Ձերդ Գերազանցութիւն՝
Տիար՝ Սերժ Սարգսեան
Նախագահ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,
Մենք՝ երեք վերապրողներ Հայոց Ցեղասպանութեան պատիւն ունինք այսօր ներկայ գտնուելու Ձեր կողքին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ, նախագահ Ուիլսընի շիրիմին շուրջ այս հաւաքին:
Պարոն Նախագահ, մենք՝ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու 1915էն 1923 ժամանակաշրջանին անմարդկային ձեւերով գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներս, օր ըստ օրէ կը բաժնուինք այս երկրագունդէն: Մէկ կողմէ հպարտ, որ ունինք այսօր Անկախ Մայր Հայաս-տան, միւս կողմէ սակայն խոցուած, որովհետեւ անպատիժ կը մնայ ցեղասպան Թուրքիան եւ գրաւեալ մեր պապենական հողերու կարեւոր մասը, որոնք օրին քարտէսագրուած են նոյնինքն նախագահ Ուիլսընի կողմէ:
Մեր վերջին յոյսը Դուք էք Պարոն Նախագահ:
Դուք այսօր ներկայ էք աշխարհի ամէնէն հզօր մայրաքաղաքին մէջ, գագաթի ժողովի մը, ուր հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննուի նաեւ մեր Դատին ու Հայրենիքին հետ առնչուող հարցեր:
Դուք մեր յոյսն էք, Դուք մեր հաւատքն էք, Դուք Խրիմեան Հայրիկի եւ Արամ Մանուկեանի յա-ջորդն էք, խնդրենք Պարոն Նախագահ տէր կանգնիլ մեր արդար իրաւունքներուն, որպէսզի հանգիստ մտքերով մենք միանանք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահա-տակներու անդրշիրիմեան փաղանգին, որոնք կը սպասեն մեր Ազգի Վարդայեղեղ Արշալոյսին:
Մենք՝ ու հաւանաբար վերջին անգամ ըլլալով, Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ու կ’աղօթենք առ Աստուած, որ յաւէտ ապրի մեր ազգը ու ամուր մնայ մեր Հայաստանը:
Յարգանօք՝
Երէցկին ՍԻՐԱՐՓԻ ԽՈՅԵԱՆ
ՌՈԶ ՊԱՊՈՅԵԱՆ
ԼՈՒՍԱԾԻՆ ԹԱԹԱՐԵԱՆ