«Թող Իմանան Մենք Չենք Դառնար Խաղալիք»

0 0
Read Time:3 Minute, 25 Second
  • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

    Հայաստանի յարակից տարածաշրջանի խնդիրները սկսած են մտնելու դժուար նախատեսելի փուլի մը մէջ։
    Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան ուղղակիօրէն մասնակից է Թուրքիան։ Այս վերջինը ուղղակիօրէն մասնակից է նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ խնդիրներուն՝ իբրեւ «տեղական ջութակ», որ կը փորձէ ետ չմնալ միւս խաղացողներէն։
    Իսկ որո՞նք են «միւսները»։
    Հակասուրիական ճամբարէն ներս, պարզ է, առաջին հերթին Արեւմուտքը՝ Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպական միութիւնը։ Իսկ աւելի մասնայատուկ՝ Եւրոպական միութեան մէջ Սուրիոյ խնդիրներուն ուղղակի մասնակիցներու առաջատարներն են Անգլիան ու Ֆրանսան. Գերմանիան ալ՝ «տակից»։
    Երկրորդ եւ մեծ պատկերին մէջ երկրորդ կարգին վրայ կու գան Սէուտական Արաբիան՝ Ծոցի իր զինակիցներով։ Թէեւ գետնի վրայ, այս երկիրները գործնական առումով նշանակալի դերակատարներ են։
    Երրորդ, Թուրքիան՝ տարածաշրջանային իր ախորժակներով։ Հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որ Թուրքիան «տարածաշրջանային» ըսելով, առաջին հերթին Հայաստանը նկատի ունի։ Որովհետեւ իրեն սահմանակից երկիրներէն միայն Հայաստանն է, որուն հետ հողային խնդիր ունի, թեկուզ որ այդ մասին չի խօսուիր պաշտօնական մակարդակի վրայ՝ երկուստեք։
    Իսկ Սուրիոյ ի նպաստ ճամբարին ղեկավարը Ռուսաստանն է, Իրանի ու անոր տեղական դաշնակիցներու օգնութեամբ։
    Գալով քիւրտերուն, այդ ճամբարը ներքուստ բաժան բաժան վիճակ մը կը պարզէ, կիսուած՝ Արեւմուտքի եւ «միւսներուն» միջեւ։ Բայց եւ այնպէս, քրտական ազդակը հայութեան համար կարեւոր է անոր համար, որ քրտական զինեալ ներկայութիւն կայ թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ։ Առաւել, Թուրքիան քրտական զինեալ ներկայութեան մէջ (գէթ անոր մէկ շերտին մէջ) սպառնալիք կը տեսնէ իր հողային ամբողջականութեան նկատմամբ։
    Այս բոլորին մէջ, մեզ հետաքրքրողը եւ շահագրգռողը Թուրքիոյ պարագան է։
    Վերջին 10 տարիներուն, Էրտողանի վարած արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Հայկական հարցը, առնուազն ներքին տրամաբանութեան իմաստով, լուրջ դեր ունի։ Այսպէս, երբ Էրտողան ույղուրներու կապակցութեամբ Փեքինը կ’ամբաստանէր «ցեղասպանութեամբ», երբ «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպին առիթով Իսրայէլի դէմ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ի նպաստ բուռն կեցուածքներ կը դրսեւորէր, իրականութեան մէջ, այդ բոլորը կ’ընէր իր վրայէն թօթափելու համար Հայկական ցեղասպանութեան կապակցութեամբ իր դէմ եղած մեղադրանքները։ Այն ենթաթեքսթով, որ «տեսէ՛ք, մենք ինչպէ՞ս կրնանք ցեղասպանութիւն գործած ըլլալ, երբ պաշտպան կը կանգնինք իրաւազրկուած ույղուրներուն եւ պաղեստինցիներուն»։
    Ույղուրներու եւ «Մաւի Մարմարա»ի դէպքերէն հազիւ քանի մը տարի անց, երբ Սուրիոյ դէմ չյայտարարուած պատերազմը սկսաւ, Թուրքիան դիրք ճշդեց Դամասկոսի օրինական իշխանութեան դէմ։ Այս թոհուբոհին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին, Թուրքիան փորձեց մեզի (հայկական կողմին) «խօսք հասկցնել»՝ իր տեղական, հակասուրիական խմբաւորումներուն միջոցով, պայթեցնել տալով Տէր Զօրի Հայկական ցեղասպանութեան յուշարձան – մատուռը, ռմբակոծել տալով Հալէպի ոչ միայն հայկական թաղամասերը, այլեւ ու մանաւանդ՝ հայկական հաստատութիւնները (դպրոց, եկեղեցի, ծերանոց, ակումբներ եւայլն)։ Թուրքիան չվարանեցաւ իր մանկլաւիկ զինեալ խմբաւորումները շղթայազերծելու Քեսապի դէմ, տեղահանելով հայ բնակչութիւնը։ Ըսել չենք ուզեր, որ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը հիմնուած էր զուտ հայկական ազդակին վրայ։ Անգարա ունի իր ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու, իր տնտեսութեան համար ամբողջ արաբական շուկային մէջ տիրական խօսքս ունենալու խնդիրներ եւ առաջադրանքներ։ Իր այս ընդհանուր վարքագիծին մէջ ալ՝ ի մէջ այլոց, հայկական կողմին «խօսք հասկցնելու» առիթը կայ անշուշտ։
    Աւելորդ է խօսիլ Ատրպէյճանի հետ իր բացայայտ զինակցութեան մասին՝ զինուորական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։
    Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը «գող սիրտը դող» տրամաբանութեան վրայ յենած է։
    Իրերու այս դրութեան մէջ, Հայաստանը, իբրեւ անկախ պետական միաւոր, իր ըսելիքը պէտք է ունենայ։ Մեզի համար անհասկնալի է, որ երբ Էրտողան, լկտիաբար, ըսուելիք – չ’ըսուելիք մեղադրանքներ կ’ուղղէ Հոլանտայի հասցէին, հայկական կողմը կը մնայ լուռ։ Մենք բնականաբար Հոլանտայի պաշտպան փաստաբանը չենք, սակայն երբ Թուրքիոյ բանտերը լեցուած են ակադեմականներով, լրագրողներով, քաղաքական այլ հայեացքներու տէր գործիչներով, դատաւորներով ու բարձրաստիճան զինուորականներով, երբ Թուրքիոյ մէջ մամուլը բառացիօրէն ճնշուած է, Էրտողանը վերջին անձը պէտք է ըլլայ Հոլանտան ֆաշիզմով ամբաստանելու։ Գէթ ա՛յս պէտք է ըսուի Երեւանի կողմէ, թեկուզ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ։
    Երկու տարի առաջ, Յունուարին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, Հ.Հ. կառավարութիւնը հրապարակեց հռչակագիր մը, ուր կը խօսուէր նաեւ հայկական իրաւունքներուն տիրութիւն ընելուն մասին։ Նման կեցուածք մը ճշդելը իր քաղաքական արտայայտութիւնը պիտի ունենայ. Պաշտօնական Երեւանի կողմէ ույղուրներու, պաղեստինցիները իբրեւ թէ պաշտպանելու, Սուրիոյ մէջ հակահայ թիրախներ հարուածելու, նոյնիսկ անցեալ Ապրիլի պատերազմի հարցերով Թուրքիոյ նկատմամբ պահուած քար լռութիւնը ոչ միայն ըմբռնելի չէ, այլ նոյնիսկ կրնայ սխալ մեկնաբանուիլ Անգարայի մէջ։
    Հայկական դիւանագիտութեան պարտականութիւնն է առիթը չփախցնել Թուրքիոյ դէմ քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական հակայարձակողականի անցնելու իմաստով։ Թուրքիան անդադար պէտք է մղել «ինքնապաշտպանութեան», զայն հետեւողականօրէն պահել ամբաստանեալի աթոռին։ Այս վարքագիծը ունի մեծ առաւելութիւն մը. ան կը զօրացնէ Հայաստանի ու հայութեան դիրքերը, եւ յարգանք կը պարտադրէ մեր նկատմամբ։
    Այս վարքագիծը որդեգրած Հայաստան մը նաեւ պատգամ մը կ’ուղղէ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, որ «Թող իմանան մենք չենք դառնար խաղալիք»…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles