Տասնամեակներէ ի վեր, Թուրքիա աշխարհին ծանօթ դարձած է ինքզինք ծիծաղելի դարձնող անհաւասարակշիռ արարքներով ու հակազդեցութիւններով:
Ամէն անգամ, որ պետութիւն մը կամ միաւոր մը Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը կը հաստատէ եւ արդարութեան ի նպաստ կը քուէարկէ, Թուրքիա կը դիմէ մանկական հին խաղին. դեսպանը տուն կը կանչուի, սպառնալիքներ կը տեղան դաշնակիցի ու բարեկամի գլխուն, իսկ վերջիններն ալ, մանկամտութիւն կեղծելով՝ խաղակից կը դառնան Անգարայի վարիչներուն, կը պարեն նոյն յանկերգներուն եղանակով: Յետոյ, քիչ մը ժամանակ կÿանցնի, թրքական սպառնալիքներուն սնամէջ ըլլալը կը յստականայ ու ամբողջ խաղէն կը մնայ… ծիծաղելիութեան վաստակին ստուարացումը:
Հիմա, Թուրքիոյ ու անոր պետական վարիչներուն պէս, իրենք զիրենք ծիծաղելի դարձնելու »ախտով, վարակուելու սկսած են այլապէս բանիմաց եւ իմաստուն հռչակուած պետական դէմքեր. Սպիտակ Տան պետին ու անոր արտաքին գործոց նախարարին կողքին, սկսած են փայլիլ պաշտպանութեան նախարարը եւ ուրիշներ. Շուէտի վարչապետն ալ հրապուրուած է այս խաղով. տեսանք թէ ինչպէ¯ս փութաց ներողութիւն խնդրելու Թուրքիայէն, որովհետեւ իր երկրին խորհրդարանը… ճիշդ որոշում մը տուաւ: Վաղը, ուրիշներ ալ կրնան ցատկել նոյն վակոնին մէջ: Չէ՞ որ 21րդ դարը կÿապրինք ու ականատես ենք չափանիշներու գլխիվայր շրջումին, դարաւոր ճշմարտութեանց խեղաթիւրման, սխալը իբրեւ ճիշդ, ու անբնականը իբրեւ բնական ծախելու ընթացքի՝ “քաղաքականութիւն’’ խաղալու ապիկարութեամբ:
Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրելու շուտիկութենէն առաջ, Շուէտի վարչապետը եթէ պահ մը մտածէր, թէ իր երկրին խորհրդարանը պատմական ճշմարտութեան մը ի նպաստ քուէարկած է, հետեւաբար նաեւ Արդարութեան յարած է, պիտի դիմէ՞ր ինքնանուաստացումի այդ քայլին, բացի այն պարագայէն, որ իր չքմեղանքի ճիգը ծնունդ է քաղաքական շիլ հաշիւներու, կացութիւն՝ որուն մասին դժգոհութիւն արտայայտած են ինք ու Թուրքիոյ ջոջերը, ծանօթ բանաձեւին քուէարկումէն ետք իրենց հաղորդակցութեան առիթով:
Ուաշինկթընի իմաստակ վարիչները հաւանաբար չեն իսկ անդրադառնար թէ ծիծաղելիութեան, ինքնահակասումի եւ ինքնաժխտումի ինչպիսի’ մրցանիշ կը հաստատեն (Թուրքիոյ նախանձը շարժելու աստիճան), երբ մէկ կողմէ՝ կը փորձեն խափանել Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ու այլուր, Թուրքիա կոչուած դաշնակիցին ու Հայաստանի միջեւ սկզբնաւորուած (իբրեւ թէ) բարեկամութեան էջը չխափանելու նախանձախնդրութեամբ, իսկ միւս կողմէ, փոխ նախագահին եւ նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարուհիին անունով սուր քննադատութիւն կþուղղեն, անգամուան մը համար՝ արդարօրէն, Թուրքիայէն աւելի’ սերտ դաշնակից համարուող Իսրայէլի իշխանութեան վարիչներուն դէմ, որովհետեւ Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշած է պաղեստինեան գրաւեալ հողերու վրայ բնակեցման 1,600 նոր միաւոր կառուցել: Հիլըրի Քլինթըն բառերը չծամծմեց, երբ փոխ նախագահ Պայտընի ու նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու համար վարկաբեկիչ որակեց Իսրայէլի որոշումն ու անոր հրապարակման պահը՝ Պայտընի Իսրայէլ կոխելու օրը, մինչդեռ անդին, պատմական ճշմարտութիւն մը, կը վարանի ահաւոր ոճիր մը կոչել իր իսկական անունով, կոչողներուն երեսին ալ »սխալ ըրիք, մը կը նետէ, ձայնակցելով իր նախագահին ու պաշտպանութեան նախարարին:
Տիկնայք եւ պարոններ. ո’չ ոք կրնայ արգելք ըլլալ, որ դուք ձեզ խայտառակէք յաչս ժողովուրդին ու աշխարհին, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կողքին կանգնողներուն աչքին առջեւ, ոչ ալ պէտք ունինք ձեզի անդրադառնալ տալու, թէ արգահատելիօրէն ծիծաղելի էք: Գոնէ ըրէք մէկ բան. ձեր ծիծաղելութենէն հեռու պահեցէք Ճշմարտութիւնն ու Արդարութիւնը, եթէ իսկապէս կը հասկնաք անոնց իմաստ ու արժէքը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Read Time:2 Minute, 12 Second