Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2010ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լիվօնիա քաղաքի (Sacred Heart Byzantine Church) եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ Աւարայրի հերոս նահատակներուն հոգւոց խաղաղութեան համար:
Ս. Պատարագը մատոյց. Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան : Ս. Պատարագի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, Հայց. Առաքելական Ս. Սարգիս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը: Յընթացս Ս. Պատարագի անգլերէն լեզուով իր օրուայ պատգամը տուաւ Պատուելի Մակարիոս Տարրաուին, ան վեր առաւ Վարդանանց ոգին ու տեսիլքը, որ դարեր շարունակ խթան հանդիսացան եւ սորվեցուցին ամէն տեսակ թշնամիին դէմ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչ »Վասն կրօնից եւ վասն հայրենեաց«:
Այնուհետեւ Հայերէն լեզուով Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան, իսկ Արժպ. Տ. Կարապետ Աւգ. Քհնյ. Գոչակեան երկլեզուով, իրենց օրուայ պատգամները կամրջեցին մեր ժողովուրդին երէկը այսօրը ու վաղը:
Տ. Տարօն Ստեփանեան իր պատգամին բնաբանը ընտրած էր Աւարայրի հերոսներու »Մահ Ոչ Իմացեալ Մահ Է, Մահ Իմացեալ՝ Անմահութիւն Է«:
Աւարայրի հերոսները Յազկերտի ղրկած կրօնափոխութեան հրովարտակին մէջ տեսան պարսիկ արքունիքի հայակուլ քաղաքականութեան բոլոր հետեւանքները, եւ ընտրեցին »Մահ իմացեալ, որ անմահութիւն է « նշանաբանը, եւ այդ ոգիով 451ին, Ո°չ ըսին Պարսիկ գերազանց հզօր բանակին : Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուած 1066 քաջերը, Եղիշէի ու Ղազար Փարպեցիի անմահ երկերով պանծացան, եւ մեր Ս. Հայրապետներու կողմէ անցան սուրբերու շարքերը, եւ ժողովուրդին համար դարձան հայրենիքին բոլորանուէր ծառայելու պայծառ տիպարներ:
Արժպ. Տ. Տարօն եզրափակեց իր պատգամը յարելով.»Եւ, վերջապէս, այսօր այս ափին հեռու Յազկերտներու եւ Թուրք Սուլթաններու բռնութիւններէն, հետզհետէ սկսած է մեր ընտանեկան յարկերէն ներս թէ դուրս, մեր ազգային հաւաքական եւ կրօնական կեանքին մէջ դրսեւորուիլ անտարբերութիւն մը Մեսրոպեան ոսկէհնչիւն լեզուին գործածութեան, եւ մոռացումը մեր դարաւոր ազգային արժէքներու նկատմամբ, մեզ ձգելով լուրջ հարցականի մը առջեւ, պահ մը մենք մեզի հարց տանք արդեօ՞ք դարձեալ պէտք ունինք նոր Պարսիկ Յազկերտներու եւ Թուրք Սուլթաններու, որպէսզի զգաստութեան գանք, եւ մեր հոգեւոր եւ ազգային բարոյական ինքնութեան արժանիքներով զինուած պատնէշ կանգնինք համաշխարհայնացումի ընդձեռնած գիտելիքներու տիրապետող հմայնքներէն կլանուած մեր զաւակներու ազգային ինքնութեան սպառնացող բոլոր տեսակի վտանգներուն դէմ:
Ապա, Արժպ. Տ. Կարապետ Աւգ. Քհնյ. Գոչական իր խօսքը սկսաւ.»Փոքր տարիքիս սորված եմ այս գեղեցիկ բառերը որոնք մինչեւ օրս դրոշմուած կը մնան մտքիս ու հոգիիս մէջ »Հայ եմ ես, Հայ եմ ես, Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես«: Այս պահուն հարց կու տամ ձեզի ո՞ւր են ձեր զաւակները ու թոռները. վստահ եմ որ տան մէջ հեռատեսիլի եւ այլ տեսակ ժամանցի գործիքներու առջեւ նստած զրկուած կը մնան Աւարայրի նահատակներու սրբազան կտակէն:
»Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին« հրաշունչ պատմութեան հերոսները դարեր շարունակ հայ հոգիին ու մտքին մէջ վառ պահեցին ազգային ինքնուրոյն արժէքներու գիտակցութիւնը:
Յաջորդող սերունդներու կեանքի մէջ, դարեր շարունակ Աւարայրի պատգամը ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը հանդիսացաւ իր մղած ազգային գոյապայքարին:
Յուսամ որ յառաջիկայ տարի Աստուծոյ այս տան մէջ, ձեր զաւակներով ու թոռներով ներկայ գտնուիք Աւարայրի նահատակներու հոգւոց խաղաղութեան մատուցուած Ս. Պատարագին, որպէսզի անոնց թողած կտակը, իբրեւ մնայուն ներկայութիւն՝ դառնայ իրենց կեանքի ընթացքին յուշարար իրենց ազգային պատկանելիութեան:
Ս. Պատարագի աւարտին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ պատուակալ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տիրան Աւգ. Քհնյ. Փափազեանի աղօթքով, եւ հոգեւոր հայրերու »Պահպանիչ«ով, իր աւարտին հասաւ եկեղեցական արարողութիւնը:
Այնուհետեւ ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ յարակից սրահը, ուր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Read Time:2 Minute, 28 Second