Ամիշները՝ Յետամնա՞ց, Թէ՞ Իմաստուն

0 0
Read Time:7 Minute, 16 Second

Տէր Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան  

Ուստըր – Մասաչուսէց       

Ամերիկա գալէս առաջ համացանցին բարիքներէն օգտուելով արդէն կը ճանչնայի զիրենք: Արհեստագիտութենէն խուսափելու տրամադրութիւնս եւ «բնական կեանք»ի հանդէպ ունեցած սէրս զիս աւելի մղեցին, որպէսզի հետաքրքրուիմ անոնցմով եւ անյագ կարդամ անոնց պատմութեան, կենցաղին եւ իւրայատկութիւններուն մասին: Խօսքս Ամիշներուն մասին է:

Անցեալ տարի վերջապէս առիթը ունեցայ այցելելու անոնց տարբեր բնակավայրերը, տեսնելու համար առօրեան այն մարդոց, որոնց մասին մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած էի: Ամիշներու ծննդոցը Եւրոպան է, Զուիցերիան: Անոնք կը պատկանին անապաբթիսդ-վերամկրտչական խմբաւորումին, որ Բողոքական Բարեկարգութեան ամէնէն ձախակողմեան թեւին ներկայացուցիչն էր: Ամիշներու նախահայրերը բաժնուած էին միւս բողոքականներէն, յատկապէս Յուինկլիի շրջանակէն, քանի որ կ’ուզէին աւելի արագ ընթացքի մէջ տեսնել «բարեկարգութիւնը», եկեղեցւոյ կապը ընդմիշտ խզելու պետական իշխանութեան հրահանգներէն, ընդդիմանալով երեխաները մկրտելու սովորութեան, որ կը նկատէին աղաւաղում: Անոնք նաեւ խաղաղապաշտներ էին, դէմ ըլլալով սուրի գործածութեան, առարկելով թէ քրիստոնեաներ պէտք է տառացիօրէն հետեւին Մատթէոս Աւետարանի 5րդ գլուխի ուսուցումներուն: Այս պատճառով անոնք հալածուեցան, ջարդուեցան եւ հետզհետէ տարտղնուեցան Եւրոպայի միւս աւանները՝ Հարաւային Գերմանիա, Աւստրիա եւ Հոլանտա (հոն անոնց հետեւորդ եղաւ Մեննոյ Սայմընս, որմէ՝ Մեննոնայթ անուանումը):

1693ին, Յակոբ Ամման, բանադրանքի եւ նզովքի շուրջ անհամաձայնութիւններու պատճառով բաժնուեցաւ «Զուիցերիոյ Եղբայրներէն» (Վերամկրտչականները այսպէս կը կոչուէին Զուիցերիոյ մէջ) եւ իր խումբով անցաւ Ֆրանսայի կողմերը: Այս կը նկատուի Ամիշներու իբրեւ առանձին խումբ երեւնալու թուականը: Արդէն Ամիշ բառն ալ կու գայ Ամմանէն, որ կը նշանակէ Ամմանի հետեւորդ: Ամիշներ աւելի խիստ եւ լուրջ էին իրենց համոզումներուն մէջ, քան իրենց նմանող միւս խումբը, որոնց ժառանգորդներն են մեր օրերու Մեննոնայթները: Անոնք 18րդ դարու սկզբնաւորութեան արդէն ծանօթ էին իրենց արտաքինով, տղամարդոց երկար մօրուքով, իսկ կիներու՝ ամառ թէ ձմեռ հագած քթանէ հագուստներով: 18րդ դարու կէսէրուն Ամիշներու առաջին ալիքը կը գաղթէ Ամերիկա, Բենսիլվանիա: Գաղթականութեան երկրորդ ալիքը Ամերիկա կու գայ, այս անգամ 19րդ դարու սկիզբը: Փենսիլվանիա հաստատուելով անոնք հետզհետէ կը տարածուին: 19րդ դարու կէսերուն տեղի կ’ունենայ այլ բաժանում, երկուքի բաժնելով Ամիշները: Մեծամասնութիւնը կը միանայ առաջին խումբին, որ յառաջդիմական էր եւ կ’ուզէր աւելի մուտք գործել ընկերութեան մէջ, տակաւ առ տակաւ կորսնցնելով Ամիշ ըլլալու յատկութիւնները: Իսկ միւս մասը կը մնայ նոյնը եւ կը կոչուի Հին Խումբի կամ Հին Կարգի Ամիշ: Այս գրութիւնը այս վերջինին կենցաղին եւ համոզումներուն մասին է:

Ամերիկայի մէջ Ամիշները մօտաւորապէս երեքհարիւր յիսուն հազար հոգի են: Անոնց ընտանիքները բազմանդամ են. շատ բնական է տեսնել ընտանիքներ, որոնք 8-10 երեխայ ունին: 18րդ դարու վերջաւորութեան սկսաւ Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը, որ յեղաշրջեց մարդկային կեանքը: Ամիշները գիտակցօրէն չենթարկուեցան այս փոփոխութեան եւ մեծաւ մասամբ պահեցին իրենց երկրագործական մշակոյթը եւ ապրելակերպը: Այս պատճառով անոնք մերժեցին եւ կը մերժեն, որոշ փոփոխութիւններով եւ յարմարութիւններով, արդիականութեան արդիւնք եղող շատ մը բաներ, ինչպէս ելեքտրականութիւնը, հեռատեսիլը, տան հեռաձայնը (կարելի է տունէն դուրս ունենալ՝ գործի համար գործածելու), համացանցը, բջիջային հեռաձայնը (վերջերս սկսած է անոնց մասնակի գործածութիւնը, որոշ սահմանափակումներով, միայն գործի համար), ինքնաշարժը, օդանաւի ճամբորդութիւնը եւ ինչ որ կ’առնչուի արդի կեանքին եւ ըմբռնումներուն: Ամիշ տղամարդիկ կը հագուին շապիկ ու տաբատ (ընդանրապէս կոճակ չեն գործածեր, այլ ասեղ) եւ երբ կ’ամուսնան, անոնք այլեւս մօրուք կը ձգեն, մաքրելով պեխը (որ հին ժամանակ զինուորական ըլլալու նշաններէն էր) ու դուրսը միշտ գլխարկ կը գործածեն: Կիները կը հագուին կիներու երկար հագուստներ, գլուխները գտակով միշտ գոց, առանց արդուզարդի կամ շպարի: Ե՛ւ տղամարդոց, ե՛ւ կիներուն հագուստներուն գոյները պէտք է ըլլան պարզ եւ կարելի եղածին չափ գոց:

Ամիշներու կեանքին եւ մշակոյթին մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի պարզութեան: Պարզութիւնը պէտք է տիրական ըլլայ բոլորին կեանքին վրայ. պէտք չէ ըլլան մարդիկ, որոնք սուղ հագուստներ հագնին եւ խումբին անդամներէն տարբեր ըլլան: Ամիշներուն համար աստուածաշնչական ուսուցումները արդուզարդի, ոսկեղէններու գործածութեան, մօրուք ածիլելու եւ կիներու պարագային գլուխը ծածկելու՝ միշտ անժամանակավրէպ պատգամներ են, որոնց պէտք է տառացի հետեւիլ: Անոնք ունին իրենց կանոնագիրը, որուն մէջ մանրամասնութեամբ յիշուած են հաւատալիքներ եւ հրահանգներ՝ հագուստի, կենցաղի, փոխադրութեան կառքի գործածութեան, տան մէջ ունենալիք ապրանքներու եւ այլ բաներու մասին:

Ամիշները խաղաղապաշտ են: Այս մէկը ազդած է անոնց կեանքի ոճին, ըմբռնումներուն եւ մարդկային յարաբերութիւններուն: Բնականաբար Ամիշները չափազանց զգոյշ եւ ընդհանրապէս լուռ են. անոնք կը խօսին միայն, երբ պէտք է բան մը ըսել: Նկարագիրով ամչկոտ են, կառչած խոնարհութեան եւ հեզութեան սկզբունքներուն: Անիրաւութեան ենթարկուելու պարագային կը նախընտրեն լուռ մնալ ու բողոքել Աստուծոյ, քան դատարան երթալ: Չլսուած բան է, երբ Ամիշ մը դատարան կ’երթայ բողոք ներկայացնելու: Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ ունին խոր հաւատք եւ համոզում: Կեանքի մէջ ինչ որ պատահի, մահ ըլլայ կամ այլ տխուր եղելութիւն, ստոյիկ հոգեբանութեամբ կ’ընդունին, հաւատալով թէ Աստուած ի՛նքն է տէրը եւ կառավարիչը մարդկային կեանքի բոլոր անցուդարձերուն, եւ հետեւաբար լաւագոյնն է վստահիլ Աստուծոյ իմաստութեան եւ զայն յոյսի միակ խարիսխ ընել:

Ամիշներու հաւատալիքներուն այլ երեսներէն են երդում չընել, ինչպէս նաեւ ծայր աստիճան ճշմարտախօս ըլլալ: Կը պատմուի, թէ երբ անոնք Եւրոպայի մէջ կը հալածուէին բողոքական այլ խմբաւորումներու կողմէ, անոնց թշնամինե՛րն անգամ աւելի հաւատք կ’ընծայէին անոնց խօսքերուն եւ խոստումներուն, քան իրենց ղեկավարներուն: Ամիշներուն համար ճշմարտախօսութիւնն ու յստակութիւնը առաքինի մարդուն ամէնէն կարեւոր յայտկութիւններէն են, քանի որ իրենց առաքելութիւնը հիմնուած է աւելի գործնական կեանքին վրայ, քան՝ վերամբարձ ճառերու եւ կեանքէն կտրուած քարոզներու: Շատ անգամ Ամիշ մը զոհ կ’երթայ իր պարզամտութեան ու ճշմարտախօսութեան, եւ այս կ’ընդունի ամենայն համբերութեամբ, ընդհանրապէս խուսափելով դատարան դիմելէ կամ գանգատ ներկայացնելէ:

Ամիշները կը մերժեն կառավարութենէն եկած որեւէ օգնութիւն կամ ապագայի ապահովագրութիւն: Անոնք այս բանը կ’ընեն, ո՛չ թէ կառավարութիւնը թշնամի նկատելով, թէեւ իրենք սկզբունքով կը մերժեն կառավարութեան մէջ պաշտօն ստանձնել կամ բանակին մէջ ծառայել: Այս մէկը կ’ընեն հիմնուելով իրերօգնութեան գաղափարին վրայ, որ զօրաւոր է իրենց մէջ: Երբ Ամիշ ընտանիք մը իր տունը կը կորսնցնէ, քանի մը օրերու ընթացքին բնակավայրի (անոնք կը բաժնուին համայնքներու եւ երբ ընտանիքներու թիւը կը մեծնայ՝  այլ համայնք մը կը ծնի, որպէսզի անոր կառավարումը ըլլայ դիւրին) բոլոր տղամարդիկը կու գան եւ օգնութեան ձեռք երկարելով կը վերականգնեն այրած տունը եւ կամ հիմնովին նորը կը շինեն: Նոյն ձեւով, երբ հիւանդ մը կամ տարեց մը կարիքը ունենայ բժշկական օգնութեան, ինչ որ Ամերիկայի մէջ դուռ կը բանայ մեծ գումարներու ծախսին, համայնքը կը հասնի օգնութեան եւ սարկաւագներ կարիքի համաձայն դրամահաւաք կը կատարեն:

Անցորդներու կամ զբօսաշրջիկներու համար իսկապէս հրապարուրիչ կրնան թուիլ Ամիշներու կառքերը, որոնք ձիով մը զիրենք կ’առաջնորդեն այն վայրը, որ կ’ուզեն երթալ: Ամիշներու կենցաղին պարզութիւնը, ընտանիքին եւ հաւաքականութեան տրուած կարեւորութիւնը, աւանդութիւններու հանդէպ ունեցած խոր յարգանքն ու սրբութեան աստիճանին հասնող դիրքը իսկապէս նախանձելի կրնան ըլլալ: Սակայն արդի մարդը կրնայ շշմած մնալ այս բոլորին դիմաց եւ անկարող՝ այս բոլորին մասին բացատրութեամբ մը համոզուելու: Արհեստագիտութիւնը այնքան տեղ շինած է մեր մէջ, որ կարգ մը մարդիկ ծանրակշիռ կերպով կրնան հիւանդանալ անոր բացակայութեան: Ուրիշներ տգէտ եւ խաւարածին կրնան կոչել Ամիշները իրենց կենցաղին համար, քանի որ Ամիշներ արհեստագիտութեան միայն նախնական վիճակը կ’ընդունին, միջնակարգէ անդին դպրոց չեն երթար, ինքնաշարժ ունենալու փոխարէն ձիակառքերով կ’ընթանան, եւայլն: Մենք դիւրաւ կ’ըլլանք զոհը մեր արդիապաշտութեան, երբ կը կարծենք որ այս մարդիկը իսկապէս տխուր եւ անիծեալ կեանք մը կ’ապրին, քանի որ անոնք հեռու են այն բոլոր բարիքներէն, որ մենք կը վայելենք: Սակայն պահ մը բաղդատենք մեր եւ իրենց կեանքերը եւ ապա յանգինք անհրաժեշտ եզրակացութեան:

Ամիշներ ընտանեկան կեանքը լիուլի կը վայելեն: Միասին հողամշակութեան կ’երթան, իրարու հետ իրենց լեզուն կը խօսին (որ կը կոչուի Փենսիլվանիոյ հոլանտերէն), տան մէջ չունին գործիքներ, որոնք ընտանեկան կեանքը կը խանգարեն: Իրե՛նք կ’աճեցնեն իրենց կանաչեղէնները: Մէկ տեղէն միւս տեղը ձիակառքերով երթալու պատճառով, իրարու մօտիկ կ’ըլլան եւ այս մէկը կը ստեղծէ մտերմիկ մթնոլորտ եւ տեղական մարդիկն ու խանութները լաւ ճանչնալու առաւելութիւն: Արդէն ինքնաշարժ չունենալու պատճառն ալ այս է: Ամիշներ կ’ըսեն, թէ այն օրը որ ինքնաշարժը մուտք կը գործէ իրենց կեանքին մէջ, անոնք յաջորդաբար պիտի հեռանան իրարմէ եւ այսպիսով անկարելի պիտի ըլլայ պահել իրենց համայնական կեանքն ու գոյութիւնը: Ձիակառքին առաւելութիւնը, ըստ իրենց, այն է, թէ անձը մօտիկ կը պահէ, քանի որ ձիակառքը ինքնաշարժի պէս արագ ընթացք չունի: Միւս կողմէ, մեր կեանքին մէջ ունինք այնքան բաներ, գործիքներ, որոնք աւելիով արգելք կ’ըլլան որ կեանքը իր բնականութեամբ վայելենք: Կ’ապրինք իրարմէ հեռու եւ այս պատճառով ընտանեկան եւ համայնական կեանքը կը խախտի: Բնութեան մօտ ենք՝ խօսքով, սակայն շատ քիչերն են անոնք, որոնք գիտեն հողին արժէքը եւ բնութիւնը վայելելու մեծ առաւելութիւնը:

Սպառողական մտայնութիւնը այնքան զօրաւոր եղած է մեր մէջ, որ համբերութիւն, պարզութիւն եւ զոհողութիւն բառերը մօտ օրէն մեռեալ բաներ պիտի ըլլան մեր կեանքերուն մէջ, քանի որ վարժուած ենք ամէն բանի մէջ փնտռել միայն մեր իրաւունքը: Ամիշներուն համար ճիշդ հակառակ ըմբռնումն է կարեւորը: Խոնարհութիւնը, հաւաքականութեան համար զոհողութիւնը, հնազանդութիւնն ու նկարագիրի արժանաւորութիւնը այնպիսի գոհարներ են, որոնց ամէն մարդ պէտք է ձգտի: Չեմ ուզեր սխալ հասկցուիլ: Անոնց մէջ ալ կան վատ նկարագիրով մարդիկ, որոնք խստօրէն կը պատժուին եւ չապաշխարելու ու ընթացք չփոխելու պարագային՝ կ’արտաքսուին: Սակայն հոս կարեւորը սկզբունքն ու իտէալն է: Հաւաքականութեան մը մղիչ ուժը ի՞նչ է:

Այս գրութեան նպատակը ընթերցողը երբեք Ամիշ ըլլալու հրաւէր ուղղել չէ: Ո՛չ ալ վանականներու նման աշխարհէն քաշուիլ կամ ինքնաշարժի փոխարէն ձիեր գնելու թելադրանք ուղղելն է: Ժամանակը միայն առջեւ գացող անիւ ունի: Սակայն մարդ բանաւոր էակ է եւ իրեն կը մնայ ընտրութիւն ընել: Ինչ որ կը սորվինք Ամիշներէն, եւ ինչ որ ալ իրենք կը բացատրեն, ամէն անգամ որ հարցուի իրենց, թէ ինչո՞ւ կը մերժեն հեռատեսիլ ունենալ կամ ինքնաշարժ գնել, այն է թէ մեր կեանքերը ապրելու ընտրութիւնը մե՛նք պէտք է ընենք, քանի որ անոնց որակը մեր որոշումներէն եւ ընտրութիւններէն կախեալ է: Արհեստագիտութենէն կրնանք օգտուիլ այնքան, որքան պէտք է: Պայման չէ մեզի հրամցուող եւ նորոյթ եղող ամէն բան հալած իւղի պէս կլլենք: Ինչ որ մեզի կը հրամցուի՝ գործածենք իմաստութեամբ եւ Ամիշներէն սորվինք ընտանիքի, հարազատութեան, պարզութեան եւ բնութեան հարեւանութեան նման արժէքներու կառչած մնալ, որոնցմով մեր կեանքերը տարբեր համ եւ իմաստ պիտի ունենան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles