Վերջերս, լոյս տեսաւ »Արմինիըն Րիվիու«ի 51-րդ թիւը, որ կ’արծարծէ զանազան հարցեր: Հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ տեղ գրաւած են, քննելով Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնն ու Հայկական Սփիւռքը, որպէս պետական եւ ոչպետական գործօններ: Այս գծով, հպանցիկ կերպով անդրադառնալէ ետք քաղաքացիական հասարակութեան թէ սահմանումին եւ թէ կիրարկման, Արմինէ Իշխանեան կը նշէ թէ Հայաստանը ընդհանրապէս կախեալ եղած է օտար եւ արուեստականօրէն ստեղծուած ոչկառավարական կազմակերպութիւններէ եւ ոչ թէ ազգային արմատներէ կազմուած եւ քաղաքացիական հասարակութեան կարեւորագոյն մասնիկ կազմակերպութիւններէ. ինչպիսին են կրօնական բնոյթով կազմակերպութիւններ, եւ արհեստակցական միութիւններ: Հոս տեղին է նշել թէ ժողովրդավարութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան գործօն մասնիկն է, եւ անոր հասկացողութիւնը պէտք չէ որ նոյն նեղմիտ մօտեցումին ենթարկուի ինչպէս ժողովրդավարական պաշտօնական հաստատութիւնները: Փոխարէն, կարեւոր է նկատողութեան առնել անոնց տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնները մասնակցութեան, հասանելիութեան, եւ վճռականութեան վրայ: Կարելի չէ անտեսել մասնակիցներու ներփակման, վճռականութեան, եւ բազմազանութեան հարցերը: Ժողովրդավարութեան խորիմաստ, եւ համապարփակ մտայղացման համար՝ »…կարեւոր է նայիլ պաշտօնական հաստատութիւններէն անդին, եւ ուսումնասիրել անհաւասարութիւնները, տարբեր ուժերու փոխյարաբերութիւնները, եւ ժողովրդական շարժումներու պայքարները«, կը յայտնէ Իշխանեան:
Նախկին Խորհրդային երկիրներէն ներս, քաղաքացիական հասարակութիւնը ընդհանրապէս անտեսուած է հարցերու լուծման գործընթացէն ներս: Իրինա Ղաբլանեան այդ կէտը կը շեշտէ, եւ կը տեղեկացնէ թէ այդ հարցերը, Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, ստեղծած են »ժողովուրդներու ռազմունակութիւն եւ անհամաձայնութիւններու վրայ հիմնուած քաղաքական մշակոյթներ, որ աւելի կը դանդաղեցնեն ժողովրդավարութեան զարգացումը«:
Հայաստանի, Ատրպէյճանի, եւ Արցախի ժողովուրդները հեռու են բանակցութիւններու ընթացքէն եւ, որոշ ճիգերէ անկախ, չեն կրցած յաղթահարել այն դժուարութիւնները քաղաքացիական հիմքով խաղաղական շարժումի մը հաստատման համար:
Էլիզա Որբերեան Յակոբեան, իր յօդուածին մէջ կը նշէ թէ ընդհանրապէս, հայկական հաղորդամիջոցները, եւ մասնաւորաբար ելեկտրոնային հաղորդամիջոցները, վերջին ծայր սահմանափակ ազդեցութիւն ունին քաղաքացիական հասարակութեան կազմութեան վրայ: Իրապէս վրդովիչ է թէ 2008ին, Հայաստանի ժողովուրդին 5.8 տոկոսը միջոցը ունէր եւ կանոնաւորաբար գործածեց համացանցը:
Անկասկած, հաղորդակցութիւններ դիւրացնող արդի միջոցները քաղաքացիական հասարակութեան կարեւորագոյն մասնիկներէն են, եւ այդ ուղիով Հայաստանի ներկայ պատկերը գոհացուցիչ չէ: Հոս, առաջնահերթ մտահոգութիւնը անբաւարար ենթակառոյցն է, որ կ’արտացոլացնէ պատկերը: Ասկէ աւելի վտանգաւոր է ձախող կառավարման ստեղծուած պատկերը եւ վատ հեռահաղորդակցութեան օրէնքները, որոնք կը կաշկանդեն թէ° համացանցային հաղորդամիջոցները եւ թէ° այլ կերպի ելեկտրոնային հաղորդամիջոցները: Նոյնպէս, լաւ կառավարման պակասը կը հանդիսանայ իբրեւ ընկերութեան արգելափակման ձեւ մը, կամ, ինչպէս Ուէպըր կը բացատրէ, այս՝ ընտրանիին ջանքերէն մէկն է՝ ժողովուրդին առիթ չտալ օգտուելու ընկերային աղբիւրներէն, բերելով գործունեայ մասնակցութիւն: Ուրեմն, նմանօրինակ »տիճիթըլ« բաժանում կը նշանակէ ընկերային անհաւասարութիւն եւ կը սահմանափակէ ընկերային կապ եւ միջհաղորդականութիւն:
Դժուար աշխատանք է քաղաքացիական հասարակութիւնը գործի լծել Սփիւռքի մէջ: Սօսի Գասպարեան այդ պարտականութիւնը առած է, գործածելով Կիպրոսի »Մելգոնեան« վարժարանի հարցը: Ընդհանրապէս, քաղաքացիական հասարակութիւնը յղացուած է եւ նկատի առնուած է իբրեւ տեղական սահմանային եւ իրողական: Սփիւռքի պարագային, ան արտասահմանային, աշխարհական եւ ընդհանրապէս համացանցային (virtual) է:
»Մելգոնեան«ի հարցը դուրս ձգելով, կարեւոր է նշել որ Սփիւռք իր ամբողջութեան մէջ շահերու նոյնանման ինքնութիւն կ’արտայայտէ, եւ տարբեր գաղութներու միջյարաբերութիւնը, ազգերու շահերու հիմքով եղած են: Այս յարաբերութիւնները կրնան նաեւ ապացուցել նոյնանման քաղաքական կերպընթաց, շեշտելով քաղաքականացման արդիւնք՝ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական վարքագիծի եւ մշակոյթի պահպանումն ու տեւականութիւնը, գաղութ առ գաղութ:
Ընտանեկան կապեր, դպրոցական գործունէութիւն, մշակութային ակումբ, կրօնական հաստատութիւններ, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ իրենց բազմաթիւ ճիւղերով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, կ’ամբողջացնեն Սփիւռքեան հրապարակային շրջանակը եւ ընդհանրապէս կը գործեն լռելեան հաստատուած սկզբունքներու եւ օրէնքներու վրայ որոնք կ’առաջնորդեն ժողովուրդը: Այս գործընթացը, այսինքն քաղաքականացումը (political socialization), կրնայ մեկնաբանուիլ իբր դարբնումը Սփիւռքեան քաղաքական մշակոյթին, որ իր կարգին, լայնօրէն կը սահմանէ համայն Սփիւռքի քաղաքական վարքագիծը:
Այս յիշելով հանդերձ, պէտք է աւելցնել որ հայկական Սփիւռքին թէ սահմանադրական եւ թէ յարաբերական գիտութիւնը չէ զարգացած: Որպէս ամբողջութիւն, ան կարիքը ունի կազմակերպական, վարքագծային, մշակութային, քաղաքականացման եւ մինչեւ իսկ մօտէն քննարկման: Նաեւ, ան կարիքը ունի ամբողջական մեկնաբանութիւններու, ըլլան անոնք կազմակերպութիւններ կամ համայնքներ: Օրինակի համար, ի՞նչ է Սփիւռքը կամ Սփիւռքի հայերը ի՞նչպէս քաղաքականացած են: Հայորդիք որոնք իրենց արեւմտեան ազատականժողովրդական երկիրներու մէջ եւ կամ »կեթօ«ներէ ներս տնեցի են:
Կրնայ ճիշդ ըլլալ որ հայկական ինքնութիւնը Սփիւռքի մէջ, գոյատեւման կերպ մըն է, խորապէս մխրճուած պատմութեան մէջ, եւ պարագայականօրէն սահմանուած: Անկասկած, հայկական Սփիւռքը իր քաղաքականութիւնը ունի, եւ այդ քաղաքականութիւնը կարելի չէ անջատել իր պատմութենէն: Ուրեմն, հայկական Սփիւռքին քաղաքականութիւնը կրնայ ու պէտք է յղացուի աւելի իբր ժամանակաքաղաքականութիւն (chronopolitics) քան աշխարհաքաղաքականութիւն (geopolitics):
Վերջապէս, այս ուսումնասիրութիւններուն մէջ նկատի առնուած չէ կարելիութիւնը, որ պետութիւնը կրնայ քաղաքացիական հասարակութեան անքակտելի մասը ըլլալ: Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որ պետութիւնները իրարմէ կը տարբերին իրենց քաղաքացիական հասարակութեամբ, նոյնպէս կարելի է նկատել որ անոնք ներքնապէս կապուած են անոնց: Պետութիւնները քաղաքական իշխանութիւն ունին ընկերութիւններու վրայ, եւ այսպէս կը նախադրեն անոնց: Այս քաղաքացիական հասարակութեան եւ պետութեան կապը նոյնպէս կը թելադրէ թէ անոնք զիրար կ’ամբողջացնեն: Աւելին, քաղաքացիական ընկերութիւնները կրնան ունենալ ինքնակազմակերպչական կարողութիւններ, եւ կրնան ծագում առած ըլլալ պետական մեքենայէն՝ հիմնուած կրթութեան, միասնականութեան, հաւատարմութեան, եւ ժողովրդավարութեան յառաջացման վրայ, կամ նոյնիսկ երբ դէմ յանդիման կու գան արտաքին թշնամիին: Վերջապէս, ինչպէս Ասպետ Գոչիկեանը այս թիւի, իր բացման յօդուածին մէջ կը յայտարարէ. »Ներքեւէն եկած ընկերութեան զօրացման եւ վերէն եկած կառավարութեան հաշուետուութեան յարաբերութիւնը, ի յայտ կը բերէ կարիքը մօտիկ քննութեան, եւ քաղաքացիական ընկերութեան զանազան տարողութիւնները, միջանկեալ պետութիւն չունեցող ընկերութիւնները«:
Read Time:3 Minute, 51 Second