Գրողն Ու Իր Հաւաքը

0 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

Գէորգ Պետիկեան

Հազիւ կէսօրէ ետք էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք՝ արագ մը պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց իր հետ տանելիք լոյս ընծայած իր բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՚ուզէր երթալ: Ամէն մարդ լաւատեղեակ էր, թէ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա~ն խճողուած կ՚ըլլային: Բայց, այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ, իրեն բոլորովին անծանօթ հայ տիկին մը, տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գիրքի Ակումբ» մշակութասէր խմբակին անունով, հեռաձայնած էր, յայտնելով թէ՝ իբրեւ հեղինակ, «ակումբը» կը փափաքէր, իր հետ հանդիպում մը ունենալ, ու նաեւ աւելցնելով, որ խմբակը «իր պարբերական հանդիպումներու ընթացքին կը պարապէր հայ թէ օտար գրողներու նոր հրատա-րակուած հատորներու ընթերցումներով, ապա որմէ ետք իրարու կը փոխանցուէր իրենց կարծիքներն ու խորհրդածութիւնները»:
Ներքին հաճոյքով մը, մտովի երեւակայած էր անկեղծութիւնը այդ օրինակելի եւ իւրայատուկ խմբակին եւ յատկապէս անոր՝ լայն ընթերցասիրութեան: Չէ՞ որ ինքն ալ նման նկարագրի գիծ ունէր: Չէ՞, որ ինքն ալ կը հաւատար, որ ընթերցումները մարմինը հոգիին կապող վայելք եւ կենսական անհրաժեշտութիւններ ալ էին:
Ուրախ էր: Իր աչքերուն մէջ այդ մէկուն ներկայութիւնը զգալի էր: Այս հանդիպում-քննարկումը շնորհահանդէսի կամ գինեձօնի չափանիշներէն անդին էր անկասկած: Խմբակը, պատիւ իրեն, նախ գնած ու կադացած էր լոյս ընծայած իր վերջին հատորը: Իսկ հիմա որոշած էր հեղինակին մօտէն ծանօթանալ:
Քննարկում: Ի՜նչ լաւ բան է: Տարիներ առաջ հայկական նախակրթարանէ մը նման հրաւէր մը ստացած էր ու ինք իբրեւ գրող, ներկայացած էր այդ վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտներուն եւ անոնց հետ «զրուցած», պատմած, խրախուսած եւ թելադրանքներ կատարած: Այդ ատեն, քննարկում չկար: Պարզ հանդիպում մըն էր: Ծանօթացում՝ հայ գրողի եւ հայ աշկերտներու միջեւ: Իսկ այսօր, այս մէկը բոլորովին տարբեր էր: Մեծերու հետ էր իր գործը: Այս խմբակը տարիներէ ի վեր, տասնեակներով հայ եւ օտար գրողներու հատորներ քննարկած էր, կը մտածէր, ու հիմա իր կարգն էր:
Ի՜նչ լաւ բան է: Առողջ մտածում: Զգալի քաջալերանք: Հայ մշակոյթի պահպանման համեստ մէկ որդեգրում:
Ինքնաշարժ նստեցաւ եւ զայն վարեց դէպի հաւաքավայր: Տակաւին ժամադրավայր հասնելու մէկ ժամ եւ աւելի կար: Բայց կար նաեւ այս անիծեալ խճողումը: Ճամբու ընթացքին լրջօրէն մտածեց: Այս մարդիկը ի՞նչ կամ ինչե~ր կրնային հարցնել…: Ինք հանդարտ էր: Բնականէն աւելի: Ու օգտուելով ինքնաշարժի դանդաղ ընթացքէն, սկսաւ մտովի շարել իրեն հարցուելիք ենթադրեալ հարցումները: Ու կռահեց: Առաջին իսկ հերթին՝ ամէնէն սովորականը.-
-Ինչո՞ւ կը գրես, երբ հայերէն կարդացողներուն թիւը ոչ միայն նուազած է. այլ նօսրացած:
Թերեւս իրաւունք ալ ունէին: Վերջին հաշուով ընթացիկ եւ մանաւանդ մտահոգիչ նկատուած հարցում մըն ալ էր: Ու որոշեց պատասխանել, ինչ որ յաճախ առիթներուն կրկնած էր, համարձակ եւ ինքնավստահ.-
-Իբրեւ գրող, թէեւ գիտեմ, որ Սփիւռքեան հորիզոնին վրայ նման ցաւալի երեւոյթ մը կայ, բայց նաեւ գիտեմ, որ կայ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ, եւ կ՛արտայայտուի, հայերէնով կ՛աղօթէ, հայերէնով կը սնանի ու կ՛ապրի, հայերէնով սիրած է եւ տակաւին կը սիրէ, ու աւելին՝ հայերէնով կը խնդայ ե՛ւ կը խօսի, ու նոյնիսկ հայերէնով ալ կը հայհոյէ: Անոր համար է, որ իբրեւ սրտի մտքի ու հոգիի պարտք. կը գրեմ։
Իսկ եթէ հարցնելու ըլլային, թէ ո՞վ էր այդ «խենթը». ինք յստակօրէն պիտի պատասխանէր.-
-Ես ե՛մ: Ե՛ս: Եթէ նոյնի՛սկ անձս դառնայ իմ գրութիւններուս, տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ես ինծի համար, իմ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու եւ կարդալու պապակս գոհացնելու համար: Կ՚ուզեմ գրել, որովհետեւ գրելը շատ կը սիրեմ: Այո՛, կ՛ուզեմ գրել: Նաեւ կ՚ուզեմ, որ գրիչս ազատ ապրի, համարձակ, ճակատաբաց, արծիւի նման հպարտ թռիչք ունենայ: Ունենայ ե՛ւ սլացք, ե՛ւ խաղ: Կ՚ուզեմ, որ գրիչս իմ երեւակայութեանս կապոյտ ովկիանոսին նման, անծայրածիր հորիզոններ ունենայ ու բոլորին ներկայութեան կեանքի իր խաղերը գիտակցօրէն խաղայ: Ուրախ կամ տխուր խաղերը: Որովհետեւ այդ խաղերն են, որոնք զիս պիտի ապրեցնեն: Այդ շարժումներն են, որոնք ինծի շունչ եւ կենդանութիւն պիտի տան: Նոր կեանք պիտի բերեն: Նոր սնունդով եւ աւիշով: Ուրեմն, պէտք է, որ գրեմ որպէսզի հոգիս ուրախ մնայ, որպէսզի ան ապրի: Գոյատեւէ: Ահա անոր համար է այս գիրքը. Որովհետեւ ես ալ շատերու նման կը հաւատամ, որ գիրքը, հեղինակի մը միտքին լեզուն է:
-Էհ, ինչպէ՞ս ծնունդ առած է այս հատորը.- առ քեզի ուրիշ հարցում մը.-
– Ինծի համար հատորին նիւթերը կը դեգերին հասարակական մեր բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այսպէս պիտի շարունակէր իր խօսքը.- աւելին՝ հոն կան նաեւ հայրենքիս ցաւերը, ծննդավայրիս յուշերը, ձուլումի մտահոգութիւններս:
-Կ՚ուզէք նաեւ գիտնալ ի՞նչ է գիրքը, այս անգամ ինք պիտի հարցնէր. ըսեմ.- իբրեւ հեղինակ կամ գրող ինծի համար գիրքը, մտքիս լեզուն է: Գիրքը միայն գիր չէ, նաեւ՝ շունչ ալ է: Յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրին եւ յատկապէս արեւմտհայերէնի մասին, գիրին եւ գրականութեան մասին ու ինչ մեղքս պահեմ երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ: Սփիւռքի զաւակ ըլլալով, կը զգամ, որ սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է: Այսօր ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ սփիւռքի կեանքը ջերմացնելու: Ինչ ալ ընենք, չենք կրնար օտարացումի առաջքը առնել, անոր համար մշակոյթի ճամբուն դիմած ենք:
Յանկարծ զգաց, որ ինքնաշարժին մէջ սկսած էր ինքներեն խօսիլ: Անսովոր բարձր եւ քրտինքով: Թէեւ մարդիկ եւ դէպքերը ժամանակէն առաջ ճերմկցուցած էին մազերը, սակայն տակաւին կանուխ էր նման մենախօսութիւններով ժամանակ վատնելը:
-Իսկ հապա՞ ձեր լեզուն…- ահա հարցում մը եւս.-
– Այդ մեր մայրենին է.- մեր լեզուն մեր տունն է, մեր աղօթքն է, մեր հայրենիքն է, մեր լոյսն ու յոյսն է…։
Մտածումները կարծես ճիշդ այդ վայրկեանին կանգ առին: Հասած էր որոշուած ժամադրավայրը: Իջաւ ինքնաշարժէն եւ քալեց հաւաքատեղիի ուղղութեամբ: Հոն պիտի ըլլային ծանօթ եւ անծանօթ դէմքեր, որոնք իրենց աղուոր անկեղծութեամբ նոր ջերմութիւն մը պիտի բերէին իր սրտին: Վստահ էր: Ինք կը սիրէր ու կը յարգէր նման հոգեկան ապրումները, որոնք ծնունդ կ՚առնէին հայ գիրի մշակին եւ մշակոյթին հանդէպ մատուցուած այս խմբակի մարդոց օրինակելի յարգանքէն, գուրգուրանքէն, եւ խանդավառութեան նպատակէն:
Հաստատապէս բազմազան ապրումներով հարուստ հայ գրականութիւն ըսուածը, հարստացուցած էր նաեւ իր այս նոր բարեկամներուն հոգիներն ալ: Հաւաքատեղիի դրան մուտքին, ինքզինք անգամ մը եւս շտկեց, եւ դուռը բանալով, տաք ժպիտով մը մտաւ ներս.-
-Բարեւ ձեզ…:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles