ մէկ ատեն Ինջիրլիքի խարիսխը փակելու իսկական քայլ առնել, դեսպան տուն կանչել, կամ ՄՆ-ի դեսպանը արտաքին նախարարաութիւն կանչել եւ այլ նման բաներ չըրաւ:Ինչո՞ւ…
    Որովհետեւ Թուրքիա կը զգայ, որ ՄՆ-ի կեցուածքին մէջ կայ էչ մը որ դարձած է, եւ կայ կեցուածք մը որ այլեւս առաջուանը չէ. Մն մինչեւ խզում երթալու պատրաստ է, եթէ…Թուրքիա այդպէս փափաքի ու շարժի: Զայն կորսնզնելու վախը այլեւս չի ձեռնաթափեր ՄՆ-ը:
    Այսքանը շատ լաւ հասկացած են թուրքերը եւ … եզութեամբ կը կրեն այս «նոր նախատինքը»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles