ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբերի 25-ին, Քաշաթաղի գիւղերէն մէկուն` Իշխանաձորի մէջ, վերաբացուեցաւ բուժարանը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, Թիւֆէնքեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:
Թիւֆէնքեան հիմնադրամի կողմէն 2004-2006 թուականներուն կառուցուած բուժարանը Քաշաթաղի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող 16 հեռաւոր գիւղերուն բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցն է, որ հրատապ վերանորոգման եւ բարեկարգման կարիքն ունէր իր գործունէութիւնը շարունակելու համար:
Գիտակցելով այս կառոյցի կարեւորութիւնը Իշխանաձորի եւ հարաւային Քաշաթաղի համար, Թիւֆէնքեան հիմնադրամը այս տարուայ Սեպտեմբերին յանձն առաւ բուժարանի վերանորոգումը: Շինութեան վերանորոգումը վստահուեցաւ տեղացի աշխատողներուն:
Բուժարանը վերանորոգուած է ամբողջութեամբ, ներառեալ պատերու, յատակի եւ առաստաղի բարեկարգումը, նոր պատուհաններու եւ դռներու տեղադրումը եւ արտաքին յարդարումը: Արդիւնքում ապահովուել է այս առողջապահական կառոյցի պահպանումը գալիք տասնամեակների համար:
«Քաշաթաղի վերաբնակեցումը եւ զարգացումը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ ապրող մեր հայրենակիցների, այլ նաեւ ողջ Արցախի եւ Հայաստանի համար: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատել միասին այս ազատագրուած տարածքներին նոր կեանք հաղորդելու եւ այստեղ ապրելու նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար», ըսաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, բացման արարողութեան ընթացքին:
Հաստատութեան բժշկական անձնակազմը բաղկացած է վեց մասնագէտներէ, որոնք առողջապահական ծառայութիւններ պիտի տրամադրեն տարեկան աւելի քան հինգ հարիւր հիւանդներու:
Շրջանի բնակիչներուն համար բժշկական խնամքը դժուարամատչելի է, վատ ճանապարհներու եւ փոխադրամիջոցներու պատճառով: Մինչեւ վերջերս, գիւղերուն մէջ գործող առողջապահական կառոյցներ գրեթէ գոյութիւն չունէին:
Իշխանաձորի բուժարանի կառուցումը, սարքաւորումներով զինումը եւ յետագայ վերանորոգումը Թիւֆէնքեան հիմնադրամի կողմէ` Քաշաթաղի առողջապահութեան բարելաւման համար ծրագրերէն մէկն է: 2005-էն ի վեր հիմնադրամը կառուցած, կահաւորած եւ սարքաւորած է հեռաւոր Մշենի եւ Աղաւնատուն գիւղերուն մէջ գտնուող փոքր բուժարանները: Ասոր կողքին, 2008-2010 թուականներուն, հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի մէջ գործած է շարժական բուժարան, որը երկու տարիներու ընթացքին բժշկական խնամք տրամադրած է մօտ երկու հազար անձերու, որոնց կարգին 597 երեխաներ:
Արցախի ազատագրուած սահմանամերձ գիւղերու առողջապահական իրավիճակի յետագայ զարգացման նպատակով, Թիւֆէնքեան հիմնադրամը 2018-ին կը նախատեսէ բուժարան կառուցել հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ, ուր ցայսօր բժշկական որեւէ ծառայութիւն անհասանելի է: