Հրապարակի Վրայ Է Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» Խորագրով Տեսահոլովակը

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

Հրապարակի վրայ է դասական եւ  ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան՝ Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» խորագրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,):

Տեսահոլովակի նախաձեռնութիւնը անձամբ Հաճեանի կողմէն եղած է։

Բառերուն հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ՝ Սամուէլ Գալստեանին։

Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի, շնորհիւ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի։

Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, կը յուսամ նիւթական միջոցներ կը գտնեմ, եւ կարելի կ՚ըլլայ անգլերէնը զետեղել տեսահոլովակին մէջ, տողատակի ձեւով։

Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ խաղարկային է եւ կենդանի նկարահանումներով համալրուած է: Այս գծով, անմիջական աջակցութիւն եւ արտօնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ:

Նկարահանումները տեղի ունեցած են սահմանագիծի վրայ, Մռավի բարձունքներէն մինչեւ Ֆիզուլի զօրամասերը։

Հիմնական չորս միտքեր կ՛արտացոլացուին.-

  1. – Արուեստագէտին ներդրումը Ազգային Բանակ գաղափարին, տալով կենդանի արտայայտութեան ձեւերէն մէկը։
  2. – Երգիչը բացի իր համերգասրահներուն մէջ ունեցած ելոյթներէն, նաեւ պատրաստ է եւ կը մեկնի Հայ Զինուորին երգելու ուղակի սահմանագիծին վրայ, նաեւ խրամատներուն մէջ, քաջալերելու եւ սատար կանգնելու Հայրենապաշտպանութեան վեհ գործին։
  3. – Յիշողութիւնները մեր 90-ական թուականներու ազատամարտիկներու յաղթանակին եւ կապը այսօրուան շարունակուող թշնամիին ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարող հայու կամքի արտայայտութիւն։
  4. – Մշակոյթի գործիչն ու Հայ Զինուորը նոյն առաքելութիւնը ունին, Պաշտպանել Հայրենիքի սահմանները, ազգային արժէքները, զէնքով ու երգով, եւ պահանջեալ հարկին նաեւ արուեստագէտին մասնակցութիւնը յարատեւ կռուի այս դժոխքին զէնք վերցնելու հայ զինուորին կողքին։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles