Յունուար 23-ին տեղի ունեցաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի Ընտանեկան երեկոն: Ներկայ էին մօտաւորապէս 250 հոգի, որոնց կարգին շրջանաւարտներ, ծնողներ, մեծ ծնողներ, ինչպէս նաեւ Վարժարանի բարերարներ ու բարեկամներ: Ֆիլատելֆիոյ երեք մարզական խումբերու գունաւոր շապիկները հագած, աշակերտները զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծեցին Վարժարանի Յովսէփեան կեդրոնին մէջ:
Ներկաները վայելեցին համեղ ընթրիք մը: Հայկական եւ ամերիկեան երգերը առաւել ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Մարզական բնաբանով վիճակահանութիւններ կատարուեցան ինչպէս նաեւ հարցումներ, հաճելի եւ հետաքրքրական դարձնելով երեկոն:
Տէր եւ Տիկին Աստուրեանները պատիւի արժանացան դպրոցէն ետք աշակերտներուն կողովագնդակ խաղալու գաղափարն ունենալու, եւ անոր փայլուն յաջողութեան համար: Անոնց յուշապատկեր մը նուիրեցին ստորագրուած բոլոր գնդակ խաղցող աշակերտներուն կողմէն:
Ընթրիքէն ետք, ներկաները երգեցին եւ իրենց սրտագին մաղթանքները յայտնեցին Վարժարանի տնօրէնուհիին Քոյր Լուիզային՝ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ բարի գալստեան ջերմ մաղթանքներ ուղղեցին Քոյր Յովհաննա Արոյեանին՝ վարժարանի ուսուցչական կազմին անդամակցելու համար: Անմոռանալի եւ շատ տպաւորիչ երեկոյ մը հանդիսացաւ բոլորին համար եւ երախտագիտական զգացումներով բաժնուեցան այս նուիրեալ օճախէն: