Մ.Ա.Կ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ 

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9-ին, Մ․Ա․Կ․-ի կեդրոնին մէջ, ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման եւ ոճիրի կանխարգիլման օրը նշուեցաւ։

Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մէկը դարձուցած չէր ցեղասպանութեան ոճիրը։

Ցեղասպանութեան իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն ոճիրի սահմանումն ու դատապարտումը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ այդ օրերուն նոր կազմուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը իր Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկեց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցը եւ որդեգրեց իր թիւ 96/1 որոշումը։ Այդ որոշումը հանդիսացաւ, Միջազգային Իրաւունքի պատմութեան մէջ, հիմնաքարը Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մեծագոյն յանցագործութիւն ճանչնալու, դատապարտելու, կանխարգիլելու եւ պատժելու առաջադրանքով մշակուած եւ որդեգրուած հետագայ բոլոր միջազգային փաստաթուղթերուն՝ յատկապէս 9 Դեկտեմբեր 1948-ին նոյն Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ հաստատուած Ցեղասպանութեան Ուխտագրին։

Մ.Ա.Կ.-ի թիւ 95/1 որոշումին նախագիծը պատրաստուած եւ առաջադրուած էր հրեայ ծագումով լեհ միջազգային իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի (1900-1959) կողմէ, որ կը նկատուի ցեղասպանութեանիրաւագիտական յղացքի հեղինակ հայրը։

Այս ձեռնարկին մասնակցեցան Ա․Մ․Ն․ արեւելեան  թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան խօսք առաւ այս ձեռնարկին շեշտելով, որ նման հաւաքներ կարեւոր են կրթութեան եւ գիտութեան միջոցով ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման հիմնահարցերը ուսումնասիրելու, ցեղասպանութեան մասին կրթութեան վերաբերող մարտահրաւէրները բարձրաձայնելու եւ այդ մարտահրաւէրներուն դիմակայման քայլերն ու արդիւնաւէտ մեթոտները քննարկելու:

«Հայաստանը միջազգային ասպարէզում հանդէս է գալիս որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկ եւ հետեւողականօրէն աշխատել եւ աշխատում է Մ․Ա․Կ․-ի շրջանակներում եւ իր բազմաթիւ գործընկերների հետ` Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին ուխտի, ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններին առնչուող շարունակական վտանգների եւ մարտահրաւէրների վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ կանխարգելման իրաւական եւ կառուցային կարողութիւնների ձեւաւորման ուղղութեամբ: Ցեղասպանութեան կանխարգելման օրակարգի վերաբերեալ Հայաստանի կողմից նախաձեռնուած բազմաթիւ բանաձեւերն իրենց ներդրումն են ունեցել այդ օրակարգի շուրջ միջազգային ջանքերի համադրման առումով։ Մենք բոլորս ունենք կարեւոր մի պարտաւորութիւն` դա յիշելու պարտաւորութիւնն է: Եւ, հետեւաբար, էական է, թէ ինչպէ՛ս է այդ յիշելու պարտաւորութիւնն արտացոլւում պատմութեանը վերաբերուող տարբեր նիւթերում` դասագրքերում, յօդուածներում, գիտական աշխատութիւններում: Ցեղասպանութիւնների զոհերի` Մեծ եղեռնի, Ողջակիզման, ինչպէս նաեւ Քամպոտիայում, Ռուանտայում, Տարֆուրում յիշատակի օրերը պէտք է լինեն սգոյ օրեր ոչ միայն զոհերի սերունդների, այլեւ յանցագործների սերունդների համար, քանզի այս օրերը պէտք է մարդկութեանը տանեն դէպի ճանաչում եւ հաշտեցում», յայտնեց Մնացականեան:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles