Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ՝ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ԺԱՊԱՒԷՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second
Բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան, որ 2005ին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Միթըրանին «Le  Promeneur du champ de Mars»
Բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան, որ 2005ին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Միթըրանին «Le Promeneur du champ de Mars»

Հանրածանօթ է ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան, որ նախապէս բեմադրած է «Marius et Jeanette», «Լa Ville est Tranquille» (աւելի ծանօթ, «The Town is Quiet» անունով)  եւ «Voyage en Armenie» ժապաւէնները, աւարտելու ընթացքին մէջ է նոր ժապաւէն մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Ֆրանսայի դիմադրութեան ականաւոր գործիչներէն՝ Միսաք Մանուշեանին: Ժապաւէնին անունն է «L’Armee du crime» («The Army of Crime»), որ պիտի ներկայացնէ  Մանուշեանի եւ իր խմբակի գործունէութիւնը:  Այդպէս նացի ուժերը «Ոճիրի Բանակ» կոչած էր Մանուշեանի խումբը: Օրին, տեղական ուժերու գործակցութեամբ ձերբակալուած ու բանտարկուած, Մանուշեան եւ ընկերներ Փետրուար 1944ին  սպաննուած էին, իսկ այդ խմբակին մաս կազմող միակ իգական անդամը գլխահատուած էր Մայիս 1944ին: Անոնք օրին մեծ ժողովրդականութիւն ունեցան, յատկապէս կարճ ժամանակաշրջան մը ետք, երբ Ֆրանսան ազատագրուեցաւ:
Ժապաւէնը պիտի սկսի ցուցադրուիլ, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 23, 2009էն սկսեալ Փարիզի սրահներէն ներս: Միսաք Մանուշեանի դերը ստանձնած է Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ, Արշիլ Կորքիի դերը ստանձնած Սիմոն Աբգարեանը, իսկ  անոր կողակիցին՝ Մէլինէի դերը պիտի ստանձնէ Վիրժինի Լըտուայէնը («La Doublure», կամ աւելի ծանօթ «The Valet»):
Մինչ այդ, Փետրուար 22ին, Մանուշեաններու բնակած շէնքի (Փարիզի 14րդ թաղամաս, թիւ 11 շէնք)  մուտքին, զետեղուեցաւ ցուցատախտակ մը: Կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն, ներկայութեամբ համբաւաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի, Հայաստանի դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Համլէթ Գասպարեանի, Փարիզի փոխ քաղաքապետ Քաթըրին ՎիօՇարիէի եւ Մանուշեանի խումբի երկու վերապրող անդամներ՝ Արսէն Զաքարեանի եւ Հանրի Քարայեանի: Հարիւրաւոր քաղաքացիներու կողքին, նաեւ կային  այլ ֆրանսահայ միութիւններու ղեկավարներ, Փարիզի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը: Մանուշեան սպաննուած էր Փետրուար 21, 1944ին:

Սիմոն Աբգարեան, որ ստանձնած է…
Սիմոն Աբգարեան, որ ստանձնած է…
Միսաք Մանուշեանի դերը
Միսաք Մանուշեանի դերը

Ծնած Սեպտեմբեր 1, 1906ին,  անոր հայրը Եղեռնի զոհերէն է, մայրն ալ տարագրութեան ընթացքին մահացած է: Ան իր մանկութիւնը անցուցած է եղբօր հետ, Սուրիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ: Ապա 1925ին Մարսէյ ժամանած ապա Փարիզ հաստատուած, ան մուտք կը գործէ «Սիթրոէն» ինքնաշարժներու գործարան, ուր կը ծանօթանայ բարեկամներու: Ծայրայեղ ձախ (համայնավար)  գաղափարներու տէր, ան շնորհալի բանաստեղծ էր, մասնագէտ թարգմանող եւ խմբագիր: Նախքան 1939ի փախստականի կեանք ապրիլը, ան հիմնած է «Զանգ», «Մշակոյթ» գրականգեղարուեստական ամսագրերը եւ խմբագրած «Զանգու»ն:

Իսկ Վիրժինի Լըտուայէն՝
Իսկ Վիրժինի Լըտուայէն՝
Մելինէ Մանուշեանի դերը
Մելինէ Մանուշեանի դերը

Մանուշեան, իր բջիջին (Maind’œuvre immigre . «Immigrant Workforce») հետ կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կատարած էր 56 խափանարարական արարք, թիրախ ունենալով նացի կեդրոններ: Անոր յարձակումները խլած էին հարիւր յիսուն զոհ եւ վեց հարիւր վիրաւոր: Նշենք թէ, Ֆրանսացի բանաստեղծ Լուի Արակոն 1955ին բանաստեղծութիւն մը ձօնած էր Մանուշեանի եւ անոր գաղափարակից ընկերներուն: Սոյն բանաստեղծութիւնը՝ «L’Affiche Rouge» («The Red Poster») երգի վերածուած էր պատմութիւն անցած ֆրանսացի երգիչ Լէօ Ֆեռէի կողմէ: Նիւթը՝ Կարմիր գոյնով որմազդի մը վրայ, նացի ուժերը ֆրանսերէնով նշած էին թէ Մանուշեանի եւ իր ընկերներու կատարած արարքները, պարզապէս ահաբեկչութիւններ էին: Քարոզչական այս ոճը, իր հակառակ հետեւանքը ունեցած էր եւ բնակչութեան համար, Մանուշեան եւ ընկերներ կը նկատուէին ազգային հերոսներ:
Նշենք թէ, Ֆրանսայի զանազան քաղաքներէ ներս աւելի քան քառասուն փողոցներ, պուրակներ, սրահներ եւ հրապարակներ կը կրեն Մանուշեան անունը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles