Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2010-ին, Նիւ Եորքի հանրահռչակ Գառնըկի դահլիճի «Ուայլ» սրահէն ներս, կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 100-ամեակի հանդիսութիւնը:
Երկու ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող, այս ձեռնարկին ներկայ էին պետական, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքը կատարեց Սթեֆընի Մեսրոպեան, որ ապա հերթականութեամբ հրաւիրեց օրուան բանախօսները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Բարեջան Առաջնորդ Արք. Օշական Չօլոյեան կարդաց Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որ այս առթիւ լոյս ընծայուած էր:
Խօսք առաւ, Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Թաթուլ Մարգարեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց Հ.Օ.Մ.-ի 100-ամեակը եւ ընթերցեց, այս առթիւ յղուած յատուկ նամակ մը՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Գառնըկի Ընկերակցութեան Տնօրէն Վարդան Գրիգորեան, իր անցեալի յուշերէն պատառիկներ պատմեց, հետաքրքրելով ներկաները: Ապա խօսք առաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը որ յայտնեց թէ Հ.Օ.Մ.-ի միաւորները ամիսներէ ի վեր սկսած են 100-ամեակը նշող ձեռնարկներու կազմակերպման, որոնց կարգին անդրանիկը` Նիւ Եորքի մէջ, որպէս Հ.Օ.Մ.-ի ծննդավայր: Ապա, Մարաշլեան Հ.Օ.Մ.-ի «Արարատ» մրցանակը յանձնեց Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան Միութեան (Near Est Relief Society) ներկայացուցիչ՝ Շանթ Մարտիրոսեանի, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նշեց Հ.Օ.Մ.-ի նման միութեան մը կարեւորութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Կիներու Համաշխարհային Դրամատան նախագահ Մարի-Էլլեն Իսկենտէրեանը իր կարգին տնտեսական դիտանկիւնէ մօտենալով, կատարեց կարեւոր մատնանշումներ:
Ձեռնարկի ընթացքին, նաեւ ցուցադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի մասին վաւերագրական մը, պատրաստուած Պարէթ Մարոնեանի կողմէ: Գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցան Ալիսա Նաքքաշեան-Հոլսպըրկ (ապակեայ դաշնամուր) եւ օփերայի երգիչներ՝ Եղիշէ Մանուչարեանն ու Վիքթորիա Աւետիսեանը:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-ականներու եւ համակիրներու կողքին, միութեան Հարիւրամեակի այս ձեռնարկին մասնակցելու եկած էին Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Միջին Արեւելքէն աւելի քան երկու հարիւր միութենականներ:
Սոյն ձեռնարկին յաջորդ օրը, Մարտ 11-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ կատարուեցաւ գիտաժողով մը, որու քննարկումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ակադեմական կառոյցներու մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարող հայ կիներ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ լուսանկարներ՝ յառաջիկայ օրերուն:
Read Time:1 Minute, 37 Second