ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՌԱԿՊԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿԱԶՄԸ՝ ՀՌՉԱԿ ԿԸ ՍՓՌԷ

0 0
Read Time:2 Minute, 9 Second

Այս տարի, Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը կը նշէ իր կրթօճախի հիմնադրման 187րդ տարեդարձը:Հայրենիքէն հեռու այս կրթական հաստատութիւնը միայն անցեալի փառքով չ’ապրիր, այլ ներկայ կառավարիչ Օշական Վրդ. Գիւլգիւլեանի առաջնորդութեամբ կը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը՝ հայեցի կրթութիւն, դաստիարակութիւն տալով նոր սերունդին: Էջմիածնի հովանաւորութիւնը վայելող այս հիմնարկի աշխատանքներուն, մօտէն կը հետեւի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ ճեմարանի նկատմամբ ունի հայրական սէր: Ան միշտ ալ շեշտած է մշտական հոգածութեան կարեւորութիւնը եւ ողջունած է ճեմարանի նորընտիր տնօրէն Սումիթրայ Մալիկին՝ յաջողութիւններ մաղթելով անոր:

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մարզիկներ…
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մարզիկներ…

Այս ճեմարանի վարչական տնօրէն Յարութիւն Սրկ. Համբարձումեան մօտէն կը գործակցի կառավարիչ Օշական Վրդ. Գիւլգիւլեանի հետ: Ան մեծ հպարտութեամբ ու գոհունակութեամբ կ’անդրադառնայ սոյն կրթօճախի անցած ճամբուն, ընդգծելով ճեմարանականներու ցուցաբերած ուսումնական յառաջադիմութիւնը, ձեռքբերումներն ու ապագայ ծրագրերը: Ան տարեկան դրութեամբ նորութիւններ կատարած է կրթօճախէն ներս: Ամիսներ առաջ, բացումը կատարուած էր փոքր տղոց համար նախատեսուած հիմնովին վերանորոգուած եւ կահաւորուած ննջարանի մասնաբաժնին, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած հիւանդանոցին:  Այցելողներու թիւը հետզհետէ յաւելում կը կրէ: Վերջերս, ճեմարանականներուն այցելուն էր Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ Սմբատ Լպուտեան:

Վերջին հետաքրքրական իրադարձութիւնը, տղոց ռակպիի երիտասարդ կազմն է որ սկսած է հռչակ սփռել շրջանէն ներս: Այնքան մը որ, այս երիտասարդ մարզիկները՝ Ճեմարանի մարզական աշխարհի »Slumdog Millionaire«ները  հասած են միջազգային մակարդակի: Այսպէս, Հնդկաստանի ռակպիի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի առաջին 15 մարզիկներէն 12ը հայորդիներ են: Զարմանալիօրէն այս մրցախաղը, տարիներէ ի վեր մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, հակառակ անոր որ նոյնքան կարեւորութիւն կ’ընծայուի այլ մարզախաղերու, որոնց կարգին յատկապէս կողովագնդակ, ոտնագնդակ եւ վոլէ:  »Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ կը պատահի: Հոս ժամանողը, շուտով կը տարուի այս մարզախաղով, անշուշտ իր դասերու կողքին«, կը յայտնէ Օշական Վրդ. Գիւլգիւլեան, որ վերջերս հարցազրոյց մը ունեցաւ տեղացի լրագրողի մը՝ Ռայտիփ Տաթա Ռոյի հետ: Այս շուտով խանդավառուողներու շարքին է Վարոս Պոյաճեանը, որ արդէն իսկ խումբին բանալի անդամներէն մէկը կը նկատուի: Մարզիկներուն շարքին է նաեւ, հազիւ 14 գարուններ բոլորած իրաքահայ Ռազմիկ Սուրէն:

Յառաջիկայ Յունիս ամսուան ընթացքին, պիտի սկսի ախոյեանութեան տարեշրջանը եւ խումբը լրջօրէն կը պատրաստուի: Արդէն իսկ ճեմարանի հաւաքականըւ պարտութեան մատնած է կարգ մը տեղական կազմեր, որոնց կարգին Մումպայի (Պոմպէյ) Ճիմխանան, Կալկաթայի եւ Մահարաշթրայի ոստիկանութեան կազմերը: Նոյնիսկ, ժամանակին պատահած է որ, հայկական երկու կազմեր մասնակցին Հնդկաստանի ռակպիի ախոյեանութեան մրցումներուն:

…մրցումի ընթացքին
…մրցումի ընթացքին

Այս խանդավառութիւնն ու աջողութիւնը պատճառ դարձած է որ, Ճեմարանի պատասխանատուները, գործակցաբար Էջմիածնի հետ, լրջօրէն մտածեն կառուցել մարզական համալիր մը:

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ներկայ եղած էր Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ 300րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպուած մէկ շաբթուայ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ, անցեալ Նոյեմբեր 816ի միջեւ:Կաթողիկոսը այս առիթով օրհնեց Չէնայի մէջ 1712ին հիմնուած եւ վերջերս վերակառուցուած եկեղեցին: Ան նաեւ շնորհաւորեց մարզիկները, որոնք բարձր կը պահեն Ճեմարանի դրօշը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

2 thoughts on “ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՌԱԿՊԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿԱԶՄԸ՝ ՀՌՉԱԿ ԿԸ ՍՓՌԷ

  1. Interesting article.
    Հետաքրքական պիտի ըլլար նաեւ իմանալ ճեմարանի մասին, յատուկ թղթակցութեամբ մը:

    Այս առթիւ՝ շնորհաւորութիւններս ձեր (ինծի համար) նոր կայքէջի որակին եւ բովանդակութեան:
    Keep it up!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles