Նիւ Եորք
Կրկին գրիչս ձեռք կþառնեմ անգամ մը եւս գրելու եւ յստակացնելու համար Հայաստանի օրհներգին՝ «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութեան պատկանելիութեան առեղծուածային հարցը, քանի որ մինչեւ օրս սխալ հեղինակի կը վերագրուի ան։
Անգամ մը եւս կը գրեմ այս մասին, որովհետեւ ցարդ շատ քիչերու մօտ ճշդում կատարուած է։ Տրուած ըլլալով որ այս ամրան քանիերրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի հեռուստատեսութեան Առաջին ալիքին վրայ ներկայացուած հերթական «Արուեստանոց» ծրագրին վրայ անգամ մը եւս կը ներկայացուէր Կոմպոզիտոր Վաչէ Շարաֆեանի ելոյթը ուղղուած համալսարանականներուն ու անշուշտ ընդհանուր հանրութեանը, նաեւ ստիպեց զիս գրելու այս յօդուածը։
Երբ, պրն. Շարաֆեան «հեղինակային երաժշտութիւն» նիւթին մասին կը խօսէր, ի միջի այլոց անդրադարձաւ երկրի հիմնին՝ «Մեր Հայրենիք»ի հեղինակային պատկանելիութեան մասին սրբագրելով կատարուած սխալը, զոր մինչեւ օրս կը կատարուի շնորհելով անոր ստեղծագործութիւնը Բարսեղ Կանաչեանին։
Մինչեւ հոս Պրն. Շարաֆեանին ըսածները ճիշդ էին։ Բայ, երբ շարունակեց խօսքը «Էվրէքա»յի մը ուրախութեամբ վերագրելով «Մեր Հայրենիք»ի եղանակին հեղինակութիւնը Քրստափոր Կարա¬Մուրզային ու որպէս հաւաստի աղբիւր յիշեց թէ՝ իր բարեկամներէն մէկը տեսեր էր անոր ձայնագրութիւնը Երեւանի Չարենցի Անուան Պետական Գրադարանին Քրիստափոր Կարա¬Մուրզայի արխիւներուն մէջ վրան գրուած՝ հեղինակը Կարա¬Մուրզա, չեղաւ այս։
Անցեալ տարի, երբ լսեցի առաջին անգամ ըլլալով այս ծրագիրը չուզեցի անդրադառնալ այս հարցին մասին, որովհետեւ ամենատարածուն եւ վաւերագրական օրինակներով ներկայացուցած էի ուսումնասիրութիւններ թէ՝ «Քրիստափոր Կարա¬Մուրզա» գրքիս եւ թէ՛ Սփիւռքի եւ հայրենի թերթերու մէջ։
Բայց, երբ որ նոյն սխալը քանիցս կրկնուեցաւ հայրենի հեռուստատեսութեան վրայ, որոշեցի անգամ մը եւս հանրութեան եւ յատկապէս երաժշտական ու պետական շրջանակներուն համար գրել սոյն հարցին մասին։
Կոմպոզիտոր Վաչէ Շարաֆեանին արտայայտութիւնը զիս յիշեցուց ժողովրդական հետեւեալ խօսքը.¬ «Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք»։ Մէկ սխալէն ազատեցանք, ուրիշ սխալի մը մէջ ինկանք։ Մեզ այս եզրակացութեան յանգեցուց պրն. Շարաֆեանին, նոր տեսութիւնը, ըստ որում առանց Կարա¬Մուրզայի արխիւային անձամբ հետազօտութիւններ կատարուելուն, յայտարարութիւններ կþընէ հեռուստատեսութենէն։
Ես կը համարձակիմ ըսելու որ բաւականին խորազննին կերպով ուսումնասիրած եմ Կարա¬Մուրզայի արխիւները ու իր գրականութիւնը, որոնց որպէս արդիւնք 2013¬ին Երեւանի Կոմիտասի Անուան Պետական Կոնսերվատորիային կողմէ հրատարակուեցաւ «Քրիստափոր Կարա¬Մուրզա» անուն ծաւալուն գիրքս, ուր «Մեր Հայրենիք»ի երաժշտութեան հարցը ներկայացուցած եմ 18 էջերով։
Արխիւներու ուսումնասիրութեանս ժամանակ ոչ մէկ տեղ տեսած եմ իր անունը որպէս «Մեր Հայրենիք»ի երաժշտութեան հեղինակի։ Իր անունը կայ իբրեւ մշակողի «Մեր Հայրենիք»¬ի եղանակին, որ կը նշանակէ թէ՝ եղանակը իր ստեղծագործութիւնը չէ, ինք միայն քառաձայնած է զայն։
Պարզաբանելու համար այս հարցը բերեմ մի քանի պատկերաւոր օրինակներ։ ¥Տեղի սղութեան պատճառաւ օրինակները իրենց ամբողջութեանը մէջ բերելու փոխարէն պիտի բաւարարուիմ ներկայացնելով օրինակներուն միայն մեր հարցին հետ անմիջական աղերս ունեցող մասերը։ Այս ալ աւելցնեմ որ, Կարա¬Մուրզայի հարուստ արխիւին մէջ գտնուող ձայնագրուած գործերը մեզի հասած են, առաւելաբար, շնորհիւ հետեւեալ անձերու արձանագրութեանց։ Քրստափոր Կարա¬Մուրզայի, եղբօրը՝ Պօղոս Կարա¬Մուրզայի, քրոջ որդւոյն՝ Քրստափոր Քուշնարեանի¤։
Մեծ Ռուս կոմպոզիտոր Alexander Glazunov¬ի ¥1866¬1936¤ «Raymonda» պալէի, յօրինուած 1896¬1897 տարիներուն, «Act III: 2 la Cortege Hongrois»¬ի 34¬49¬րդ հատուածներուն ¥mesure¤ մէջ կը տեսնենք «Մեր Հայրենիք»ի եղանակին երկու անգամ կրկնութիւնը, որուն ձայնագրութիւնը կը ներկայացնեմ ստորեւ.¬
Photo.- Այս գործը ոչ կապ ունի Բարսեղ Կանաչեանի հետ։ Կանաչեան 11¬12 տարեկան էր այս ժամանակ։
1909¬ին, Թեսաղոնիկէի մէջ «International Talking Machine Co M.B.H. ODEON RECORD» ընկերութիւնը, փոքրիկ յոյն նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ, երգիչ Յովհաննէս Էֆէնտիի կատարմամբ սկաւառակի վրայ կը հրապարակէ «Մեր Հայրենիք»ը, որուն լուսապատճէնը կը ներկայացնեմ ստորեւ.¬
Սոյն Օրինակը մեծ շնորհակալութեամբ ստացայ բարեկամներէս երաժիշտ¬ստեղծագործող՝ Արա Տինքճեանէն։ Այս օրինակը եւս ոչ մէկ կապ ունի Բարսեղ Կանաչեանի հետ։
1999¬ին, Քալիֆորնիա հրատարակուած «Կենաց Երգեր» երգարանին մէջ «Մեր Հայրենիք»ը կը ներկայացուի այսպէս.¬
2002¬ին, Հայաստան հրատարակուած «Անմոռաց Երգեր» երաժշտահատորին մէջի «Մեր Հայրենիք»ը եւս կը ներկայացուի երաժշտութիւնը՝ Բարսեղ Կանաչեանի կերպով, այսպէս.¬
«Encyclopedia of National Anthems», Edited by Xing Hang. The Scarecrow Press, Ink, Lenham Maryland and Oxford. 2003, 25-27 էջերով, հիմնուելով Հայաստանի պետութեան կողմէ հայթայթուած տեղեկութեանց վրայ, այսպէս կը հրատարակէ «Մեր Հայրենիք» ը.¬
Նոյնպէս, նման սխալը կը տեսնենք W.L.Reed եւ M.J.Bristew¬ի խմբագրութեամբ հրատարակուած «National Anthems of The World» գրքին մէջ, այսպէս.¬
Այս չորս օրինակները սխալ են։
Ահաւասիկ այլ հեղինակաւոր անձի մը սխալ կարծիքը։
Յունիս 27, 2016¬ին, հայրենի հեռուստատեսութեան 1 ալիքին «Արտ Կանոն» ծրագրին վրայ, վարիչ Արամ Աբրահամեան երկու հիւրեր հրաւիրած էր դիտարկելու համար Հայաստանի Օրհներգը, իր զանազան խնդրահարոյց կողմերովը։ Հիւրերն էին՝ Երեւանի Կոմիտասի Անուան Պետական Կոնսերվատորիայի փրոֆէսոր¬կոմպոզիտոր՝ Վարդ Մանուկեան եւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան։ Այս զրոյցի ընթացքին տիկ. Վարդ Մանուկեան ի միջի այլոց ըսաւ հետեւեալը.¬ «Միքայէլ Նալբանդեանի «Իտալացի Աղջկայ Երգը» բանաստեղծութեան եւ Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտութեան վրայ հիմնուած Հայաստանի 25¬ամեայ Օրհներգը դարձել է կռուախնձոր»։
«Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը Բարսեղ Կանաչեանին չի պատկանիր։ Ան, այլոց նման ուրիշ առած է այդ երգը եւ միայն քառաձայնած է զայն, այդքան միայն։
Հայ ժողովուրդը «Մեր Հայրենիք»ը երգած է ներկայիս երգուող Օրհներգին յար եւ նման եղանակով Բարսեղ Կանաչեանի ծնունդէն շատ աւելի առաջ։
Եւ վերջապէս, «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը չի կարելի Բարսեղ Կանաչեանին վերագրել, քանի որ Քրստափոր Կարա¬Մուրզայի տուած առաջին համերգի ծրագրին առաջին երգը եղած է «Երգ Իտալուհւոյ»ն քառաձայն խմբերգը, որ արդի հայ բազմաձայնային¬խմբերգային կատարողական արուեստի պատմութեան առաջին համերգն էր եղած ու այդ տարիին՝ 1885ին կը ծնէր Բարսեղ Կանաչեան։ Ահաւասիկ ծրագրին մեզ հետաքրքրող մասին լուսապատճէնը։
Այլեւս չեմ յիշեր Կարա¬Մուրզային կողմէ դաշնակի համար մշակուած այն երգերուն փունջը, ուր ի միջի այլոց, կային նաեւ «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը, զոր հրատարակուած էր 1883¬ին։ ¥Այս փակագծին մէջ, չափազանց վերապահութեամբ ըսեմ որ, գուցէ Alexander Glazunov այս հրատարակութենէն առած ըլլայ «Մեր Հայրենիք»ին եղանակը, քանի որ Կարա¬Մուրզայի այս յիշեալ երաժշտահատորը Ռուսիա հրատարակուած էր¤։
Այս բոլոր օրինակներէն յետոյ, հետեւաբար, սխալ է «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը վերագրել Բարսեղ Կանաչեանին։ Բարսեղ Կանաչեանին անունը պէտք է յիշուի այլ մշակողներու կարգին միայն իր քառաձայնած տարբերակին վրայ։
Այժմ, ցոյց տամ թէ՝ ինչո՞ւ «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը չի պատկանիր ոչ ալ Քրիստափոր Կարա¬Մուրզային։
Առաջին հերթին ըսեմ որ, Կարա¬Մուրզայի հարուստ արխիւին մէջ «Մեր Հայրենիք»ի որեւէ օրինակի վրայ, ձայնագրուած ըլլայ ան Լիմոնճեանական կամ Եւրոպական նօթաներով, չեմ տեսած Կարա¬Մուրզային անունը, որպէս անոր երաժշտութեան հեղինակի։ Շատ պիտի փափաքէի տեսնել այն օրինակը որ ըստ Վաչէ Շարաֆեանի, իր բարեկամը տեսեր էր զայն Չարենցի գրադարանի Կարա¬Մուրզայի արխիւին մէջ։ Ես իր արխիւին մէջ գտնուող ձայնագրութիւններէն ունիմ լուսապատճէնը այն օրինակին, որուն վրայ գրուած է «N6 «Մեր Հայրենիք» Մ. Նալբանդեանի։ Երաժշտութիւնը անյայտ է, 1885թ.», զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ Լիմոնճեանական ձայնագրութեամբ օրինակներէն մէկուն հետ.¬
Եւրոպական նօթաներով ձայնագրուածը Պօղոս Կարա¬Մուրզայի ձեռագիրն է։ Իսկ Լիմոնճեանական նօթաներով ձայնագրուածը՝ Քրստափոր Կարա¬Մուրզայի ձեռագիրը։
Արագ ակնարկ մը նետելով ձեռքիս տակ եղած քսան համերգային ծրագիրներու բովանդակութեանց վրայ, կը նկատենք որ միայն մի քանիներուն մէջ յայտարարուած է երգը «Երգ Իտալուհւոյ» եւ «Մեր Հայրենիք» անուններով։ ¥Սակայն, առ հասարակ իր համերգները կը սկսէր «Մեր Հայրենիք»ի քառաձայն կատարմամբ, ծրագրին մէջ յայտարարուած ըլլար կամ ոչ¤։ Բայց եւ այնպէս որեւէ մէկու կողքին չէ յիշուած Կարա¬Մուրզային անունը. իսկ անոր այլ ստեղծագործութեանց կողքին յիշուած է՝ Երաժշտ. Կարա¬Մուրզայի։ Աւելին, Կարա¬Մուրզային անունը չէ յիշուած անոր մշակած գործերուն կողքին։ Հետեւաբար, կը տարուինք ըսելու որ Կարա¬Մուրզա չէ յօրինած «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը, այլ նման բազում գործերու միայն մշակած է զայն։
Եթէ երբեք յիշուած այս արխիւային վաւերագրութիւնները տակաւին չեն կրնար համոզիչ կերպով հաստատել որ «Մեր Հայրենիք»ը ոչ ալ Քրստափոր Կարա¬Մուրզայի ստեղծագործութիւնն է, հետեւեալ դէպքը ներկայացնելով այլեւս բոլորովին յստակ եւ համոզիչ կը դառնայ անոր Իտալական երաժշտութիւն ըլլալու իրողութիւնը։
Յիշած դէպքս հետեւեալն է, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ։
1953¬ին, երբ Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութեան Դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժնի 3¬րդ կարգի ուսանող էի եւ մեր երաժշտութեան ուսուցիչը համբաւաւոր երաժիշտ եւ ղեկավար Համբարձում Պէրպէրեանն էր, համերգային շրջագայութեամբ ճամբորդած էր Միացեալ Նահանգներ։ Վերադարձին օդանաւը որ Հռոմ¬Իտալիա կը հասնի մէկ օր սպասումի ժամանակով, որպէսզի յաջորդ առաւօտուն Լիբանան մեկնող օդանաւը առնէ, պրն. Պէրպէրեան այդ օրը կþանցնէ Իտալիոյ մէջ երաժշտանոցի ուսանող թաւ ջութակահար որդւոյն Վահէին հետ։ Երբ հայր ու որդի Հռոմի մէջ կը հանդիպին ու այդ օր ըլլալով Napoli-ի San Carlo հռչակաւոր օփերային համալիրը յատուկ առաջնորդողով ¥guide¤ տեսնելու խմբային շրջագայութեան ¥tour¤ օր, շոգեկառքով կը մեկնին Napoli։
Յետ միջօրէին, ժամը 1։30ին հասնելով San Carlo օփերային շէնքը, իրենց կը տեղեկացուի թէ՝ այդ շրջագայութիւնը առաւօտէն մինչեւ կէսօր էր եղած միայն։
Հետեւաբար, ազատ ժամանակ ունէին մինչեւ Հռոմ վերադարձող օրուան միակ եւ վերջին շոգեկառքը առնելու։ Այդ օր ժամը 2։00ին, Pietro Mascagni¬ի Cavallera Rusticana օփերային Ցերեկային ներկայացումը սկսելու վրայ ըլլալով Վահէն կþառաջարկէ հօրը մտնել օփերա։ Պրն. Պէրպէրեան յոգնած զգալով տղուն կþըսէ.¬ «Դուն օփերան տես, պայմանաւ որ ժամը 4։00ին դուրս գաս, որպէսզի Հռոմ գացող շոգեկառքը չփախցնենք, իսկ ես ալ այս ճաշարանը կը մտնեմ կը հանգստանամ, ժամը 4։00ին դուրս կու գամ»։
Կարեւոր էր այդ շոգեկառքը առնել, որովհետեւ յաջորդ առաւօտուն կանուխ, ժամը 6։00ին պրն. Պէրպէրեան պէտք էր Լիբանան մեկնող օդանաւը բարձրանար։
Ուրեմն ժամը 4։00ին պրն. Պէրպէրեան ճաշարանէն դուրս կու գայ, Վահէն ալ՝ օփերայէն։ Վահէն վարձակառք մը կþապսպրէ։
Պրն. Պէրպէրեան անակնկալի եկած զարմանքով մը Վահէին կþըսէ.¬ «Ճաշարանի նուագախումբն ու երգչուհին կատարեցին մեզի ծանօթ «Մեր Հայրենիք»¬ը։ Երգչուհին իտալերէն կþերգէր բառերուն իմասը չհասկցայ։ Ներս գնա, նայէ եթէ կրնաս գնել երաժշտագրութիւնը անոնցմէ։ Շուտ ըրէ, շոգեկառքը չփախցնենք»։
Արդէն վարձակառքը եկած, կը սպասէր։
Վահէն ներս կþերթայ, երաժշտապետէն կը խնդրէ տեսնել երաժշտագրութիւնները։ Վահէին ցոյց կու տայ սեղանին վրայ դրուած ձայնագրութիւններուն դէզը։
Մինչ Վահէն ձայնագրութիւնները աչքէ կþանցնէ, պրն. Պէրպէրեան դուրսէն կը կանչէ Վահէին որպէսզի անմիջապէս դուրս գայ. այլապէս շոգեկառքը պիտի փախցնեն։
Ի վերջոյ Վահէն կը գտնէ երգը։ Երբ կը փափաքի գնել զայն նուագավարը կը մերժէ, ըսելով թէ՝ իրենց գործածած միակ օրինակն է։
Ժամանակի չգոյութեան պատճառաւ այդպէս թողլով, առանց հրատարակիչին անունն իսկ առնելու հայր ու որդի վարձակառքը կը նստին։ Նօթային թուղթերը թողած ատեն Վահէն աչքին ծայրով նկատած էր երգի անուանաթերթին վրայ եղող անունին կարմիր թանաքով տպուած ըլլալը։
Պրն. Պէրպէրեան Լիբանան վերադառնալէ ետք, երբ դասաւանդելու համար Դպրեվանք եկաւ, այս դէպքը պատմեց աշակերտներուս։ Տարիներ յետոյ ամենայն մանրամասնութեամբ համբաւաւոր թաւ ջութակահար եւ փրոֆէսոր դարձած Վահէ Պէրպէրեանէն, որ շատ մօտ էինք իրարու, տեղեկացայ այս մասին։
Վստահելով պրն. Համբարձում Պէրպէրեանի երաժշտական ականջին, կը ներկայացնեմ այս դէպքը որպէս հաւաստի աղբիւրի թէ՝ Իտալական երաժշտութիւն է եղած «Մեր Հայրենիք»ին եղանակը։ Առաւել, չեմ կրնար հաւատալ որ իտալացիները այդ առած պիտի ըլլային հայերէն։
«Մեր Հայրենիք» օրհներգին մասին ունեցած ծանօթութիւններս բաժնելով ձեզի հետ, կը յուսամ որ երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ պատկան եւ պետական մարմիններ մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենան մեր հայրենիքի օրհներգի երաժշտական բովանդակութեան պատմութեանը եւ կը սրբագրեն սխալը։
Լուրջ պրպտումներով կարելի է Իտալիոյ մէջ երեւան բերել «Մեր Հայրենիք»ին եղանակը ունեցող Իտալական երգին տպագրուած երաժշտագրութիւնը եւ հեղինակը գտնել։ Տրուած ըլլալով որ քսանվեց տարիներէ ի վեր «Մեր Հայրենիք»ը դարձած է մեր երրորդ հանրապետութեան օրհներգը եւս, մեր երաժշտագէտներն ու յատկապէս պետական պատասխանատու անձերը, իրենց համար արժանապատուութեան հարց դարձնելով օրհներգի երաժշտութեան պատկանելիութեան խնդիրը, պէտք է իրենց բոլոր ճիգերը ի գործ դնելով պրպտեն եւ յայտնաբերեն անոր հեղինակը ու աշխարհին ներկայացնեն զայն հեղինակի ճիշդ անուանումովը։
Ես աւելի քան համոզուած եմ, որ «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը իտալական է։ Ան ոչ Բարսեղ Կանաչեանի եւ ոչ ալ Քրստափոր Կարա¬Մուրզայի երաժշտական ստեղծագործութիւնն է։