Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

0 0
Read Time:30 Second

Ապրիլ 12, 2010-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի հրաւէրով, Կորիզային անվտանգութեան միջազգային գագաթաժողովին համար Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատուիրակութեան հետ:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Հայկ Օշական« Վիգէն Յովսէփեան եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մարզը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտը, ի մասնաւորի՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, Արցախի հիմնահարցի բանակցութեանց ներկայ փուլը, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի համար Սփիւռքի մէջ տարուող քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքները եւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles