ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ՄԱՄԵՏԻԱՐՈՎԻ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ԿԸ ԹՈՒԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 51 Second


Ա.Ա.

Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիլաւայի մէջ կայացած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի տեսակցութեան զուգահեռ՝ Մամետիարովի տարածած փաստաթուղթը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ Պաքուի իշխանութիւններուն պատկերացումներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին, կը թուի համաձայնուած ըլլալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն Երկուշաբթի օր Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն ոգին ներկայ է Մամետիարովի փաստաթուղթին մէջ։
Լաւրով՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ ի վերջոյ Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ատրպէյճանցի բնակչութիւնները պիտի որոշեն, թէ ինչ համակարգի եւ պայմաններու մէջ համատեղ պիտի ապրին՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց կողմէ։ Ան նաեւ ըսաւ, որ կարեւոր է Ղարաբաղի հայերուն եւ Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքին անդամներուն միջեւ շփումները, որովհետեւ Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնն է, որ պիտի որոշէ, թէ այսուհետեւ ինչպէս կ՛ուզէ ապրիլ միասնաբար։
Լաւրով Պաքուի մէջ դարձեալ խօսեցաւ տագնապին լուծման հանգրուանային տարբերակին մասին՝ մասնաւորաբար նշելով,որ նախ ուժերը պէտք է քաշուին սահմանային գիծէն, ապա գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց բնակարանները, նախ հինգ շրջաններուն, ապա Ղարաբաղի մէջ։
Ուշադրութենէ չի վրիպիր Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին կեցուածքներուն մէջ հայ գաղթականներու, օրինակ Արծուաշէնի եւ Գետաշէնի բնակչութիւններուն տունդարձի իրաւունքին ամբողջական անտեսումը եւ միայն շեշտադրումը՝ «Ատրպէյճանական հինգ շրջաններ, ապա Ղարաբաղ ատրպէյճանցի գաղթականներուն դարձ»-ին գաղափարին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հանգրուանային լուծման Լաւրովեան պատկերացումներուն սեղմ տարբերակը։ Յատկանշական է նաեւ, որ ոչինչ կ՛ըսուի Արցախահայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքին մասին, ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը միայն Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող յանկերգ մըն է, որ շատ լսարան չունի միջազգային հանրութեան շարքերուն մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ապա Պրաթեսլաւայի հանդիպման ուղղուեցաւ՝ իր հետ ունենալով Պաքուի բանաձեւումը, ուր ոչ մէկ նորութիւն կայ եւ միակ նշելին Լաւրովի Պաքուի մէջ կատարած վերջին յայտարարութեան ոգիին հետ համահնչութիւնն է։ Այլ խօսքով՝ թէ՛ Լաւրով, եւ թէ՛ Մամետիարով ընդգծեցին հանգրուանային լուծման մը իրենց պատկերացումը, ուր ատրպէյճանական տարբերակին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ պայմաններուն ամբողջացումներէն ետք է, որ Պաքու համամիտ պիտի ըլլայ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին խնդիրը, բայց միայն՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
Փաստաթուղթը եւ Լաւրովի յայտարարութիւնը ոչ մէկ բան ունին ըսելիք հայկական կողմին իրաւասութեան, արդարացի իրաւունքին, հայ գաղթականներու տունդարձին, Արծուաշէնի եւ Գետաշէնի ազատագրման, եւ մանաւանդ՝ Արցախի կայացած հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրող արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքին մասին, որ ինչպէս հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, ամրագրուած է Միջազգային Օրէնքով։
Երբ այս երկու սկզբունքներուն արմատներուն քննութիւնը կատարուի, երեւան կու գայ իւրաքանչիւրին ճշմարտութեան եւ իրաւացիութեան ամբողջ խորքն ու էութիւնը։ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ինքնավար Մարզ կցուած ըլլալու իրողութիւնը ինքնին որոշակի կասկածներ կը յարուցէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման տեսակէտէն, որովհետեւ հարց կը ծագի, թէ Արցախի տարածքը՝ իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ, ինչպիսի պայմաններու իբրեւ արդիւնք կցուած է Ատրպէյճանի։ Եւ երբ ի մտի կ՛ունենանք Իլհամ Ալիեւի ողբն ու վայնասիւնը, թէ իր հօր՝ Հայտար Ալիեւի Մոսկուա փոխադրութիւնը կասեցուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիներու բնակեցման հոլովոյթը, ապա պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ութսունական տարիներուն Պաքուի իշխանութիւնները կը շարունակէին եւ կը գործադրէին Լեռնային Ղարաբաղը հայաթափելու պետական ծրագիր մը, որուն դէմ վաթսունական թուականներուն հայաստանցի մտաւորականներ բազմիցս բողոք ներկայացուցած էին Մոսկուայի։
Խնդրին հետաքրքրական բաժինը այն է, թէ նոյնինքն Ալիեւ համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն, պատմականօրէն, քաղաքակրթօրէն եւ ժողովրդագրականօրէն հայկական դիմագիծ եւ պատկանելիութիւն ունի եւ իր հօր ճիգերը՝ ատրպէյճանցիներ բնակեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ շրջանը հայաթափել եւ վերջնականացնել ատրպէյճանականացման հոլովոյթը, որ տարիներու վրայ երկարած ծրագրուած քաղաքականութեան մը արդիւնքը պիտի ըլլար։ Բայց երբ հաշիւները սխալ դուրս եկան եւ արցախցիք ազատագրեցին իրենց հայրենիքը, ատրպէյճանական մուղամը վայնասիւն փրցուց։ Այդ մուղամը Արցախի մէջ լսելու փափաք մը ունի Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան, որուն փափաքը այդպէս ալ …. անկատար պիտի մնայ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles