ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայիս 25-ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանէն պատուիրակութիւն մը, տեսակցութիւն ունեցաւ, տեղւոյն Հ.Հ. դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան եւ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ճորճ Աղճայեան, Հայկ Օշական եւ Յովսէփ Աւագեան մաս կը կազմէին պատուիրակութեան:
Զանազան հարցեր արծարծուեցան, այս հանդիպման ընթացքին, որոնց կարգին յատկապէս Ատրպէյճանի որդեգրած յարձակողական դիրքորոշումը, Արցախի հիմնահարցին առնչութեամբ, նաեւ Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւններն ու յառաջիկայ տարուան ընթացքին, կատարուող Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի նշումը:
Աւարտին, որոշուեցաւ աւելի մօտէն եւ հետեւողական ձեւով գործակցիլ: Նշենք թէ, այս գծով, արդէն իսկ Հ.Հ. դեսպանատունը կազմակերպած էր տեսակցութիւն-հաւաք մը, Չորեքշաբթի Մայիս 31-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին գծով արդէն իսկ, նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: Նշենք թէ , Հ.Յ.Դ. արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանը Մայիս 2017-ին, Նիւ Եորքի մէջ պիտի կազմակերպէ քանի մը օրերու վրայ երկարող գիտաժողով մը, մասնակցութեամբ ակադեկամականներու եւ դասախօսներու:
Read Time:47 Second