Մայիս 28, 1918

1 0
Read Time:4 Minute, 27 Second


Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Րոյըլ Օք, Միշիկըն

Ազգերու պատմութեան մէջ կան ճակատագրական եւ բախտորոշ թուականներ: Անոնք դարձակէտեր են անոնց ազգային կեանքին մէջ: Օրինակ, Յուլիս 4,1776-ը այդպիսի թուական մըն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար, երբ ան անկախութեան տիրացաւ: Նոյնպէս Յուլիս 14, 1789 թուականը Ֆրանսայի համար, երբ ան դուռ բացաւ Ֆրանսական Յեղափոխութեան եւ հիմ դարձաւ այդ երկրի ժողովրդավարական կառավարութեան:
Նմանապէս Մայիս 28, 1918 այդպիսի բախտորոշ դարձակէտ մըն էր հայոց պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը երկար դարերէ ետք իր անկախութեան տիրացաւ: Դարեր շարունակ առանց հայրենիքի հայ ժողովուրդը վերջապէս պետականութիւն ունեցող ազգ եղաւ:
Մայիս 28, 2018-ը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձն է: Հարիւր տարիներ առաջ, պատմական այս երջանիկ օրը, Հայաստան ընդհանուր յաղթանակի զգացումով արտայայտեց իր անկախութեան որոշումն ու ազատ, անկախ եւ գերիշխան ապրելու կամքը:
Մայիս 28, 1918 թուականը Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան թուականն է, հրաշքի համազօր թուական մըն է համայն հայ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, Մայր Հայրենիքի Բագրատունեաց Թագաւորութենէն 873 տարիներ ետք եւ Կիլիկիոյ Ռուբինեանց Հարստութենէն 543 տարիներ ետք, անդաստական հայութեան համար Հայաստանի անկախութիւնը բացառիկ հանգրուան մը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Դիւրին չեղաւ Հայաստանի անկախութեան ծնունդը: Արեւմտահայաստանի հայութեան կէսէն աւելին զոհ գացած էր Թուրք Ցեղասպանութեան: Մնացած կէսն ալ որպէս թշուառ եւ անօգնական գաղթականներ օրհասական օրեր կ՚ապրէին: Նոյնչափ օրհասական էր կացութիւնը Արեւելահայութեան համար: Հոկտեմբեր ամսուն հայութեան պաշտպան Ռուսիոյ մէջ սկսաւ Բոլշեւիկեան Յեղափոխութիւնը: Ռուս համայնավարներ թուրքերուն հետ հաշտութիւն կնքելով ստորագրեցին Պրեսթ-Լիթովսքի Դաշնագիրը, որու չորրորդ յօդուածին համաձայն Ռուսաստան Թուրքիոյ վերադարձուց ամբողջ Թրքահայաստանը: Սոյն տխրահռչակ դաշնագիրը մեծապէս սատարեց պարտուած եւ կազմալուծուած Օսմանեան բանակի վերականգնումին: Թուրքերը օգտուելով առիթէն յարձակեցան Հայաստանի վրայ: Կենաց եւ մահու այդ ճգնաժամին հայութիւնը բոլորովին առանձին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայերը առանձին կռուեցան Թուրքերու դէմ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ: Թշնամին պարտուած նահանջեց եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդը հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը Մայիս 28, 1918-ին:
Երկու տարուան մէջ Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն եւ Բաշ Ապարանը կերտող հայ ժողովուրդի հայրենասէր եւ շինարար ոգին մեծ եւ հրաշքի համահաւասար յաջողութիւններ արձանագրեց: Հայաստանի անկախութեան կերտման առաջին հրաշքէն յետոյ կ՚իրականանար երկրորդ հրաշքը, Հայաստանի հողերու եւ պետական կառոյցի ընդարձակումն ու զարգացումը: Մայիս 28, 1918-ին Հայաստանի հողային տարածութիւնն էր 12,000 քառակուսի քիլոմեթր: Մէկ տարի յետոյ, Մայիս 28, 1919-ին, Հայաստան տիրացաւ 70,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան: Իսկ համաձայն Օգոստոս 10, 1920-ին ստորագրած Սեւրի Միջազգային Դաշնագրին, Հայաստանը պիտի դառնար 160,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր մը: Այս շրջանին Հայաստանի մէջ հիմնուեցան դպրոցներ, պետական համալսարան, մասնագիտական դպրոցներ, երաժշտական, արուեստագիտական, երկրաբանական եւ զինուորական վարժարաններ: Հիմը դրուեցաւ նաեւ պետական թանգարանին: Ստեղծուեցաւ 12,000-ի շուրջ հայկական բանակ ղեկավարութեամբ փորձառու եւ ուսեալ զինուորականներով:
Մանուկ Հանրապետութեան կեանքը դժբախտաբար կարճ եղաւ: Թրքական բանակի սպայ մը՝ Մուսթաֆա Քեմալ անունով կազմակերպեց թուրք ազգային շարժում մը եւ շուտով վերակազմեց թրքական բանակը: Քեմալ դաշնակցեցաւ համայնավար Ռուսիոյ հետ: Ապա, Թուրքիա եւ Ռուսիա ճնշում բանեցուցին Հայաստանի վրայ եւ հողային զիջումներ պահանջեցին: Նոյեմբեր 29, 1920-ին Հայաստանի կառավարութիւնը ենթարկուեցաւ համայնավարներու իշխանութեան:
1920-էն մինչեւ 1991 թուականը, մեր այսպէս կոչուած «Երկրորդ Հանրապետութիւնը», հակառակ տիրող բռնապետական վարչակարգին, առնուազն պահեց ու մեզի փոխանցեց 28,800 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ ներկայ Հայաստանը, ուր գիտութիւնն ու մշակոյթը կրցան արձանագրել միջազգային չափանիշով նուաճումներ:
Մօտաւորապէս 70 տարի Սովետական լուծի ներքեւ գտնուող Հայաստանը իր վերանկախութիւնը հռչակեց Սեպտեմբեր 21, 1991-ին: Ներկայ Հայաստանը հայ ժողովուրդին կուտայ ազգային ինքնութեան հպարտութիւն եւ կ՚ամրապնդէ աշխարհացրիւ հայորդիներու հայրենասիրութեան եւ ազգայնականութեան զգացումը: Սակայն, վերանկախացած հայրենիքը ներկայիս կը դիմակալէ բազմաթիւ եւ բազմերես արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներ: Ասոնցմէ ոմանք կուգան հայրենի պետութեան կամքէն անկախ արտաքին ազդակներէ: Սակայն, կան այլ մարտահրաւէրներ, որոնք կախում ունին Հայաստանի ներկայ պետական ղեկավարութենէն, ինչպէս արտագաղթի հարցը, ապրուստի բարելաւումը, արդար եւ անկաշառ վարչակարգ մը ունենալը:
Ի հեճուկս իր բոլոր թերութիւններուն եւ խոցելի կողմերուն, որոնք լիայոյս ենք որ պիտի շտկուին ժամանակի թաւալումի ընթացքին, Հայրենիքը այն շօշափելի եւ տեսանելի իրականութիւնն է, որ ամէն գիտակից հայու էութեան մէջ կը ստեղծէ անխառն հպարտութեան զգացում: Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այն պատառ մը հողը, որ Հայաստան կը կոչուի, դիւթական եւ հմայիչ այն հողն է, որ մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն ու տեսիլքներուն գումարը կը խտացնէ:
Այո, Հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան: Վերաշինուող Հայաստանը մեր բոլորին լուսաւոր եւ անխորտակելի խարիսխն է, հզօր վկայութիւնը մեր ցեղային հանճարի յաւերժական տոկունութեան եւ ապահով գրաւականը մեր գալիքին:
Շուրջ վեց երկար դարեր անհայրենիք մնացող հայութեան երազն էր իր սեփական հողին վրայ կերտել հայ պետականութիւն: Այդ երազը իրականացաւ Մայիս 28, 1918-ին, երբ Օսմանեան ցեղասպանութեան Դեմոկլեան սուրը կախուած էր հայ ժողովուրդի գլխուն, հեգնելով մահուան սպառնալիքը՝ հերոսաբար կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը պատմական Հայաստանի մէկ հողաշերտին վրայ:
Ամէն լի-իրաւ հայու համար հայրենիքը սոսկ որեւէ երկրամաս մը չէ, եւ չի կրնար ըլլալ, այլ Արարատեան այն հողամասը որ մեր ցեղի դարաւոր քրտինքով եւ արիւնով մկրտուած է:
Ո՞ր գիտակից հայը հպարտ չզգար դրախտավայր այն հայրենիքին համար, ուր Էրեբունիի բլուրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդի բլուրը՝ ոսկի գծով կը կապէ, կը զօդէ մեր անցեալը մեր ներկային, մեր հնադարեան փառքը՝ մեր վերածնած հայրենի իրականութեան:
Մայիս 28, 1918 ոչ միայն պատմական նշանակալից օր մըն է, այլ նաեւ հոյակապ դարձակէտ մը հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ այդ օրը հիմը դրուեցաւ մեր ներկայ պետականութեան:
Մայիս 28, նաեւ խորհրդանիշն է մեր ազգային երազներուն, իղձերուն եւ յոյսերուն: Ան խորհրդանիշն է հայու ազատատենչ ոգիին: Այդ ոգիով է որ բոլոր գիտակից հայերը հպարտութեամբ կ՚ողջունեն Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեայ տարեդարձը եւ կը միանան մաղթելով որ մեր վերանկախ պետութիւնը վերանորոգ հաւատքով եւ նորանոր յանձնառութիւններով ընդառաջէ համահայկական կարիքներուն: Նաեւ կը մաղթեն որ հակառակ համայն մարդկութեան յառաջախաղացքին դէմ ցցուող մարտահրաւէրներուն, մեր հայրենի կառավարութիւնը մնայ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:
Բոլոր ազգասէր հայորդիներու աղօթքն է նաեւ որ հայրենաբնակ եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը միացեալ տեսլականով ու կամքով շարունակէ աշխատիլ՝ յանուն հայութեան արդար Դատի յաղթանակին եւ Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու յարաճուն հզօրացման եւ բարգաւաճման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles