0 0
Read Time:2 Minute, 44 Second

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

«Գլուխէս զօրաւոր հարուած կերայ ու ինկայ գետին, երբ աչքս բացի, չորս կողմս դիակներ գտայ, անդին տնգտնգոց մը լսեցի, մօտեցայ որ քեռկինս էր. ան զիս տարաւ գերմանական որբանոց: Հոն զիս Պատասխան մայրիկը տիրութիւն ըրաւ, միասին հասանք Հալէպ…»: Եղեռնի մասին առաջին իմացութիւնս մեծ հայրիկիս կողմէն եղած է: Եղեռնը ինծի համար վերապրողի մը ծանր պատումն է, իր իսկ վկայութեամբ: Այնուհետեւ շատ կարդացած եմ վաւերագրական թէ գեղարուեստական գիրքեր, դիտած եմ շարժապատկերներ Եղեռնի մասին, սակայն առաջին ստացած տպաւորութիւնս շատ աւելի ազդու հետք ձգած է իմ վրաս, քան բոլոր կարդացածներս կամ լսածներս: Թերեւս անոր համար, որ առօրեայ վերպրում էր անիկա մեծ հայրիկիս համար: Վերապրում, որ ամբողջովին ատելութեամբ եւ կեանքի ու աշխարհին հանդէպ ոխով ու չարացած հայեացքով լեցուած էր: Զինք ջղային դարձուցած, անհանդուրժող, վրէժխնդիր ու քէն: Ի՛նչ կը սպասուի նման մարդէ մը, որ տասը տարեկանին իր հօր դանակահարութիւնը աչքովը տեսած է: Մօտէն ճանչցողը գիտէր, միա՛յն, որ անոր հոգւոյն խորքը պահուած էր փափուկ սիրտ մը. մենք այդ մէկը փոքր ըլլալով հանդերձ կրնայինք զգալ. վայ որ մեր՝ թոռներէս մէկուն սիրտը բան մը ուզէր, ո՛չ ժամանակին ուշ ըլլալը գիտէր, ո՛չ կանուխը, պէտք էր զայն ապահովէր. չէ՞որ թոռնիկը ուզեց: Ինք որ զրկանքով մեծցած էր, ի՜նչ շաքար, ի՜նչ չիփս…:
Թէեւ ան փրկուած էր, սակայն իր կեանքը մահու համ ունէր: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ամէնէն ջնջին կամ անհեթեթ երեւոյթին դիմաց «շո՛ւն թուրք» կը սպրդէր բերնէն: Կը յիշեմ, երբ շուկայէն հայրիկս հաւ բերած ըլլար, անոր գլուխը մարմնէն անջատողը ի՛նք կ՚ըլլար՝մեծ հայրիկս. ու մեր տեսակ մը երկիւղին դիմաց կը կրկնէր. «ծօ՛, շուն թուրքը մեր գլուխները մորթեց, հաւու գլուխը քաշելուն համա՞ր պիտ՚ ափսոսամ…»: Մեծ հայրիկս վերապրողի նմոյշ մըն էր: Վերապրողներ, որոնք դաժան կեանքը համտեսեցին, ամբողջ կեանքերնին այդ դառնութիւնը ճաշակեցին, ականատեսն ու վկան դարձան տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց անիմաստ մահուան, միլիոնաւոր մարդոց խեղանդամութեան ու սովամահութեան, տեղահանութեան, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի ոչնչացման։ Թէ ինչո՞ւ աշխարհ եկան եւ իմաստը ի՞նչ էր իրենց գոյութեան՝ իրենք ալ չհասկցան, սակայն սուգը, որբութիւնը, ոխն ու երկրի կարօտը իրենց ներսը կրած, ի վերջոյ հասկցան, որ պէտք է պայքարիլ յանուն գոյատեւման:
Հիմա որ պատերազմէ փախչողի նմոյշ մըն եմ նաեւ ես, շատ լաւ կ՚ըմբռնեմ իւրաքանչիւր պատումը մեծ հայրիկիս: Ակամայ միտքս կու գան նաեւ Շահան Շահնուրի «Պճեղ մը անոյշ սիրտը» վէպի Եփրաքսէ հանըմի տրտունջքի խօսքերը, մանաւանդ այն բաժինը, ուր կը պատմէր թէ երբ Փարիզ հասած էր իր տղոց ետեւէն, այդ նոր միջավայրը որքա՜ն խորթ կը թուէր իրեն համար: Ան ամէն վայրկեան համեմատութիւն կ՚ընէր Պոլիսի իր բնակած տան հետ ու տեղ մը իր մենախօսութեան մէջ կ՚ըսէր, թէ Փարիզի ապրած տունը «գրպանի չափ է», թէ Պոլիս եղած ատեն այս սենեակին չափ որմնադարան ունէր, եւ որ յարգը չէր գիտեր եւ անոնց մէջ սոխ կը կախէր, սերկեւիլ կը կախէր: Իսկ հիմա ստիպուած էր ի՛նք ապրիլ սոխ կախած տեղին չափ տեղ մը՝ «տանիքին գագաթին գագաթին գագաթը եւ թէ անկարող է մէկ շունչով վեր բարձրանալու…»:
Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ չհամակերպիլ, կարօտ ունենալ, անցեալով ապրիլ, այնուհետեւ պայքարիլ, եղունգներով ճանկել, մագլցիլ՝ որ ապրիլ, մեռնիլ ամէն օր՝ որ ապրիլ: Այսինքն, պէտք է մաշկիս վրա՞յ զգայի, որ այսքան խոր ըմբռնէի: Թէեւ հայրիկիս պատմածները մէկ առ մէկ աչքիս առջեւն եղած են միշտ. ֆիլմաշարի պէս մտապատկերիս դիմաց, սակայն հիմա այլ հասունութեամբ կ՚ընկալեմ զանոնք:
Վերապրողներու տենչն ու պայքարը, խաւարին մէջ լոյս տեսնելու հաստատակամութիւն մը կը ներշնչեն եւ յառաջ ընթանալու ու երբեք չընկրկելու պատգամ կը փոխանցեն ինծի ու ինծի պէս շատ շատերու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles