Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 34րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, Մարտ 19-20, 2010ին: Առաջին հերթին, Ուրբաթ, Մարտ 19ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժողովի բացման հրապարակային հանդիսութիւն, Տէր եւ տիկին տոքթ. Գրիգոր եւ Արաքս Խաչիկեաններու բնակարանին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ եւ շրջանէն ներս գործող մշակութասէր անհատներ եւ հրաւիրեալներ:
Բացման հանդիսութեան, ներկայ էին հարիւրի շուրջ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին յատկապէս Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ դեսպան Կարէն Նազարեան: Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Մակի Աբրահամեան, որ յայտնեց թէ դեռ տարի մը առաջ իր ութսունամեակը բոլորած Համազգայինը, արդէն իսկ գործի լծուած է կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը, միշտ ալ կառչած մնալով հայ մշակոյթի ծառայելու իր սուրբ գաղափարին: Ապա խօսք առաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Համազգայինի ընթացաւարտ Շրջանաւարտ Վարչութեան ատենապետ Զարմայր Սեդրաքեան, որ ըսաւ թէ ութսունամեակը հանգրուան չէր, այլ՝ առիթ մը, հայ հասարակութեան քիչ մը աւելի ցայտուն կերպով ներկայացնելու Համազգայինն ու իր գործունէութիւնը եւ ներքնապէս աւելի ամրապնդուելու: Ան աւելցուց թէ տեղի ունեցան դասական հանդիսութիւններ, հաւաքներ, գեղարուեստական ձեռնարկներ, գիտաժողովներ եւ այս բոլորին նպատակն էր ծառայել մշակոյթին: Սեդրաքեան նաեւ կարդաց Հիւսիսային Ամերիկային Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մանուէլ Պաթագեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի շնորհաւորական խօսքերը:
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի »Շիրակեան« Կեդրոնական Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ ընկ. Յովսէփ Աւագեան, որ իր կարգին հաստատեց թէ պատմութեան ընթացքին քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներու բերումով հայութիւնը աշխարհագրականօրէն սփռուեցաւ աշխարհի չորս անկիւնները: »Համազգայինը գործի լծուեցաւ այս ցրուած գաղութները դաստիարակելու եւ կառչած պահելու հայ մշակոյթին, արուեստին՝ հայութեան եւ հայրենիքին: Սփիւռքահայութիւնը՝ այս աշխարհացրիւ մեծամասնութիւնը մեր ժողովուրդին« անտարակոյս անբաժանելի մասը կը կազմէ հայ ազգին ու կþաւելցնէ անոր տեսակարար կշիռը՝ թէ’ իբրեւ քանակ եւ թէ’ իբրեւ որակ. հայութեան եւ Հայաստանի գոյութիւնն իսկ կը վտանգուի, եթէ անհետանայ Սփիւռքը, իսկ այս վերջինին գոյութիւնը կը դառնայ անհեթեթ՝ առանց Հայաստանի …« ըսաւ ան:
Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Թաթուլ Մարգարեան իր կարգին կարեւորեց Համազգայինի դերը, յայտնելով թէ այս մշակութային միութիւնը եղած է հաստատ ու ամուր կամուրջ մը թէ’ Հայաստանի եւ Սփիւռքի, թէ’ Հայութեան եւ աշխարհի եւ թէ’ Հայաշխարհի տարբեր հաւաքականութիւններուն միջեւ:
Մ.Ա.Կ.ի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեան, իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց թէ Հայրենիքն ու Սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն են, եւ Համազգայինի դերը այդ ամբողջութիւնը պահելու, այդ ամբողջութեան գիտակցութիւնը պահպանելու տեսակէտէն ճակատագրական ու անկիւնադարձային է:
Նաեւ խօսք առաւ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամներէն՝ ընկ. Կարօ Արմէնեան, որ յայտնեց թէ շատ խօսուած է մշակոյթի ճամբով Հայ Դատին ծառայելու առաքելութեան մասին, որ. »…Համազգայինինն է եղած միշտ ու մինտ՝ հայ ժողովուրդն ու հայ մշակոյթը մեր ապրած երկիրներու միջավայրին ծանօթացնելու ի խնդիր: Այսչափ ալ բաւարար չէ հոս, նոյնիսկ ասկէ անդին, կþակնարկենք աւելի ընդհանրական երեւոյթի մը« որ հայութեան գոյութեա’ն պահպանումն է: Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան ինը տասնամեակ ետք, նոյնիսկ ազատ ու անկախ Հայաստանի ներկայութեան, հայութիւնը իր երկու երրորդով ցրուած է աշխարհի չորս ծագերուն եւ կը գտնուի դարձեալ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ: Ահա այս իմաստով եւ ծնած զաղափարական բովէն, պէտք է ընկալել Համազգայինի պատմութիւնը՝ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն իր ունեցած ու դեռ ունենալիք դերակատարութեան համայնապատկերին առջեւ:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ապա, յաջորդ օրը, Շաբաթ Մարտ 20ին, ժողովը կատարուեցաւ շրջանի »Սուրբ Խաչ« եկեղեցւոյ սրահէն ներս, մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Ֆիլատելֆիոյ, Ուաշինկթընի, Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Շիքակոյի մասնաճիւղերուն: Ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտեան ժամը 9:30ին եւ աւարտեցաւ երեկոյեան 7:30ին: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Եդուարդ Մսըրլեան: Առողջ մթնոլորտի մէջ, ժողովը քննեց զանազան հարցեր եւ յատկապէս մօտէն հետեւեցաւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու բնագաւառէն ներս, աշխատանքներ տանելու եւ դրական արդիւնքներ արձանագրելու:
Ժողովականները յատկապէս քաջատեղեակ եղան թէ դաստիարակչական հսկայ գործ կայ կատարուելիք, մանաւանդ որ հարկ էր ներշնչել վերապրումի յոյսը, ինքնութեան գիտակցութիւնն ու մանաւանդ այդ ինքնութեան պահպանման յանձնառութիւնը: Այս գծով, ընկ. Մսըրլեան խօսք առնելով ըսաւ թէ. »Ահա ինչո’ւ հիմնուած է Համազգայինը եւ հիմնուած է ոչ պարզապէս պատահականութեան բերմամբ՝ Մայիս 28ին: Ուրեմն, մեկնելով, այս հասկացողութենէն« ու մեկնելով նաեւ Համազգային անուան ամբողջական իմաստէն« Համազգայինի դերակատարութիւնը կը գտնենք ապագային ու ապառնիին՝ երիտասարդութեան մօտ: Մեր ալ պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ այս տաղանդներուն…«:
Վերջին օրակարգով, ժողովը ընտրեց եօթ անդամներէ բաղկացած մարմին մը.
Արա Նազարեան (Պոսթըն, Ատենապետ), Մակի Սիմոնեան (Ուաշինկթըն, քարտուղար), Լենա Օհաննէսեան (Ֆիլատելֆիա, գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի, Քարտուղար), Ալին Պաղտասարեան (Ուաշինկթըն, խորհրդատու), Յակոբ Մելքոնեան (Նիւ Ճըրզի, խորհրդատու) եւ Հարմիկ Աւետեան (Պոսթըն, խորհրդատու):
Read Time:3 Minute, 35 Second