Տարիներէ ի վեր Ս.Վարդան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքը գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան Վարդանանց հերոսամարտի տօնակատարութեան կանխող Շաբաթ օրը, կը տօնակատարեն եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ պարահանդէսը:
Այս տարի եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 6, 2010ին երեկոյեան ժամը 7:30ին, Լիվօնիա քաղաքի (St. Mary) ի շքեղ սրահին մէջ: Ճաշկերոյթը նուիրուած էր հայ մշակոյթի հանճարեղ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան, միջազգային գրականութեան դափնեկիր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան 1000ամեակին:
Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք յարեց.»Սիրելի ազգայիններ, հանճարեղ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակն է, որ կը համախմբէ մեզ այստեղ, վերակենդանացնելու եւ պանծացնելու հայազգի այս համեստ մենակեացին յիշատակը եւ մեզի թողած հոգեւոր—մշակութային արժանաւոր ժառանգը:
Ցեղեր կան, որոնց արգանդը մարդ կը ծնի: Ցեղեր ալ կան որոնք հրէշ կը ծնին: Հայ ցեղի արգանդի արգասաբեր պտուղն են Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցները, Վարդաններնու Նարեկացիները: Որպէս գիտակից հայեր ոչ միայն պէտք ենք պարծենալ մեր արժէքներով այլեւ պէտք է յառաջ տանինք ու ճոխացնենք մեր բազմադարեան մշակոյթը, որ եղած է ազդակ մեր գոյատեւման:
Փառք հայ ցեղի հրաշածին արգանդին«:
Ապա, Պրն. Կարոյ Լաչինեան խտասալիկով ցոյց տուաւ Վասպուրականի եւ Նարեկայ վանքի հայող նկարներ:
Այնուհետեւ լոսանճելոսաբնակ սիրուած երգիչ՝ Ներսիկ Իսբիրեան եւ իր նուագախումբը ազգային երգերով, եւ պարեղանակներով խանդավառեցին ներկայ հասարակութիւնը:
Read Time:1 Minute, 1 Second