ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՄԵՆԵՆՏԷՍԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

Մարտ 21, 2010-ին, Հայ Դատի մօտիկ բարեկամ Անտրէաս Ռուպեանի (Սէտըլ Ռիվըր, Նիւ Ճըրզի) բնակարանէն ներս, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը նուիրուած, տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդին եւ հայ դատին ծառայած Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէսի (Նիւ Ճըրզի, Դեմոկրատական):
Աւելի քան հարիւր գաղութի ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ ներկայ էին այս ձեռնարկին, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Փոխ-Առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:

Բացման խօսքը կատարեց Նիւ Ճըրզի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն՝ Ճէյմս Սահակեան, որ կարեւորեց հայ դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքներն ու գործընթացը: Ապա խօսք առաւ, Անի Չաղլասեան որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց հայ դատի գծով կատարուած աշխատանքներուն մասին եւ տեղեկացուց ծերակուտական Մենենտէսի հետեւողական աշխատանքին մասին: Չաղլասեան յայտնեց թէ ամերիկահայութեան հասարակաց բարոյականութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդին վստահելիութիւնը՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց ձայն, մարտահրաւէր ուղղեցին երաշխաւորելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի եւ յիշատակուի Քոնկրէսին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:
«Այս գծով, պարոն Մենենտէս հետեւողական ձեւով գործակցեցաւ մեր հետ եւ դեռ ալ կը գործակցի: Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը, նշանակալի հանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութեանց, ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղա-քականութեան: Այս գծով, շատ բան կը պարտինք պարոն Մենենտէսին եւ անոր նման թափանցիկ քաղաքականութիւն կիրարկող ծերակուտականներու«, ըսաւ Չաղլասեան:
Ծերակուտական Մենենտէս, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով, խօսք առաւ եւ շեշտեց թէ պիտի շարունակէ յարատեւօրէն պայքար մղել, որպէսզի Սպիտակ Տու-նը պատշաճօրէն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Յայտնած եմ եւ կը կրկնեմ թէ որքա¯ն ալ ուժգին ըլլան բառերը, կարելի չէ բացատրել պատահածը: Գրեթէ բոլոր պատմաբանները կը ճանչնան թուրքերուն կողմէ կատարուած Ցեղասպանութիւնը: Աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննուած է, քառորդ միլիոն ուրիշներ բռնի իսլամացած են, տեղի ունեցած է պատմութեան ամէնէն հսկայական տեղահանումը: Կիներ բռնա-բարուած եւ հարստութիւններ կողոպտուած են«, ըսաւ ան:
Մեծ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկի ընթացքին, Չաղլասեանի ձեռամբ, իբրեւ ձօն՝ Ծերակուտական Մենենտէսի յանձնուեցաւ գեղանկարչական գործ մը, որ կը պատկանէր Ստեփանակերտցի (Արցախ) արուեստագէտ Ռուտիկ Պետրոսեանի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles