1918 ՄԱՅԻՍ 28.- ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:14 Minute, 2 Second


Մայիս 28-ը Հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է:
Առաջին Հանրապետութիւնը իրագործուեցաւ 1918-ի Մայիս 28-ին:
2018 Մայիս 28-ը Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակն է:
Ոգեկոչելու ենք Մայիս 28-ի հարիւրամեակը, որովհետեւ Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը 600 տարի գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Հայ ժողովուրդը 14րդ դարու վերջաւորութենէն ետք ամբողջ 600 տարիներ շարունակ ապրեցաւ ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը: Ան մինակ էր եւ արիւնաքամ: Ոչ ոք կ՚օգնէր հայութեան: Հայ ժողովուրդը թիրախ դարձած էր հիւսիսէն եւ հարաւէն՝ Ռուսատանին եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն: Ան կորսնցուցած էր իր հայրենիքը եւ պետականութիւնը: Հազարաւոր զոհեր տուած էր, բայց չէր մեռած: Սեւ Ապրիլ 24-էն ետք, երբ ոխերիմ թշնամին՝ Թուրքը կը կարծէր, որ վերջ կրնար տալ նաեւ փոքր Հայաստանին եւ ոչնչացնել վերջին Հայը,՝ Հայ ժողովուրդը գիտակից իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, իր բոլոր հատուածներով եւ հոսանքներով մարտնչեցաւ վճռակամութեամբ, դարձաւ ապառաժեայ բռունցք եւ անցաւ ինքնապաշտպանութեան:
Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Շուտավ սակայն, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կարող էր կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Մայիս 28-ը իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու Հայ բանակին խոհեմ եւ վճռակամ կեցուածքին: Հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան ի գին ամէն դաժան նահատակութեան: Ան հրաշք մը չէր, այլ գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամքին:
Արդի հայկական պետականութիւնը սկսաւ 1918-ի Մայիս 28-ով եւ իր եռագոյնով: Այդ օր ծնունդ առաւ Ազատ, Անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը: Ան նուէր չտրուեցաւ մեզի, այլ՝ Հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով, ի մասնաւորի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ձեռք բերին զայն նուաճումներով, պայքարով, անհաւասար կռիւներով, արիւնոտ ու հերոսական ֆետայական մարտնչումներով:
Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր Հայ մարդը: Սակայն, երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը: Սեւ ամպեր պատեցին Հայաստանի կապոյտ երկինքը: Ազատ, անկախ Հայաստանը դարձաւ Խորհրդային Հայաստան: Հաստատուեցաւ Ռազմական կոմինիզմը եւ սկսան բռնագրաւումները, ձերբակալութիւնները, սպանութիւնները, աքսորը, գնդակահարումները եւ այլ վատ արարքներ: Վարչակարգի փոփոխութեամբ, փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ու պետական եռագոյն դրօշը: Ազատ, անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եռագոյն դրօշն ալ բռնեց գաղթի ճամբան եւ եղաւ Սփիւռք:
Առաջին Հանրապետութիւնը հիմնաքարն էր հայկական արդի պետականութեան, որ գոյատեւեց իբրեւ Խորհրդային Հայաստան, վարչակարգի փոփոխութեամբ: Ան մաս կազմեց Խորհրդային Միութեան իբրեւ քաղաքական միաւոր եւ դարձաւ հայ ազգի փրկարար հայրենիքը: Հետեւաբար, Խորհրդային Հայաստանը Մայիս 28-էն կը ստանար իր քաղաքական, իրաւական եւ ազգային արժէքը:
Ազատ Անկախ հանրապետութեան վերացումէն ետք եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց, ընդունեց աքսորեալ Ազատ, Անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէրը կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն՝ հաւատալով, որ «վերադարձը դէպի հայրենիք» դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ, Հայը ինքը պիտի որոշէ իր կեանքի ճանապարհը, իր սեփական հողին վրայ, իր սեփական երկինքին տակ եւ իր սեփական մշակոյթով:
Հայրենիքի մէջ կարելի չէր արմատախիլ ընել Մայիս 28-ի կարգախօսը եւ Հ.Յ.Դ.-ի գաղափարաբանութիւնը: Հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կառչած մնաց իր ազգային համոզումներուն, իտԷալներուն եւ սկզբունքներուն: Տարուէ տարի ուռճացաւ Մայիս 28-ի ոգին, արմատներ նետեց ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ: Հաւատաւոր հայրենի ժողովուրդը տոկաց բոլոր անմարդկային դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն ու տաժանակիր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային բոլոր պայմաններուն:
Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 1920 Օգոստոս 10, 1920-ին, Հայաստանի անկախութեան կապուած միջազգային կարեւոր փաստաթուղթն էր: Առաջին անգամ ըլլալով, Սեւրի մէջ Ազատ, Անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչները նստան ազատ ազգերու կողքին՝ Հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները պահանջելու համար: Առաջին անգամ ըլլալով մեծ պետութիւնները ճանչնալով այդ իրաւունքները՝ ստորագրեցին Սեւրի դաշնագիրը, որ կոչուած էր Հայերուն վերադարձնելու իր պապենական հողերը: Այս միջազգային դաշնագրին կնքումով, Հայաստանի գոյութիւնը կը ստանար նաեւ իրաւական բնոյթ: Սակայն հետագային դաւադրաբար ստորագրուած Լօզանի դաշնագիրը եկաւ հարուածեց Հայ ժողովուրդի ազգային ակնկալութիւնները: Սեւրի դաշնագիրը մոռցուեցաւ Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն եւ մեծ պետութիւններուն կողմէ:
Սովետական կարգերով հաստատուած երկրորդ հանրապետութեան փլուզումով 1991-ին հաստատուեցաւ երրորդ հանրապետութիւնը իր եռագոյն դրօշակով եւ Մայիս 28-ի քայլերքով: Երրորդ հանրապետութիւնը պտուղն էր 1918-ի Մայիս 28-ին:
Սակայն ին՞չ հոլովոյթով Հայ ժողովուրդը տիրացաւ առաջին Ազատ Անկախ հանրապետութեան եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ տեղի ունեցան երկրորդ Խորհրդային հանրապետութիւնը եւ երրորդ Ազատ Անկախ հանրապետութիւնը:
Եթէ ակնարկ մը նետենք ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան կը տեսնենք, որ բոլոր ժողովուրդները դարեր շարունակ, իրենց հաւաքական կամեցողութեամբ, իբրեւ ազգ ձգտած են ունենալ իրենց հայրենիքը: Անոնք քաջ գիտցած են, որ առանց անկախութեան գոյութիւն չունենար հայրենիք եւ առանց հայրենիքի գոյութիւն չունենար անկախութիւն եւ ազատութիւն: Ազատ անկախ հայրենիքի մը գոյութիւնը կարելի եղած է պատմութեան մէջ միայն ու միայն պայքարով եւ յարատեւ ու գործօն մասնակցութեամբ ազգի մը բոլոր անդամներուն: Հայ ժողովուրդն ալ այլ ժողովուրդներու նման իրաւունքը ունեցած է իր ճակատագրին տէրը ըլլալու, իր ազատութիւնը, անկախութիւնը, հայրենիքը եւ ներքին ու արտաքին ինքնիշխանութիւնը ունենալու: Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ պայքարած է ի խնդիր իր ազատութեան, անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ստեղծման:
14-րդ դարու վերջերը Հայաստանը կորսնցուցած էր իր պետականութիւնը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը: Այս թուականէն ետք Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ ստրկութեան եւ մութ պատմաշրջան մը, որ տեւեց մօտ 600 տարի: Հայութիւնը կորսնցուց իր ազգային պետականութիւնը, ազատ ապրելու իրաւունքը, բայց չհաշտուեցաւ իր ազգային թանկագին իրաւունքներու կորուստով: Ան մնաց դարեր շարունակ ազատասէր, կենսունակ եւ տոկուն:
Կացութիւնը հետզհետէ վատթարացաւ եւ Հայ ժողովուրդը ամբողջ հայրենիքի տարածքին ներառեալ արեւմտահայաստանը ապրեցաւ ազգային քաղաքական մահաքունի վիճակ մը մինչեւ 19րդ դարու վերջերը: Անտանելի էր կացութիւնը ամէն տեղ՝ թալան, կողոպուտ, առեւանգում եւ քանդում: Ամէն կողմ կը տիրէր անբնական կացութիւն եւ իբրեւ բնական հետեւանք այս բոլորին յառաջ եկաւ հայկական յեղափոխութիւնը, որուն նպատակն էր պաշտպանել Հայ ժողովուրդը, Հայ եկեղեցին, Հայ ընտանիքի պատիւը եւ Հայ գիւղացիին աշխատանքն ու կեանքը:
Այս պայմաններու մէջ Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնան հայկական կուսակցութիւնները: 1885-ին հիմնուեցաւ Արմենական կուսակցութիւնը Մկրտիչ Փորթուգալեանի առաջնորդութեամբ:
1887-ին հիմնուեցաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը Աւետիս Նազարբէկեանի ղեկավարութեամբ: 1899-ին հիմնուեցաւ Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը առաջնորդութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի իր հետ ունենալով անմիջական գործակիցներ՝ Ստեփան Զօրեանը (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանը: Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը կարճ ժամանակ մը ետք կոչուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:
Հոկտեմբեր 1, 1921-ին հիմնուեցաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը:

Նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մասնաճիւղեր հաստատեց թրքահայաստանի եւ Կովկասի քաղաքներուն մէջ, կազմեց երդուեալներու փաղանգ մը, պատրաստեց ֆետայական հայդուկային խումբեր, որոնք մեծ զոհողութիւններով, զրկանքներով եւ դժուարութիւններով նետուեցան պայքարի դաշտ, յանուն հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի սրբազան գործին: Ֆետայական գործողութիւնները ուղղուած էին Թուրքին, Ռուսին եւ Թաթարին:
19րդ դարուն Հայ ժողովուրդը իր ճակատագիրը կապած էր ռուսական պետութեան: Հայերը մեծապէս կ՚օժանդակէին Ռուսերուն, որոնք հակառակ ասոր կը գրաւեն Անդրկովկասը եւ կը միացնեն գրաւուած նահանգները ռուսական կայսրութեան: Ցարերը չեն յարգեր իրենց խոստումները, կը մոռնան Հայերու հաւատարմութիւնը եւ կը սկսին հակահայ քաղաքականութիւն մը: 1903-ին Կովկասի մէջ Ցարերը կը բակեն հայկական վարժարանները, կը գրաւեն հայ եկեղեցական կալուածները եւ կը հալածեն հայ յեղափոխական գործիչները: Հայ ժողովուրդը եւ յեղափոխութիւնը կը կազմակերպեն ինքնապաշտպանութեան միջոցներ եւ կը կռուին ռուս բանակին դէմ: 1894-ին տեղի կ՚ունենայ Սասնոյ առաջին ապստամբութիւնը: 1897-ին՝ Խանասորի արշաւանքը: 1904-ին Զօրավար Անդրանիկ կը ստանձնէ Սասնոյ բարձունքներուն վրայ հայ ֆետայիներու ընդհանուր հրամանատարութիւնը: Ան կը կռուի Սեբաստացի Մուրատի, Քեռիի եւ ուրիշներու հետ Սասնոյ անառիկ բարձունքներուն վրայ ոխերիմ թշնամիին դէմ:

Արեւմտեան ճակատի վրայ 1915-ին Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ որոշուած հրեշային ծրագիրը՝ Հայ ժողովուրդին բնաջնջումը գործադրութեան կը դրուի: Տեղի կ՚ունենայ հայ մտաւորականներու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ զինուորներու կոտորածը: Կը նահատակուին յայտնի դէմքեր, տաղանդաւոր գրողներ, հռչակաւոր լրագրողներ եւ բժիշկներ: Ասոնց կը յաջորդէ գաւառներու մէջ կողոպուտն ու թալանը, առեւանգումներն ու սպանութիւնները: Տեղի կ՚ունենայ աննախընթաց Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը կ՚ուղղուի դէպի արաբական անապատները: Կը տարագրուի ամբողջ հայութիւնը առանց խտրութեան:
Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին Հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր նիւթական, մարդկային, մշակութային եւ հողային հարստութիւնը, կը կորսնցնէ մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ եւ Ռուբինեան թագաւորութեան ժառանգորդ՝ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը: Կը յառաջանան ծովածաւալ հայ գաղթակայաններ եւ որբանոցներ: Հայ ժողովուրդը տեղ-տեղ հեռոսական կռիւներ կը մղէ, կը դիմադրէ թուրք բռնակալութեան եւ կ՚իրագործէ աննախընթաց հեռոսամարտեր: Տեղի կ՚ունենան Վանի, Շապին Գարահիսարի, Սուէտիոյ եւ Ուրֆայի հերոսամարտերը:
Արեւելեան ճակատի վրայ 1915-ին կը սկսի Հայ-թաթարական կռիւները, որոնք կը տեւեն մէկուկէս տարի: Կռիւները կը սկսին Պաքուէն եւ շուտով կը տարածուին մինչեւ Երեւան, Ղարաբաղ, Գանձակ, եւ Թիֆլիս: Հայ ֆետայական խումբեր ընդհանուր հրամանատարութեամբ՝ Նիկոլ Դումանի կը ստանձնեն ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը եւ կը տանին հերոսական ու նախանձելի կռիւներ պարտութեան մատնելով թշնամին: Կովկասի մէջ կը կազմուին Հայ կամաւորական գունդեր, մասնակցութեամբ բոլոր կազմակերպութիւններու եւ հրամանատարութեամբ Անդրանիկի, Քեռիի, Դրոյի, Համազասպի, Իշխանի եւ Յովսէփ Արղութեանի:

Փետրուար 27, 1917-ին տեղի կ՚ունենայ ռուսական յեղափոխութիւնը: Անդրկովկասի մէջ կը հաստատուի առանձին կոմիտէ «Օզակոմ»-ը՝ Ռուսաստանի Անդրկովկասի երկրամասային մարմինը, որուն մէջ Հայ ներկայացուցիչը կ՚ըլլայ՝ Պապաջանեան: Հոկտեմբեր 25-ին տեղի կ՚ունենայ Պոլշեւիկեան յեղաշրջումը: Անդրկովկասը կը մերժէ ճանչնալ խորհրդային իշխանութիւնը: Երկու ամիս ետք Նոյեմբեր 27-ին Անդրկովկասի մէջ կը կազմուի «Օզակոմ»-ի տեղ «Քոմիսարիատ», ուր Լենին Ս. Շահումեանը կը նշանակէ որպէս Հայ քոմիսար: Դեկտեմբեր 5, 1917-ին զինադադար կը ստորագրուի թուրք բանակին եւ Անդրկովկասի Քոմիսարիատին միջեւ:
Դհկտեմբերին սկիզբը տեղի կ՚ունենայ արեւմտահայ մարմիններու խորհրդակցութիւնը Թիֆլիսի մէջ: Կը կազմուի Արեւմտահայ Խորհուրդը Կոմսի ատենապետութեամբ եւ կ՚որոշուի պարտադիր զօրակոչ յայտարարել: Կը հիմնուի հայկական զօրաբաժինը Անդրանիկի հրամանատարութեամբ:
Դեկտեմբեր 31, 1917-ին թրքահայաստանի մէջ ռուսական բանակը կը լքէ ճակատը եւ կը վերադառնայ տուն:
Փետրուար 6, 1918-ին, երբ հայկական զօրամասերը կը լքեն ճակատը, թուրքերը կ՚անցնին ընդհանուր յարձակողականի՝ Էրզրումէն մինչեւ Վան, եւ կը յառաջանան դէպի ռուսական սահմանը: Կը կազմուի Անդրկովկասի «Սէյմ»ը (Խորհրդարան): Հայերը կը ներկայացուին Հ.Յ.Դ.-ի պատգամաւորներով: Փետրուար 16, 1918-ին «Սէյմ«-ը կ՚որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ:
Մարտ 3, 1918-ին կը ստորագրուի Պրէսթ Լիթովսքի դաշնագիրը Գերմանիոյ եւ Խորհրդային իշխանութեան միջեւ: Կ՚որոշուի Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը յանձնել Թուրքերուն:
Մարտ 9, 1918-ին «Սէյմ»-ը կ՚որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել: Կը կազմուի նոր կառավարութիւն, որուն կը մասնակցին Ա. Խատիսեան, Յ. Քաջազնունի եւ Ա. Սահակեան:

Ապրիլ 7-8, 1918-ին տեղի կ՚ունենան Հայ եւ Թուրք կռիւները Արարատեան դաշտին մէջ: Հայերը Արամի եւ Դրոյի գլխաւորութեամբ յաղթական են ամէն կողմ: 1918 Մայիս 15-ին Թուրքերը կը գրաւեն Ալէքսանտրապոլը: Այս դժուարին օրերուն կը յաջորդեն հերոսական օրեր: Մայիս 22-ին թշնամիին առջեւ բաց կը մնայ Երեւանի ճամբան: Այս կացութեան մէջ Հայոց Ազգային խորհուրդը կը նշանակէ Արամ Մանուկեանը «տիքթաթոր»:

Ան հակառակ «տիքթաթոր»-ի անուանակոչումին, իր իրաւասութիւները կը բաժնէ իր գործակիցներուն հետ, կը գործէ անոնց հաւանութեամբ եւ ժողովրդավար սկզբունքներով. Սակայն կ՚ըլլայ անխնայ հանդէպ աւազակներու, շահամոլներու եւ դասալիքներու ու դաւաճաններու հետ: Արամ շուտով կը կազմակերպէ Հայ բանակը եւ կ՚անցնի յարձակողականի: Հայկական բանակներու սպարապետ կը նշանակուի՝ Թովմաս Նազարբէկեան. անոր օգնականները կ՚ըլլան զօրավարներ՝ Սիլիկեան, Փիրումեան եւ Դրօ:
Մայիս 24-ին զօրավար Նազարբէկեան հայկական բոլոր զօրաբաժիններուն կը հրամայէ ընդհանուր յարձակողականի անցնիլ: Ամբողջ հայ ժողովուրդը իր կղերով, քաղաքական ուժերով, բանակով այդ օրհասական օրերուն միաձայն կամքով կ՚որդեգրէ իր ազատ ապրելու իրաւունքը: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ Գէորգ Ե.-ի հայրապետական կոչը ժողովուրդը կը մղէ առաւել մարտական ոգիի: Կաթողիկոսը չի լքէր Էջմիածինը եւ կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին որպէս հոգեւոր զինուոր եւ պատրաստ զոհուելու: Մայիս 24-26 տեղի կ՚ունենան բաշ Ապարանի, Սարտարապատի եւ Ղարաքիլիսայի արիւնահեղ կռիւները: Հայերը ճգնաժամային կռիւ կը մղեն: Թուրքերը կը կրեն չափազանց ծանր կորուստներ եւ կը պարտուին բոլոր ճակատներու վրայ եւ կը նահանջեն:
Մայիս 26-ին, Անդրկովկասի «Սէյմ»-ը կը լուծուի եւ Վրաստան կը յայտարարէ իր անկախութիւնը: Յաջորդ օր՝ Մայիս 27-ին, ԱՏրպէյճանն ալ կը յայտարարէ իր անկախութիւնը:
Մայիս 28-ին, բոլոր ճակատներուն վրայ Հայ բանակը յաղթական դուրս կու գայ եւ Հայոց Ազգային խորհուրդը այս յաղթանակներէն ետք ժողով կը գումարէր թէ Թիֆլիսի եւ թէ Երեւանի մէջ: Այս ժողովներուն կը մասնակցին հայ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք քննելով ստեղծուած կացութիւնը կ՚որոշեն հռչակել Հայաստանի անկախութիւնը:
Այսպէս, Մայիս 28, 1918-ին, վեց դարերու ստրկութենէ ետք, կը հռչակուի Հայաստանի անկախութիւնը եւ հիմը կը դրուի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան: Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք կը նշանակուի Երեւան: Կ՚որոշուի հանրապետութեան ազգային դրօշը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով: Հայկական եռագոյնը ունէր իր խորհուրդը՝ հայ ժողովուրդին թափած արիւնը կը ներկայացնէր կարմիրը, կապոյտը՝ Հայաստանի երկինքն էր իսկ նարնջագոյնը՝ հայ ժողովուրդի աշխատանքը:

Հանրապետական Հայաստանի առաջին վարչապետը կ՚ըլլայ Յովհաննէս Քաջազնունի, ապա յաջորդաբար՝ Ալեքսանտր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան եւ Սիմոն Վրացեան:
Ազատ, Անկախ Հայաստանը գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի: Այս ժամանակաշրջանին ոչինչէն տեղի կ՚ունենան մեծ իրագործումներ: Կը կազմակերպուին լուսաւորութեան, կրթական, արդարադատութեան, ֆինանսական, առեւտրական, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական, խնամատարութեան, աշխատանքի, առողջապահական, ներքին գործոց-ապահովական եւ զինուո-րական նախարարութիւնները: Հայաստան կը բաժնուի 10 գաւառներու: Կը կազմակերպուի 30 հազարնոց պատկառելի Հայ բանակը: Կը տեղաւորուին թափառական հայ գաղթականները: Կը հրատարակուի հայկական թղդադրամը: Աշխատանք կը տարուի կազմակերպել առեւտրական եւ արդիւնաբերութեան կեանքը: Կը հիմնուի տուրքի օրինագիծը: Կը հաստատուի արհեստանոցներ, գործարաններ, կը հիմնուին համագործակցական միութիւններ, զարկ կը տրուի երկրագործութեան: Տեղի կ՚ունենայ լքուած եւ եկեղեցական հողերու բաժանումը հայ գիւղացիներուն: Կ՚արձանագրուին առողջական պայմաններու բարելաւում: Կը հիմնուին 20 նոր հիւանդանոցներ եւ Երեւանի պետական համալսարանը: Տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր բացում՝ Հայաստանի Օրէնսդիր Ժողովին: Կը սկսի պետութեան կազմակերպութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքը:
Արեւելեան Հայաստանի ազատագրումէն ետք, Մայիս 28, 1919-ին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի խորհրդարանի անդամներուն, կառա-վարութեան եւ հայ բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ կը կատարուի արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանի միութեան յայտարարութիւնը՝ «Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան», ունենալով 71.333 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Յունիս 21-23 տեղի կ՚ունենան Հայաստանի խորհրդարանին ընտրութիւնները: Օգոստոս 1-ին, Ա. Սահակեանի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի հանդիսաւոր բացումը:
Օգոստոս 5-ին կը կազմուի նոր կառավարութիւն Ա. Խատիսեանի վարչապետութեամբ: Դեկտեմբեր 26-ին խորհրդարանի օրէնքով հայէրէն լեզուն կը յայտարարուի պետական լեզու:
Յունուար 19, 1920-ին ԴաշնԱկիցներու գերագոյն խորհուրդը կը ճաՆչնայ Հա-յաստանի կառավարութիւնը:
Ապրիլ 28-ին պոլշեւիկները թուրքերու աջակցութեամբ կը գրաւեն Պաքուն եւ ԱՏրպէյճանը կը յայտարարուի Խորհրդային հանրապետութիւն:
Մայիս 1-ին պոլշեւիկները ապստամբութեան դրօշ կը բարձրացնեն Ալեքսանտրապոլի, Կարսի, Նոր Պայազիտի եւ Կաղզուանի մէջ:
Մայիս 5-ին Հայաստանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ կը գումարէ: Խատիսեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի եւ կը կազմուի Համօ Օհանջանեանի դահլիճը բոլոր կուսակցութիւններու աջակցութեամբ:
1920 Յունիս 4-ին, կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիր Հայաստանի հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հայաստանի տարածութիւնը կ՚ըլլայ 12,000 քառակուսի քիլոմեթր: Սեպտեմբեր 30-ին, Թուրքերուն ձեռքը կ՚իՅնայ Պաքուն: Տեղի կ՚ունենայ շուրջ 30 հազար հայերու կոտորածը: Հոկտեմբեր 24-ին, թուրքերը կը սկսին հեռանալ Անդրկովկասէն: Նոյեմբեր 18-ին, հայկական զօրքերը կը մտնեն Ղարաքիլիսէ: Դեկտեմբեր 2-ին, Հայերը կը գրաւեն Ալեքսանտրապոլը: Տասնմէկ օր ետք կը սկսի Հայ-Վրացական պատերազմը, որ կը վերջանայ Հայերու յաղթանակով: Դեկտեմբեր 31-ին, կը հաստատուին դիւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւն Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ:
1920 Օգոստոս 10-ին Աւետիս Ահարոնեան կը ստորագրէ Սեւրի դաշնագիրը, որուն հետեւանքով Հայաստանը կը ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն ունենալով՝ Վանի, Պիթլիսը, Կարինի, եւ Տրապիզոնի հողերը: Հայաստան պիտի ունենար 161.330 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:
Սեպտեմբեր 23-ին, կը սկսի Հայ-թրքական պատերազմը: Թուրքերը կը յարձակին Հայաստանի վրայ: Հոկտեմբեր 13-ին Հայաստան կը հասնի Խորհրդային պատուիրակ՝ Լեգրանը, որ հետեւեալ պահանջները կը դնէ Հայաստանի կառավարութեան՝
1. Հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն.
2. Թոյլ տալ, որ կարմիր բանակը անցնի Հայաստանի վրայէն, միանալու համար Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերուն:
3. Հայաստանի սահմաններուն հարցը ձգել Խորհրդային իշխանութիւններուն:
Հոկտեմբեր 30, 1920 -ին Կարսը կ՚իՅնայ թշնամիին ձեռքը: Նոյեմբեր 22-ին տեղի կ՚ունենա Հայ եւ Թուրք զինադադարը: Յաջորդ օր կը հրաժարի Օհանջանեանի կառավարութիւնը: Նոյեմբեր 25-ին, կը կազմուի Ս. Վրացեանի կառավարութիւնը: Նոյեմբեր 29-ին, Հայ համայնավարները Ատրպէյճանի օգնութեամբ կը մտնեն Իջեւան: Նոյեմբեր 30-ին Լեզրան վերջնագիր կու տայ Հայաստանի կառավարութեան՝ խորհրդայնացնելու համար Հայաստանը: Դեկտեմբեր 2-ին Ալեքսանտրապոլի մէջ կը ստորագրուի հաշտութեան դաշնագիր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հայաստան կը հռչակուի Խորհրդային հանրապետութիւն: Դեկտեմբեր 6-ին, Յեղկոմը` Հայաստանի յեղափոխական կոմիտէն կը մերժէ ճանչնալ ստորագրուած համաձայնութիւնը: Կը հաստատուի ռազմական կոմինիզմը եւ կը սկսին ձեռբակալութիւններ, սպանութիւններ, աքսոր, եւ գնդակահարութիւն:
Փետրուար18, 1921-ին, Հայ ժողովուրդը կ՚ապստամբի եւ կը վտարէ Յեղկոմն ու Կարմիր բանակը: Հայաստանի մեծ մասը կ՚ազատագրուի եւ կը հաստատուի հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի իշխանութիւնը: Մարտ 16-ին կը ստորագրուի Թուրք եւ Ռուս բարեկամական դաշնագիրը, որուն հետեւանքով Կարսն ու Սումալուն կ՚անցնին Թուրքիոյ, իսկ Շարուր Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանի: Ապրիլ 2-ին, պոլշեւիկները կը վերագրաւեն Երեւանը: Հոկտեմբեր 3-ին կը կնքուի բարեկամութեան դաշնագիր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ ԱՏրպէյճանի միջեւ, որուն հետեւանքով կը հաստատուի եւ կը վաւերացուի Մարտ 16-ի դաշնագիրը:
Յուլիս 24, 1923-ին կը ստորագրուի Լօզանի դաշնագիրը, որուն մէջ ոչ մէկ խօսք կը նշուի Հայաստանի եւ Հայերու մասին: Ան կ՚ըլլայ Հայերու համար անիրաւ եւ արդարադրուժ դաշնագիր մը:
Խորհրդային կարգերը կը մնան ամբողջ 70 տարի: Քաղաքական դժնդակ տարիներուն հայրենի ժողովուրդը կը ստեղծագործէ, կը մշակէ, կը շինէ եւ տէրը կը կանգնի իր մշակոյթին եւ արժէքներուն: Կը մնայ հայրենասէր եւ ազատասէր:
Խորհրդային կարգերու փլուզումով 1991-ին Հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով կը վերատիրանայ իր ազատութեան եւ անկախութեան: Կը հռչակուի Հայաստանի Երրորդ Ազատ Անկախ հանրապետութիւնը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Եռագոյն դրօշը կը ծածանի ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Ազատ Անկախ հայրենիքի քայլերքը կը ղօղանջէ ամէն օր բոլորին ականջին: Հայրենիքը կը բարգաւաճի եւ մեծ իրագործումներ կը յայտնաբերուին շարունակ: Սակայն շատ ու շատ իրագործելի աշխատանքներ կը մնան սպասողական վիճակի մէջ: Հայրենի ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ՚ապրի՝ բարօր կեանք մը ունենալու ակնկալութիւններով: Հայաստանի նոր Սաhմանա-դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի կողմէ արդէն ընտրուած է Հայաստանի 4-րդ Նախագահը՝ պրն. Արմէն Սարգիսեան։
xxx
Ամբողջ Հայ ժողովուրդը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ուրախ է իր Ազատ Անկախ Հայաստանով, սակայն ան կը սպասէ տեսնել Ազատ, Անկախ Միացեալ Հայաստանի իրականացումը, որ կը համապատասխանէ իր ազգային, քաղաքական, հողային եւ պատմական պահանջներուն ու իր դարաւոր երազներուն եւ իղձերուն:
Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանը սպասումով չի կրնար իրականանալ: Ան կ՚իրականանայ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ամբողջ Հայ ժողովուրդի յարատեւ եւ միացեալ պայքարով եւ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններով:
Մեր ականջներուն թող հնչեն Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներուն պատգամը՝ վառ պահել միասնականութեան ոգին, պահպանել հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, բարելաւել հայրենիքի ընկերային կեանքը, հզօրացնել հայկական բանակը, հետապնդել Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանի իրականացումը:
Խոնարհինք Մայիս 28-ի Դարադարձին առջեւ եւ հպարտանքով փառաբանենք իրագործուած ազգային աննախընթաց նուաճումը՝ Առաջին Հանրապետութեան հռչակումը եւ Ազատ Անկախ Հայաստանի հաստատումը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles