Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան
Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց
Պատմական, գոյատեւական ու ճակատագրական հարցերուն վրայ գլխաւոր ազդողը մարդն է: Ո՞ր տեսակի մարդն է, որ գերիշխող է այս կամ այն ընկերութեան մէջ ու ի՞նչ տեսակի ընկերութիւններ կրնան յառաջ գալ այս կամ այն տեսակի մարդոց հաւաքականութենէն: Պայմանները կրնան տարբեր ըլլալ, ժամանակը կրնայ տարբեր ըլլալ, բայց վերջ ի վերջոյ մարդու գործօնն է որոշիչը: Ահա այս տեսանկիւնէն նայած երբ կը համեմատենք առաջին հանրապետութիւնը այսօրուան հանրապետութեան հետ, ապա դիւրութեամբ կրնանք տեսնել տարբերութիւնը: Այսօրուան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ժխտական երեւոյթներուն գլխաւոր պատճառը հոս է, թէ ո՞ր տեսակը մարդն է որ կ՚ապրի Հայաստանի մէջ ու մանաւանդ կը ղեկավարէ զայն:
Առաջին հանրապետութեան մարդը ու մանաւանդ ղեկավարը կատարելապէս ուրիշ պայմաններու մէջ ձեւաւորուած էր: Ան գաղափարի մարդ էր: Անոր համար հայրենիքի ու ազգութեան գաղափարը առաջնային էին ու դիւրութեամբ ան կրնար իր անձը զոհել այդ գաղափարին համար: Արամ Մանուկեանը ո՛չ թէ պարտադրուած, այլ ժողովուրդի կողմէն տիքթաթոր հռչակուած էր: Ան շահած էր այդ տիտղոսը շնորհիւ իր գործերուն: Ան մահացաւ համաճարակէ, որովհետեւ ուղադրութիւն չէր դարձնէր իր անձնական առողջութեան ու հակառակ վարակուելու վտանգին ժողովուրդին մէջն էր ու անոր հետ էր: Ռոստոմը հիւանդացաւ ու մահացաւ, որովհետեւ իր բաճկոնը տուած էր անհատի մը, որ կը պաղէր նաւի վրայ ճամբորդութեան մը ընթացքին, ու վարակուած էր այդ բաճկոնը վերահագնելէն ետք: Ըսելիքս այն է, որ առաջին հանրապետութեան շրջանի մեր ղեկավարները իրենց անձերու մասին չէին մտածէր: Աւելորդ է նշել, որ բոլոր ղեկավարութիւնն ալ կ՚ապրէր համեստ պայմաններու մէջ ինչպէս որ ժողովուրդը: Այս պատճառով ղեկավարները հեղինակութիւն ունէին ու մարդիկ կը հաւատային անոնց: Այս պատճառով վիհ գոյութիւն չունէր ղեկավարութեան ու ժողովուրդին միջեւ: Հետաքրքրական է նշել, որ այդ սերունդի ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը անաստուածեաններ էին: Իմ կարծիքով անոնք բարոյական մարդիկ էին, որովհետեւ մեծցած ու դաստիարակուած էին քրիստոնէական արժէքներով ու կ՚ապրէին այդ արժէքներով ապրող ընկերութեան մը մէջ ու անգիտակիցօրէն կը հետեւէին այդ արժէքներուն: Այս մէկը կը վերաբերի այդ շրջանի ղեկավար դասակարգի ջախջախիչ մեծամասնութեան: Վստահ եմ, եթէ առաջին հանրապետութիւնը երկար գոյութիւն ունենար, մենք շատ նուաճումներ պիտի տեսնէինք տնտեսական, մշակութային, ընկերային ու այլ բնագաւառներու մէջ:
Գալով այսօրուայ հանրապետութեան, ապա գիտենք որ կատարելապէս ուրիշ իրականութեան մը դիմաց կը գտնուինք: Այսօրուան ղեկավարներուն ու ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը մեծցած ու դաստիարակուած է խորհրդային պայմաններուն մէջ: Անոնց բարոյական դաստիարակութիւնը շատ դերի է ու հիմնուած խարխուլ հիմքերու վրայ: Անոնք ոչ թէ չեն ստացած կրօնաբարոյական, այլ անգամ հիմնական բարոյական դաստիարակչութիւն : Անոնք մեծցած են կեղծիքի ու վախի մթնոլորտի մէջ: Ի տարբերութիւն սփիւռքահայերուս անոնք չեն ստացած կրօնական ու նաեւ մեզմէ շատերուն ստացած ազգային-գաղափարական դաստիարակչութիւնը, ազգին ու հայրենիքին անշահախնդրօրէն ծառայելու դաստիարակչութիւնը: Միւս կողմէն կեանքը այնպէս էր, որ գոյատեւելու համար մարդիկ պէտք է կաշառք տային, կաշառք վերցնէին ու պահանջէին, խաբէին ու գողնային: Եթէ անգամ պաշտօնեայ մը չէր ուզէր կաշառք վերցնել, ան ստիպուած էր այդ ընելու, որովհետեւ իրմէ վերինին պէտք է տար, այլապէս կը հեռացուէր իր աշխատանքէն: Եթէ մէկ նախադասութեամբ ուզենք բնորոշել, անոնք այն մարդու տեսակն են, որ իրենց «ես»-ն ու անձնական շահը առաջնային է իրենց համար: Նմաններուն համար հայրենիք, արդարութիւն, ծառայութիւն, եկեղեցի պարզապէս քօղեր են, որոնց ետեւը կը պահուըտին ու հակառակ անոր որ կրնան խօսիլ, պոռալ-կանչել այդ արժէքներուն մասին, իրականութեան մէջ իրենց համար գլխաւորն ու առաջնայինը իրենց անձն է ու անձական շահը: Անոնք բան մը կ՚ըսեն, բայց իրականութեան մէջ իրենց մտքին մէջ կատարելապէս ուրիշ բան մը նկատի ունին , ու հետեւաբար ուրիշ բան մը կ՚ընեն: Անշուշտ, որ միշտ ալ բացառութիւններ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին: Արցախեան շարժման սկսողներն ու նահատակները այդ բացառութիւններէն էին: Այսօր Հայաստանի մէջ կարեւոր շերտ մը կայ որ իր մէջ կը կրէ դրական ամբողջ արժէքներու համակարգը, բայց այդ խումբէն շատ քիչերն են, որոնք ղեկավար պաշտօններու վրայ կ՚աշխատին: Այսօր այնպիսի վիճակ մը ստեղծուած է, ուր շատ դժուար է ազնիւ անհատի մը համար «վեր» բարձրանալ ու գրաւել կարեւոր պաշտօն մը:
Այս իրականութեան մասին շատերս գիտենք: Տարբերութիւնը այն է խորհրդային շրջանէն, որ յիշեալ ժխտական երեւոյթները այսօր շատ աւելի տարածուած են ու խորացած: Խորհրդայինի ժամանակ Մոսկուայի վախը կար: Այսօր այդ չկայ ու պաշտօնեաներ աւելի լկտի ու ագահ դարձած են: Ու հարցը միայն «վերը» գտնուողներուն հարցը չէ: Անձնապէս ճանչցած եմ անհատներու, որոնք երբ «վարը» կը գտնուէին կը հայհոյէին կաշառակերներուն, բայց երբ իրենք «վերը» հասած են նոյնը ըրած են եւ աւելին: Ահա այս է պատճառը, որ ընտրութիւններուն ժամանակ մեծ թիւով մարդիկ իրենց ձայնը կը ծախեն չնչին գումարներու դիմաց:
Իրականութեան մէջ նման այլասերում մը միայն Հայաստանին յատուկ չէ, այլ նաեւ սփիւռքին աւելի քիչ տարողութեամբ: Սփիւռքի որոշ շրջանակներ այսօր հատուածային ու անձնական տարբեր շահերով կապուած են Հայաստանի այլասերուած իրականութիւններուն հետ: Սփիւռքի մէջ ալ նկատելի է փտածութիւնն ու «ես»-երու կողմէն զանազան կառոյցներու վրայ անարդարօրէն իշխելու ընթացք մը: Յաճախ նկատելի է տարբեր պաշտօններու վրայ ոչ ճիշդ մարդոց ներկայութիւնը ու արժանիներուն լուսանցքացումը: Կը կարծուէր թէ Հայաստանը սփիւռքէն պիտի սորվի, բայց այնպէս կ՚երեւի թէ սփիւռքի որոշ շրջանակներ ու անհատներ կը սորվին Հայաստանէն: Նմաններուն «կը ներշնչեն» Հայաստանի «փտածներուն» «յաջողութիւնները»:
Ի՞նչ ընել: Երբ բարոյական արժէքներու համակարգը կը քանդուի շատ դժուար է վերականգնել զայն: Ամենէն դժուարը մարդը կերտելն է, այն մարդը որ նուիրուած է գաղափարին ու բարձր արժէքներուն: Ասոր նաեւ կը նպաստեն ներկայիս Արեւմտեան ընկերութիւններուն յատուկ այլասերումը, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ մեր վրայ, երեւոյթ մը՝ որ իր կարգին լուրջ մտահոգութիւն է այդ ընկերութիւններուն չայլասերուած հատուածներուն համար:
Շատ պիտի ուզէի որ աճող սերունդը ստանար այն կրօնական ու ազգային-գաղափարական դաստիարակութիւնը, որ մենք ստացանք Միջին Արեւելքի մէջ: Եթէ մենք կրնանք կերտել իսկական հայ մարդը, բարոյական, արդար ու գաղափարական մարդը, անշահախնդիր մարդը, այն մարդը որ երբ պէտք է՝ կրնայ իր «ես»-ը մէկ կողմ դնել ու նուիրուիլ Բարձրին ու վեհ գաղափարներուն, առաջին հանրապետութեան բնորոշ ղեկավար մարդը, այն ժամանակ է, որ շատ աւելի զօրաւոր կրնանք ըլլալ, այն ժամանակ է որ դուրս կրնանք գալ այսօրուան մեր լճացումէն եւ վերջապէս այն ժամանակ է որ նոր վերելք մը կրնանք ապրիլ:
2016-ի Արցախեան պատերազմին մեր նահատակները մեզի կը ներշնչեն ու յոյս կու տան որ Մանուկեանի, Նժդեհի, Դրոյի ու նմաններուն հոգին վառ է մեր մէջ եւ ինչքան ալ ժխտական է մեր ներկան իր ընդհանուր պատկերին մէջ, ապա անպայման օրը պիտի գայ երբ ազգը պիտի վերամաքրուի ու պիտի նուաճէ նոր բարձունքներ: