Խմբագրական
Սովորութիւն դարձած է, որ Ամանորի առթիւ վերատեսութեան ենթարկուի անցնող տարուան կատարուածն ու յառաջիկայ տարեշրջանի կատարուելիքը, իր զանազան ենթաբաժանումներով: Թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային բնագաւառին մէջ, նոյնիսկ ժամանակագրական կարգով ու յաւելեալ մանրամասնութիւններ նշելով, էջեր կարելի է մրոտել, կամ՝ քայլ պահելով — բնականաբար եւ հարկադրաբար — արդի քարոզչական միջոցներուն, եւ լուսանկարներու կամ գծանկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացնել անցեալ կատարեալն ու ապագայ կատարուելիքը:
Այս ամանորեայ հաշուարկը կրնայ ներկայանալ տարբեր պայմաններու տակ երեւանաբնակ հայորդիին համար: Ան նոյնքան ամբողջական եւ հարազատօրէն ներկայացուած զեկուցում մը կրնայ ստանալ զինք փոխադրող թաքսիի վառորդէն: Այս վերջինը, ամենայն ինքնավստահութեամբ ինքնաշարժին ղեկը ստանձնած, նոյնքան հմտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը ներկայացնէ իր ակնոցով դիտուած ամանորեայ հաշուարկը՝ թէ՛ անցեալով եւ թէ՛ ապագայով:
Նիւթերն ու վերլուծումները շա՜տ, կամ աւելի ճիշդ՝ պահելով տեղւոյն բարբառը, լիքն են:
Այնքան, ոը ճամբորդը յաւելեալ զեկուցումներ եւ տեղեկութիւններ ստանալու համար, կրնայ այլ հեռաւոր հասցէով շարունակել, անշուշտ այն պայմանով, որ գոհ պիտի ձգէ այս վճարովի զեկուցաբերին:
Մերթ՝ պարզապէս ժողովրդային եւ գիւղական արտայայտութիւններով, ու մերթ՝ փիլիսոփայական գաղափարներով լի բացատրութիւններով վերլուծումներ, յաւելեալ քաշողականութիւն մը կը ստեղծեն այս լսարանին մասնակցող ճամբորդ-յաճախորդին մէջ: Բնականաբար, վերջին ամիսներու պատահարները գերազանցած են տարեսկիզբի եղելութիւնները, իսկ տարի մը առաջ պատահածը… գրեթէ մոռացութեան մատնուած է
Տնտեսական բնագաւառն է որ բնականաբար օրակարգի վրայ է, նկատի ունենալով յատկապէս տօնական օրերու առթիւ սղաճը: Նախագահ Սարգսեանի համար 2017-ը կը բնութագրուի իբրեւ կառավարութեան տնտեսական ոլորտի մարմիններուն եւ գործարարներուն միջեւ համագործակցութեան տարի, որուն արդիւնքով հայկական դրամը
կը գտնուի կայուն վիճակի մէջ։ Կացութիւն մը, որ ինքնաբերաբար պիտի ազդէ յառաջիկայ տարուան արդիւնքներուն վրայ, երբ կը սպասուի վեց առ հարիւրէն աւելի տնտեսական աճ մը: Լաւատեսութիւն մը, որ ինքնաբերաբար կապ ունի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ստորագրուած համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի բարձր գնահատականին հետ, եւ առիթ կ՚ընծայէ Արցախի տագնապին գծով հաւասարակշռուած դիրքորոշման:
Հաւանաբար զեկուցում ստացողը հասած է իր վայրն ու ստիպողաբար կիսատ ձգած ու հեռացած է թաքսիի վարորդ զեկուցաբերը, որ արդէն իսկ տարբեր ունկնդիրի հետ կ՚արծարծէ տարբեր նիւթ՝ յառաջիկայ ամիսներու կատարուելիքներ. Ապրիլին խորհրդարանական վարչակարգի կիրարկում, իսկ ամիս մը ետք, կարճ, սակայն պատմական կարեւոր, դեր ունեցող Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակի նշում;
Եւ այսպէս՝ լսարանային բնոյթ ունեցող զրոյցները կը շարունակուին, նաեւ տուներու եւ զանազան հաւաքներու ընթացքին… Ամանորեայ հաշուարկներ ու մասամբ նորին: