ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ԱՂՕԹՔ՝ ՍՆՈՒՆԴ ՀՈԳՒՈՑ

0 0
Read Time:6 Minute, 25 Second

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

Քրիստոնէական կեանքի գրաւական կենցաղը, աղօթքի կեանքն է: Աստուծոյ հետ կապ հաստատելու, խօսակցելու եւ Իր ներկայութեան մէջ ըլլալու ընթացք մըն է աղօթքը, որ մեր հոգիները կ’ազնուացնէ, կը գեղեցկացնէ, կը զարդարէ, սրտերը կը մաքրէ, խորհուրդները կը յստակացնէ, մեզ դարձնելով մեր հարազատ պատկերին՝ Աստուածայինին:
Աղօթքի կարեւորութիւնը հոգիին համար մեծապէս անհրաժեշտ է ու էական, ինչպէս հացը մարմնական սնունդին համար: Հոգիի յարատեւման ու անոր լիցքաւորման ամէնէն կարեւոր ազդակը աղօթքն է:
Աղօթքը քրիստոնեային ամէնէն ուժեղ ու մնայուն զէնքն է, որ դէմ կը դնէ ու կը յաղթէ բոլոր տեսակ չարիքի, ձախողութեանց, յուսահատութեանց, որոնք յառաջ կու գան երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէ:
Քրիստոս Աստուած յարատեւ քաջալերեց ու ինք հանդիսացաւ օրինակն ու մարմնացումը աղօթքին ու աղօթքի կեանքին: Իր երկրաւոր առաքելութեան մէջ աղօթքը անպակաս իրողութիւն մը եղաւ, հրաշքներու պատճառ դարձաւ, Աստուծոյ Որդի ըլլալու իրողութիւնը հաստատեց, ու հիմքը դրաւ այն կրօնքին, որուն վերնագիրը եղաւ աղօթքը:
Առանց աղօթքի ամէն տեսակ կապ եւ յարաբերութիւն կը չքանայ Հօր Աստուծոյ հետ, կը կտրուի թելը մեր կապին ու կը մնանք հեռու Աստուծմէ, Իր արդարութենէն, ճշմարտութենէն եւ սրբութենէն: Եթէ երբեք մտածենք կամ հարց տանք մենք զմեզ թէ ի՞նչ է իմաստը այս կեանքին առանց աղօթքի, հոն պիտի գտնենք միայն ու միայն ունայնութիւն, անառակ կեանք, մեղաւոր ընթացք, չարիք, որոնց աւարտը բնականաբար կորուստ է:
Աղօթքը թէեւ ազատ խօսակցութիւն մըն է Աստուծոյ հետ, առանց պայմանի կամ յատուկ դասաւորման, սակայն աւելի պատեհ եւ ազդու կը դառնայ մեր աղօթքը, եթէ սկիզբէն գիտութիւնը ունենանք թէ ի՞նչ բնոյթով ու կանոնով պէտք է աղօթենք: Աղօթքը ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ գոհութիւն տալ, Աստուծոյ Փառքը գովերգել եւ Երկնքի Արքայութիւնը խնդրել է: Առաւել, աշխարհի խաղաղութեան, Հայրենիքի բարգաւաճման համար աղօթել, հիւանդներու բժշկութեան, մարդոց միջեւ սիրոյ եւ համերաշխութեան ներկայութեան եւ նմանին համար աղօթել, անձնական խնդրանքներ հայցել Աստուծմէ եւ աղօթել այն անձերուն փոխարէն, որոնք չեն գիտեր աղօթել, չեն սորված աղօթել կամ չեն սիրեր աղօթել, որպէսզի Աստուծոյ Սուրբ Հոգին զանոնք դարձի բերէ, անոնց օգնութեան հասնի, բարեխօսէ ու հրաւիրէ աղօթքի կեանքին:
Աղօթքը ունի իր երկու կատարման ձեւերը, անհատական աղօթք եւ հաւաքական աղօթք:
Անհատական աղօթքը կը վերաբերի անհատ անձին, որ ինք իր հետ ըլլալով, մէկ կողմ քաշուելով կþաղօթէ, Աստուծոյ հետ պահ մը կը հաղորդակցի, որ ինքնին այնքան խորունկ իմաստ մը ունի, որ տուեալ անձի հոգին, թեւ առնելով ազատօրէն կը թռչի սաւառնելով միշտ դէպի վեր, դէպի անհունը՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը:
Անհատական աղօթքին բնոյթը կը կայանայ անհատ անձի գիտակցութեան եւ աղօթքի մասին անոր ճիշտ ըմբռնման մէջ, որովհետեւ աղօթքը եւս ունի իր պատշաճութիւնը եւ առողջ ըմբռնման գրաւականը: Անհատական աղօթքը մարդ անհատը կþառաջնորդէ հաւաքական աղօթքի կատարման, իրեն տալով համարձակութիւն եւ միասնական աղօթքի հասկացողութիւն ու անոր կարեւորութեան ըմբռնում:
Հաւաքական աղօթքը կը մարմնաւորէ Եկեղեցին, կը բնորոշէ անոր էութենական իմաստը ու անոր կը պարգեւէ մեծ խորհուրդ մը, որ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնի ներկայութեան աղօթքի մթնոլորտն ու կատարումն է: Հաւաքական աղօթքը ինքնին ուժ եւ զօրութիւն է, յաղթութիւն եւ միասնութիւն է ու մանաւանդ Քրիստոսի օրհնաբեր ներկայութիւն: Քրիստոս հաստատեց. »Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ« (Մտ 18.20):
Քրիստոս տեւաբար աղօթեց ու գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ (Մտ 11.2526), երբ հրաշք կը կատարէր աղօթքի զօրութեամբ կը կատարէր ու զանազան բժշկութիւններ կը կատարէր, միշտ վկայելով աղօթքի զօրութեան մասին (Մտ 17.21):
Յիսուս աղօթեց Եկեղեցիին համար, որուն գլուխը ինք է, աղօթեց հաւատացեալներու միութեան, անոնց փրկութեան եւ անվտանգութեան համար (Յվ 17.126): Գեթսեմանիի մէջ աղօթեց Իր Հօր Աստուծոյ երբ տրտում էր ու կը տագնապէր (Մտ 26.3646):
Առաքեալներու նամակներուն մէջ եւս կը տեսնենք մնայուն ներկայութիւնը աղօթքին, միշտ յանձնարարելով, որ աղօթենք իրար համար, եւ միշտ մնանք զԱստուած գոհաբանողներ (Եփ 6.18), (Կղ 4.23), (Յկ 5.16):
Շատ են օրինակները Սուրբ գիրքին մէջ, որոնք վեր կը պահեն աղօթքի անհրաժեշտութիւնը եւ զօրութիւնը:
Աղօթքը փորձառութեան ընթացք մը ու ճանապարհորդութիւն մըն է Աստուծոյ հետ, որուն միջոցաւ միշտ նորանոր փորձառութիւններ ձեռք կը բերենք եւ տարբեր ձեւով կը սկսինք դիտել զանազան հարցեր մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Տարբեր լուծումներու կը յանգինք մեր ապրած հանգրուաններուն մէջ, որոնք իսկապէս հեզասահ եւ բարի վախճան մը կþունենան: Աղօթքը թեթեւութիւն մը կու տայ հոգիին, որպէսզի ան հանգիստ ու խաղաղ ապրի:
Երբ կը կարդանք սուրբերու կեանքին մասին, հոն կը տեսնենք թէ անոնք աղօթքի զօրութեամբ մեծ փորձառութիւններ ունեցած են իրենց հոգեւոր կեանքի աճման ու զարգացման մէջ: Անոնք աղօթքով կրցած են յաղթել ամէն տեսակ փորձութեանց, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր կենարար մկրտութենէն ետք Քառասուն օրեր անապատին մէջ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ անցուց, յաղթելով ու տապալելով սատանան:
Մինչեւ այսօր, երբ կը դիտենք մեր շրջապատը ու կը գտնենք աղօթող անձեր, որոնք իսկապէս հաւատքով ու հոգիով կ’աղօթեն, կը տեսնենք որ անոնց կեանքին մէջ տարբեր տեսակ անդորրութիւն մը գոյութիւն ունի: Ուստի հարկ է, որ ժամանակ տրամադրենք աղօթքի, որպէսզի իսկապէս ճաշակենք անոր քաղցրութիւնը ու հասնինք Աստուծոյ գիտութեան ու հոգեւոր կեանքի քաղցր փորձառութեան:
Աղօթքի կեանքին մէջ շատ անհրաժեշտ է յարատեւութիւնը: Աղօթքը յատուկ ժամանակի մը համար չէ միայն, կամ յատուկ պարագաներու համար, այլ աղօթքին արդիւնքը կը կայանայ անոր յարատեւ կատարման մէջ, միշտ աղօթելով, առանց ձանձրանալու կամ շուտափոյթ լուծում սպասելու ակնկալութեամբ, այդ մէկը կը դադրի աղօթք ըլլալէ, դառնալով պայման կամ սպասում:
Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ, առաքեալը հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ ըսելով. »Միշտ ուրախ եղէք, անդադար աղօթեցէք: Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա° կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք« (Ա. Թս 5.1618): Աղօթող անձը միշտ ուրախ ու գոհունակ կ’ըլլայ, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ վրայ դրած կþըլլայ իր յոյսը, զԱստուած ընդունելով որպէս իր միակ ապաւէնը:
Աղօթքը սորվելով յառաջ կու գայ եւ մեր միակ ու լաւագոյն ուսուցիչը Քրիստոսն է, որ յատուկ ձեւով սորվեցուց թէ ինչպէս պէտք է աղօթել եւ ինչ պէտք է աղօթել, պատուիրելով մեզի նախ աղօթել »Տէրունական Աղօթք՝ Հայր մեր…«ը, որ մեծագոյն աղօթքն է քրիստոնեաներուս համար, որպէս ուղղակի Քրիստոսի կողմէ ուսուցուած ու թելադրուած աղօթք (Մտ 6.515): Մատթէոս Աւետարանի Վեցերորդ գլխուն մէջ նշուած այս համարները, մեզի համար առաջնորդող ու լաւագոյնս մեկնաբանող տողեր են աղօթքի, անոր կատարման, ձեւին ու բովանդակութեան տեսակէտէն:
Հաւատքը եւս շատ մեծ դեր ունի աղօթքի կեանքին մէջ: Եթէ երբեք կասկածինք Աստուծոյ ամենակարողութեան վրայ, հոն արդէն աղօթքը կը դառնայ անիմաստ, որովհետեւ եթէ պիտի դիմենք Աստուծոյ, վստահ պէտք է ըլլանք որ Իր օրհնեալ կամքին համաձայն պիտի կատարէ մեր խնդրածները: Աստուած շատ լաւ գիտէ թէ ինչի կարիքը ունինք եւ ըստ այնմ կը կատարէ մեր խնդրանքները, եթէ մենք նոյնիսկ չենք գիտեր երբեմն մեր խնդրանքներն ու պահանջքները, սակայն Աստուած վստահ գիտէ ու ըստ այնմ կը հոգայ: Հաւատքի դերը շեշտելով, Քրիստոս առիթով մը առաքեալներուն պատուիրեց, թէ ինչ բան որ հաւատքով խնդրեն՝ պիտի ստանան (Մտ 21.22):
Մեր հայ լեզուն կը բնորոշուի որպէս աղօթքի լեզու: Գրաբար մեր սքանչելի լեզուն, իսկապէս վայելուչ եւ աղօթաբոյր լեզու մըն է: Ունինք բազմաթիւ աղօթքներքրիստոնէական մեր հաւատքը թարգմանող, եկեղեցական ու ազգային մեր ինքնութիւնը արմատաւորող ու մեր ժողովուրդի դարաւոր նեղութեանց ու չարչարանքներուն արդիւնք եղող մեր պաղատանքները առ Աստուած հասցէագրող: Մեր դարաւոր հիմք ու արմատ ունեցող աղօթքները, կը կազմեն վիթխարի ծաւալ ունեցող ու խորիմաստ աստուածաբանութիւն ներգրաւող գրականութիւն եւ կրօնագիտական հաստատում:
Այբուբենի առաջինը՝ Աստուած, իսկ վերջինը՝ Քրիստոս, որովհետեւ անոնք են իրականութիւնները մեր կեանքին ու գոյութեան, անոնք են սկիզբն ու վախճանը մեր կեանքին:
Մեծ Պահոց Հինգերորդ Կիրակին, ըստ հայ Եկեղեցւոյ գեղեցիկ եւ տրամաբանական սահմանումին կը կոչուի »Դատաւորի Կիրակի«, հիմնուած Ղուկասի Աւետարանին մէջ Քրիստոսի կողմէ իր աշակերտներուն պատմած առակին »Այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը« (Ղկ 18.18) հիման վրայ:
Այս առակի խորհուրդը մեծապէս կը յարմարի պահեցողութեան ընթացքին, որ ինքնին անդուլ կերպով աղօթելու, վստահելու եւ Աստուծոյ դիմելու լաւագոյն օրինակն է: Այս առակը կը սրտապնդէ ու կը վստահեցնէ մեզ, թէ ինչ որ հաւատալով խնդրենք, առանց յուսահատելու, վստահաբար ի կատար պիտի ածուի:
Քրիստոնեայի կեանքին միակ վստահելի ապաւէնը Աստուած է, ուստի Ինք է միակ արդար Դատաւորը, դատաւորներուն Դատաւորը, որ խտրութիւն չի դներ մարդոց դատերուն միջեւ, ինչպէս ըրաւ երկրաւոր դատաւորը, խտրութիւն դնելով, որովհետեւ այրի կինը աղքատ էր ու անտէր:
Յիսուս ցոյց կու տայ այս առակին ընդմէջէն, թէ երկրաւոր դատաւորը, որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կþամչնար տեսաւ այրի կնոջ դատը, որքա¯ն ուրեմն մեր երկնաւոր Հայրը Աստուած պիտի մեր դատերը նայի երբ իրեն դիմենք մեր աղօթքներով ու խնդրանքներով:
Աղօթքը կը յաղթէ ամէն զօրութեան եւ հզօրութեան, սակայն աղօթելու համար պէտք է մեր սրտերը, հոգիներն ու մտքերը մաքրենք, որպէսզի պատրաստ ըլլանք ընդունելու Քրիստոսը մեր էութեան մէջ ու պատրաստուինք Իր Հրաշափառ Յարութեան վկաները դառնալու արժանանալով բիւր եւ անհատնում օրհնութեանց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles