Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Լոս Անճելըսի հետ առեւտրական գործակցութիւն զարգացնելու համար հանդիպումի պատրաստուող թուրք գործարարներ քանի մը ապտակ ստացան, ի լուր հանդիպումը ջնջելու Լոս Անճելըսի Առեւտրական գրասենեակի որոշումին։
Նախատեսուած էր, որ 25 Մայիսին, Լոս Անճելըսի այս գրասենեակը հիւրընկալէր աւելի քան տասնեակ մը թուրք գործատէրեր, գործակցութեան ծրագիրներ մշակելու համար։ Լոս Անճելըս ընթացք տուաւ արդարութեան ու մարդու արժանապատուութեան կանչին։
Թուրք գոծրատէրերուն առաջին ապտակը տուաւ ջնջումի առաջարկը բերող քաղաքապետական խորհրուդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, երկրորդը՝ առաջարկին ընդառաջող Գրասենեակը, իսկ ամէնէն շառաչուն ապտակը, հաւատաք թէ ոչ, տուաւ նոյնինքն… Թուրքիոյ նախագահը՝ Էրտողան, որ Ուաշինկթընի մէջ իր թիկնապահները մղեց վարուելու այնպէ՛ս, ինչպէս կը վարուին բռնատիրական Թուրքիոյ մէջ։
«Պրաւօ»ի արժանի են թէ՛ Փօլ Գրիգորեանը եւ թէ Առեւտուրի Գրասենեակը, որոնք ցոյց տուին, թէ օրէնք, ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող պետութեան մը հետ չեն ուզեր գործ ունենալ։ Հիմա, թուրք գործարարներուն կը մնայ հաշիւ պահանջել սուլթանական հովեր առած իրենց նախագահէն։
Նման արգելակումի համար, անպայման պէտք չէ սպասել Ապրիլ 24-ի օրերուն, ինչպէս պատահեցաւ շուրջ 2 ամիս առաջ, Օրէնճ Քաունթիի մէջ, ուր կարեւոր յաղթանակ մը տարինք…։ Կը բաւէ, որ մեր աչքերն ու ականջները բաց պահենք թրքական խայտառակ յելուզակութիւններու դիմաց, որովհետեւ Էրտողան ու գործակիցները, նա՛եւ Ալիեւի Պաքուն պատրաստ են օր աւուր սկուտեղի վրայ անհամար առիթներ ընծայելու մեզի եւ իրենց ոճրային վարմունքին ենթակայ ժողովուրդներուն։
Նոյնքան կարեւոր է միջոցներ գտնել՝ «անկիւնը դնելու» համար Ճերի Պրաունները, Թրամփներն ու Ֆլինները, որոնք պատրաստ են Միացեալ Նահանգները վերածելու թուրք ու ազերի ոճրագործներուն խաղալիքին։ Պէտք է զգաստութեան բերել ամերիկացի զանգուածը, դաժան իրականութիւններուն վրայ բանալ անոր աչքերը, որպէսզի չսպասէ, որ թրքական ոճիրները, բռնադատութիւնները անպայման իր հողին վրայ կատարուին։ Նոյնը՝ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը շահադիտական նպատակներով դարպասող միւս մեծերուն պարագային։
…Կը թուի, որ Եւրոպան սկսած է աւելի՛ արթուն վարուիլ, որովհետեւ թրքական ոճիրներուն ցաւերը կը զգայ իր մորթին վրայ։ Սակայն ինչո՞ւ սպասել հոն հասնելու։
Իսկ մեզի ու ճակատագրակիցներուս կը մնայ մի՛շտ պատրաստ ըլլալ «երկաթը տաք-տաք ծեծելու». անվհատ ծեծել՝ մինչեւ իսկ երբ մեր առաջին հարուածները ձեւ-կերպարանք չեն տար շիկացած երկաթին։
Այս մուրճը գործածելու համար, պէտք է միանան պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու ժողովրդային բոլոր ձեռքերը։