Ֆիլատելֆիոյ Մէջ․- Հայ Մշակոյթի Ամսուայ Ձեռնարկ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Կիրակի, Հոկտեմբեր 6-ին, Ֆիլատելֆիոյ միջ-համայնքային յանձնախումբը «Հայ Մշակոյթի Օր»-ը նշեց  հայ աւետարանական «Հայոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ մէջ։

Տիկին Արփի Մինասեանի բացման խօսքէն եւ Տէր Հօր աղօթքէն ետք, բեմ բարձրացան օրուայ հիւրերը՝ դերասանուհի Նորա Արմանի եւ թաւջութակահար՝  Տէյվիտ Պաքամճեան։

Օրուայ թեման էր  «Կոչեր Հայաստանէն»։ Յայտագիրը հազիւ սկսած Պարոյր-Սեւակի «Բարի Օր»-էն եւ արդէն Նորա Արմանին գրաւեց հանդիսատեսի սիրտն ու հոգին, տանելով դէպի հայրենիք ու հայրենի գիւղ․․․ յաջորդաբար ասմունքելով, մերթ երգելով ու մերթ պարելով։  Իր կատարումները եղան թէ՛ անգլերէնով եւ թէ՛ հայերէնով։ Ան, նաեւ ասմունքեց մեր մեծ բանաստեղծներու գործերէն՝ Եղիշէ Չարենցի «Կը սիրեմ Հայաստանը», Գէորգ Էմինին՝ «Արարատը», Յովհաննէս Թումանեանի «Աղաւնիի Վանքը», Միսակ Մեծարենցի «Սիրոյ Երգը»,  ինչպէս նաեւ Կոմիտասի երաժշտութիւններէն «քելեր-ցոլեր» «Կաքաւիկ» «Շողեր ջան» եւայլն եւ այս բոլորը Տէյվիտ Պաքամճեանի թաւ-ջութակի հիանալի ընկերակցութեամբ։

Լոնտոնին համալասրանը աւարտած, Նորան խոր յուզումով պատմեց նաեւ իր մեծ մօր պատմութիւնը, որ ցեղասպանութենէն կրցած է փրկուիլ։ Հայաստանի  ազգային թատրոնի պատւոյ անդամ, ան բազմատաղանդ դերասանուհի է, նաեւ գրող եւ  թատերագիր։ Իսկ թաւջութակահար՝ Տէյվիտ Պաքամճեանը յաճախ նուագած է Նիւ Եորքի առաջնակարգ համերգասրահներուն մէջ։

Երաժշտական ասմունքի այս երեկոն իսկապէս բացառիկ ձեռնարկ մըն էր, յուզելով ու խանդավառելով ներկաները միաժամանակ, սակայն դժբախտաբար նշմարելի էր երիտասարդ սերունդի բացակայութիւնը․․․։

Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մօտէն ծանօթացում այս բազմատաղանդ արուէստագէտներուն։ Ի վերջոյ, նաեւ տեղին է շնորհակալութիւն յայտնել միջ-համայնքային յանձնախումբին, որ առիթը շնորհեց վայելելու այսպիսի որակաւոր եւ բացառիկ ձեռնարկ մը «Հայ Մշակոյթի Օր»-ուան տօնին առթիւ։

Ներկայ մը  

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles