0
0
Read Time:19 Second
Իննա Մխիթարեանի ոսպնեակի ետին
Ֆրանսախօսներու նուիրուած համերգը, Մարտ 22, 2009-ին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Երեւանի մէջ:
Արդարեւ, «Կարէն Տէմիրճեան» անուան սրահին մէջ, քանատացի (ֆրանսախօս Քէպէք շրջանէն) երգիչ՝ Կարու հմայեց ներկաները, որոնց սուղ գումարներ տրամադրելով, տիրացած էին տոմսերու:
Հակառակ տնտեսական դաժան իրավիճակին, համալիրը գրեթէ լեցուն էր:
Երգերէն աւելի, անոր հրամցուցած երաժշտութիւնն է, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց եւ ստիպուեցաւ երկար ժամանակ մնակ բեմին վրայ, գոհացնելու համար հանդիսատեսները: