ՏԱՐԲԵՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ… ԱՆՏԱՐԲԵՐ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 13 Second

Ապրիլ 24ի սեմին ենք…անգամ մը եւս:
Միայն ամիս մը մնացած է 95ամեակը նշելու եւ դէպքերու անցուդարձն ու իրադարձութիւնը կը ներկայացնէ տարբեր իրավիճակ…եւ անշուշտ անտարբեր գոյավիճակ:
ՀայաստանԹուրքիա ստորագրութիւնները թեւակոխած են հինգերորդ ամիսը եւ այս գծով, դեռ ոչ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք:
Անշուշտ Մարտ 4ի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց յանձնախումբին Հայոց Ցեղասպանութեան հաստատումը պահանջող 252րդ բանաձեւին մարաթոնային քննարկումն ու սուր վիճաբանութիւններէ եւ լարուած մթնոլորտէ ետք վաւերացումը՝ 22ի դէմ 23 քուէներով, ապա քանի մը օր ետք, այս անգամ Ատլանտեանի ՀիւսիսԱրեւելեան ափին՝ հին ցամաքամասին մէջ, Շուէտի խորհրդարանէն ներս 130ի դէմ 131 քուէներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին յաղթանակը փոթորիկ ստեղծեց Անգարայի մէջ, ուր ըստ երեւոյթին յատուկ «ատ հոք» իջեւան մը, իր բոլոր դիւրութիւններով պատրաստուած է…բաւական երկար ժամանակաշրջանի համար ընդունելու եւ կեցութիւնը հոգալու համար, տուն կանչուած դիւանագէտներուն:
Այս անկիւնադարձային պահերուն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի կատարած մէկ շուտափոյթ հաստատումը Լոնտոնէն, թէ Անգլիոյ Ժողովուրդներու Պալատը բացարձակապէս պիտի չվաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, ցոյց կու տայ թէ «domino principle»ի ոճով ճանաչման այս ալիքին դէմ լրջօրէն գործի լծուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց մեքենան:
Ոչ մէկ յառաջխաղացք, նոյնինքն արձանագրութիւններուն ետին կանգնած երկու պետութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս: Իսկ վերոյիշեալ բանաձեւերուն ստեղծած պատկերը մտահոգութիւններու դուռ բացած է սոյն «բեմագրութիւնը» պատրաստող մարմիններուն, անձնաւորութիւններու եւ պետութիւններուն մօտ:
Հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ, անակնկալ մը չէր Սպիտակ Տան նախաձեռնած հրաւէրը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն, որոնց գծով ՀՀ նախագահ շուտով ընդառաջած է, մինչդեռ դիմացի կողմէն ցարդ ոչ մէկ յստակ ու հաստատ. «կանաչ լոյս»:
Այսպէս 95ամեակի սեմին իրավիճակը տարբեր է…սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ անտարբեր գոյավիճակ:

«Հայրենիք»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles