…Սակայն, ան չգործածեց «Եղեռն» բառը, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Պոլիս կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Ապրիլ 6, 2009ին:
Արդարեւ, «Շիքակօ Թրիպիւն» թերթի թղթակից Քրիսթի Փարսընզի Հայոց Եղեռնի մասին, մէկ հարցումին պատասխանելով, նախագահ Օպամա ըսաւ թէ այդ հարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
«Տեսակէտներս յստակօրէն արձանագրուած են, եւ ես չեմ փոխած զանոնք: Ես շատ քաջալերուած եմ այն լուրերով, որ նախագահ Կիւլի ղեկավարութեամբ դուք ականատես կ’ըլլաք բանակցութիւններու շարքի մը, գործընթացի մը՝ սկսած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ լուծելու համար անցեալէն եկած խնդիրներ, որոնց կարգին նաեւ այս մէկը: Ես կ’ուզեմ ըստ հնարաւորինս խրախուսել այս բանակցութիւնները, որոնք առաջ կ’երթան եւ որոնք կրնան շատ շուտով արդիւնաւորուիլ: Հետեւաբար, ես կ’ուզեմ այս պահուն չկեդրոնանալ իմ տեսակէտներուս վրայ, այլ կեդրոնանալ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու տեսակէտներուն վրայ», պատասխանեց նախագահը:
Թղթակից Փարսընզ իր հարցումը բանաձեւած էր հետեւեալ ձեւով. «Պարոն նախագահ, իբրեւ Ծերակուտական, կանգնեցաք ամերիկահայ համայնքի կողքին՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց Եղեռնը. դուք նաեւ զօրակցեցաք Հայոց Եղեռնի բանաձեւի հաստատման աշխատանքներուն: Դուք իբրեւ նախագահ ըսիք, որ պիտի ճանչնաք Եղեռնը: Իմ հարցս ձեզի՝ արդեօք Դուք փոխա՞ծ էք ձեր տեսակէտը, եւ արդեօք Դուք դիմա՞ծ էք նախագահ Կիւլին, որ ճանչնայ Եղեռնը իր իսկութեամբ»:
Նախագահ Օպամայի պատասխանէն ետք, Փարսընզ շարունակած էր հարցումը. «Եթէ ես Ձեզ ճիշդ հասկցայ, Ձեր տեսակէտը չէ փոխուած, բայց Դուք պիտի առայժմ առկախէք այդ բառի հետագայ օգտագործման հարցը»: Օպամա պատասխանած էր թէ կ’ուզէ խրախուսել նախագահ Կիւլը, որ յառաջ տանի արդիւնաւէտ բանակցութիւնները…