ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՏՈՐԱԾԻ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ.- ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԿԻԼԻԿԻԱ

0 0
Read Time:10 Minute, 26 Second

Երբ որ բաց­ուին դռներն յու­սոյ

Եւ մեր երկ­րէն փախ տայ ձմեռ,

Չքնաղ եր­կիրն մեր Ար­մեն­իոյ

Երբ փայ­լէ իւր քաղց­րիկ օրեր,

Երբ որ ծի­ծառն ի բոյն դառ­նայ,

Երբ որ ծա­ռերն հագ­նին տե­րեւ,

Ցան­կամ տես­նել զիմ Կի­լիկ­իա,

Աշ­խարհ որ ինձ ետուր արեւ:

Երբ տա­րի­նե­րը անց­նին, երբ ամ­բողջ դար մը անց­նի, հա­յուն ցա­ւը չ՛ան­հե­տա­նար, նոյ­նիսկ չսպի­ա­նար. անոր ցա­ւը կը բուժ­ուի միայն, երբ ար­դա­րու­թիւն իրա­գործ­ուի:

2009-ի ամ­րան, Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծին հա­րիւ­րամ­եա­կին առի­թով, խումբ մը ուխ­տա­ւոր­ներ մեկ­նե­ցան դէ­պի Կի­լիկ­իա: Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնը կազ­մա­կեր­պողն էր Արժ. Տ. Գա­րե­գին Քհնյ. Պե­տուր­եան, ու­ղե­ւո­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն` Պրն. Վար­դան Սար­մազ­եան:

Քե­սա­պի սահ­մա­նը ան­ցանք, առանց կա­րե­նալ բա­ցատ­րե­լու ճա­նա­պար­հին գնաց­քը եւ ապ­րու­մին ակուն­քը: Մեծն Կի­լիկ­իոյ հո­ղե­րը, շքեղ տա­րածք­նե­րը, որոնք ափ­սոս այժմ խլուած են հա­յուն ձեռ­քե­րէն:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ճա­նա­պար­հին, նախ ան­ցանք Մու­սա Լե­րան գիւ­ղե­րէն, կանգ առինք Վա­գը­ֆի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ դի­մաց, մեր աղօթ­քը  կա­տա­րե­ցինք առ Աստ­ուած, խնդրե­լով որ Ինք հո­վա­նա­ւո­րէ այս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնը: Նախ­քան Մու­սա Լե­րան գե­ղե­ցիկ տա­րածք­նե­րէն մեկ­նի­լը, ան­ցանք բո­լոր պատ­մա­կան գիւ­ղե­րէն եւ հան­դի­պե­ցանք Խտըր­պէկ գիւ­ղը, տես­նե­լու հա­մար սօ­սիի հնամ­եայ ծա­ռը: Մեծ երա­ժիշտ Բար­սեղ Կա­նաչ­եան, այս հսկայ ծա­ռին ներ­քեւ յօ­րի­նած է “Սօ­սի” եր­գը, որ ունկնդ­րե­լով, խան­դա­ղա­տան­քով կը թրթռան մեր հո­գի­նե­րը:

Հանրային բաղնիքի վերածուած եկեղեցի մը

Շա­րու­նա­կե­լով, կանգ առինք Աղեք­սանտ­րէթ, լայն ու կա­պու­տակ հո­րի­զո­նով քա­ղա­քը: Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ կրկին ան­գամ հաս­տա­տե­ցինք մեր ուխ­տը: Ճա­նա­պար­հին հան­դի­պե­ցանք Լե­ւո­նի բեր­դը (օձա­բերդ), որ Լե­ւոն Մե­ծա­գործ 13-րդ դա­րուն վե­րա­կա­ռու­ցած ու ծաղ­կե­ցու­ցած էր: Այդ դժուա­րա­մատ­չե­լի բեր­դը նուա­ճե­լով ուխ­տա­ւոր­նե­րը բարձ­րա­ցան բեր­դը:

Շա­րու­նա­կե­լով մեր ուխ­տի ճա­նա­պար­հը հա­սանք Ատա­նա: Ան­կա­րե­լի է նկա­րագ­րել մեր ապ­րու­մը, հա­րիւր տա­րի­ներ կ՛անց­նին այն ահա­ւոր օրե­րէն: Կը շրջա­գա­յինք Ատա­նա քա­ղա­քին մէջ, զգա­լով մեր նախ­նի­նե­րուն տա­ռա­պան­քը եւ անոնց աղա­ղա­կը: Քա­ղա­քին մէջ կը մտնենք կա­ռոյց մը, որ թրքե­րէն տա­ռե­րով “մշա­կու­թա­յին տուն” գրուած էր, իրա­կա­նու­թեան մէջ “Աբ­գար­եան” վար­ժա­րանն էր, ուր հայ սե­րունդ­ներ դաստ­ի­ա­րակ­ուած  են ու հայ մա­նու­կը հայ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն սոր­ված է: Կ՛որո­նէ­ինք Ատա­նա­յի մէջ եկե­ղե­ցի մը: Մեր փա­փաքն էր սուրբ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ մոմ մը վա­ռել մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար: Վեր­ջա­պէս գտանք եկե­ղեց­ւոյ մը մնա­ցորդ բա­ժի­նը: Սա­կայն հա­զար ափ­սոս, զայն հան­րա­յին բաղ­նի­քի վե­րած­ուած  գտանք: Բան մը, որ մարդ­կա­յին միտ­քը ան­կա­րե­լի է ըն­դու­նի: Ա՛լ չխօ­սին

ք ցա­ւին ու զայ­րոյ­թին մա­սին: Եկե­ղեց­ւոյ դի­մա­ցը կանգ­նած է հա­յա­կերտ ժա­մա­ցոյ­ցը, որ ցայ­սօր ժա­մը ցոյց կու տայ, իսկ ե՞րբ  ժա­մա­նակն ար­դա­րու­թեան:

2009-ը նա­եւ հան­դի­սա­նա­լով Պօ­ղոս Առաք­եա­լի ծննդեան եր­կու­հա­զար ամ­եա­կը, ուխ­տա­ւոր­նե­րը փա­փա­քե­ցան գտնել Պօ­ղոս Առաք­եա­լի ծննդա­վայ­րը, Տար­սոն քա­ղա­քին մէջ: “Փնտռո­ղը կը գտնէ”… ու մենք գտանք Առաք­եա­լին բնա­կա­րա­նը` սրբա­տե­ղին, ուր սնած ու մեծ­ցած էր: Քա­րե­րը պատ­մու­թիւն կ՛աւան­դեն, սա­կայն այդ պատ­մու­թիւնը ըն­կա­լողն է կա­րե­ւո­րը:

Գրաբար արձանագրութիւն մը` Կոռիկոս բերդին մէջ

Ուխ­տա­ւոր­նե­րը փա­փա­քե­ցան հա­մակ Կի­լիկ­ի­ան տես­նել: Մեր­սի­նէն անց­նե­լով հա­սանք Կո­ռի­կոս բեր­դը, որ ծո­վուն մէջ կա­ռուց­ուած է: Հոն տե­սանք գրա­բար լե­զուով ար­ձա­նագ­րու­թիւն, բեր­դի մէկ դար­պա­սին վրայ, ուր Կի­լիկ­եան թա­գա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ, Զա­պէլ թա­գուհի­ին օրով ար­ձա­նագր­ուած էր: Մեծ ու­րա­խու­թիւն է տես­նել Մես­րոպ­եան տա­ռե­րը, որոնք նախն­եաց աւան­դը կը փո­խան­ցեն:

Սիս քաղաքի համայնապատկերը

Ճա­նա­պարհ­նե­րով ուխ­տի ու լոյ­սի հա­սանք Սիս քա­ղա­քը, հա­յոց եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թեան քա­ղաք…: Պահ մը պէտք է կանգ առ­նել այս ան­ուան դի­մաց եւ թոյլ տալ, որ ան խօ­սի ու պատ­մէ: Ահա Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սսոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին առ­ջեւ կանգ­նած ենք: Ժա­մա­նա­կը անց­եալ եղաւ, ուր հայ կեան­քը կը տրո­փէր: Հա­յուն ներ­կան ապ­րող ու ապա­գան տես­նող կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը այժմ ո՞ւր է: Անոր փառ­քը սա­կայն կեն­դա­նի է մեր հո­գի­նե­րուն մէջ: Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն վեր բարձ­րա­ցանք, որո­նե­լով Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղե­ցին: Կի­սա­փուլ գմբէթ մը  եւ խո­րա­նէն մնա­ցորդ մը: “Հայր մեր, որ յեր­կինս ես…”, “Տէ՜ր Ողորմ­եա…”, վառ­ուած խուն­կին բոյ­րին հետ կը բարձ­րա­նայ ուխ­տա­ւոր­նե­րուս եր­գե­ցո­ղու­թիւնը: Կա­տար­ուե­ցաւ նոյն­պէս հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն, Կի­լիկ­եան մեր բազ­մա­հա­զար ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: Աղա­ղա­կը լուռ է,բայց սիր­տեր կը դղրդաց­նէ: Ներ­կան ու անց­եա­լը դէմ յան­դի­ման են: Սիս… անջն­ջե­լի անուն, կրկնուող անուն, կեն­դա­նի ներ­կայ:

Սսոյ անա­ռիկ բեր­դը, ժա­մա­նա­կի խոր­քէն եկող ու ներ­կա­յին մէջ տա­ռա­պող այս հսկայ բեր­դը, ներշն­չեց մեզ, առա­ւել եւս գի­տակ­ցե­լու մեր հայ ինք­նու­թեան ու կո­չու­մին:

Հաճընի փլատակ եկեղեցին

Անար­զա­բա բեր­դը` հայ զօր­քե­րուն բա­նա­կա­վայ­րը, լո՜ւռ կանգ­ներ էր ու յի­շո­ղու­թեան էջե­րը կը թեր­թա­տէր: Խրոխտ բար­ձուն­քի վրայ, կանգ­նե­րը:

Ան­ցանք նա­եւ Հա­ճը­նէն: Սի­րուն է Հա­ճը­նը, բայց` տխուր: Եկե­ղե­ցին փլա­տակ է, լոկ խո­րա­նին քա­րե­րը մնա­ցած են: Դի­մա­ցի բար­ձուն­քին վրայ կանգ­նած է բեր­դը, միշտ հսկե­լով ան­տէր մնա­ցած Հա­ճը­նին: Ան­շուք սիր­տե­րէ քե՛զ խունկ ու մոմ, քե՛զ աղօթք եւ յոյս:

Կե­սար­ի­ա՜, հսկայ քա­ղաք: Առ­կայ­ծեց խին­դը ու երա­զը դար­ձաւ իրա­կան: Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ  եկե­ղե­ցին նո­րո­գու­թեան մէջ էր,  իսկ հի­մա բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ: Խո­րա­նը ոս­կե­զօծ, նրբա­ճա­շակ փո­րագ­րու­մով, հա­յու հոգ­ւոյն գե­ղեց­կու­թիւնը կ՛ար­տա­ցո­լէ, ամ­բողջ եկե­ղե­ցին որմ­նա­զարդ է, Աւե­տա­րա­նիչ­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը գմբէ­թին չորս կող­մը գծագր­ուած են: Շատ գե­ղե­ցիկ ու նախ­շա­զարդ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ կ՛աղօ­թենք` թող ծաղ­կին մեր եկե­ղե­ցի­նե­րը հա­մակ:

Մալաթիոյ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին

Սե­բաստ­ի­ան մեզ լո՜ւռ կը սպա­սէր: Եկե­ղե­ցին շղթայ­ուած էր ու վե­րած­ուած զի­նուո­րա­կան կեդ­րո­նի: Սե­բաստ­իոյ մէջ հան­դի­պե­ցանք հա­յու մը, որ ակ­նո­ցա­վա­ճառ էր, պատ­մեց իրենց անց­եա­լի ու ներ­կա­յի տա­ռա­պանք­նե­րը եւ այլ եկե­ղե­ցի­նե­րու քան­դու­մը:

Մա­լաթ­ի­ան իր նոր ցա­ւը կ՛ող­բար: Հան­դի­պե­ցանք Հրանդ Տին­քի հա­րա­զա­տին, երբ հա­յե­րէն լսեց խայ­տաց: Խօ­սե­ցաւ, սա­կայն սիր­տը փակ պա­հեց: Հրանդ Տին­քի տու­նը հսկո­ղու­թեան տակ էր, այն տնա­կը, որ Հրանդ Տին­քին հե­րո­սի նկա­րա­գիր ջամ­բած էր: Մա­լաթ­իոյ Ս. Յա­րու­թիւն եկե­ղե­ցին փակ էր, գմբէ­թը փլա­տակ, հայ­կա­կան գի­րե­րը ու խա­չե­րը նոյ­նիսկ դուր­սէն կը ցո­լա­յին: Այ­ցե­լե­ցինք նա­եւ Մա­լաթ­իոյ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր կա­տար­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն:

Հռոմկ­լա… ջու­րե­րուն մէջ կանգ­նած սրբա­վայր, ամէն մէկ ժայռ մէկ պատ­մու­թիւն, ինչ ալ ըլ­լայ, իրա­կա­նու­թիւնը կը ցո­լայ: Հսկայ մէկ պա­րիս­պին վրայ դրուած հայ­կա­կան հի­աս­քանչ խա­չե­րը կոտ­րած էին, խոր­հե­լով, որ զա­նոնք տես­նո­ղը պի­տի չգիտ­նայ թէ խաչ­քա­րեր են, սա­կայն հա­յու ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գաղտ­նի­քը հոս է, որ խա­չե­րուն ներ­քեւ ան ամուր եւ գե­ղե­ցիկ հիմք դրած է, նոյ­նիսկ հեռ­ուէն նա­յո­ղը ակն­թար­թով կը ճանչ­նայ զայն: Հռոմկ­լա­յի եկե­ղե­ցին բո­լո­րո­վին քան­դած են, նոյ­նիսկ հա­տու գոր­ծի­քով քա­րե­րուն վրայ խա­չի հետք չեն ձգած, սա­կայն Շնոր­հա­լի­նե­րու կեր­տու­մը անն­կուն կը մնայ:

Հռոմկլա բերդը

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան աւար­տին Այն­թա­պէն ան­ցանք, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին մզկի­թի վե­րած­ուած է ու անոր մօ­տիկ եկե­ղե­ցին, որ նոր յայտ­նա­բեր­ուած է,  վե­րա­ծած են մշա­կու­թա­յին տան: Սա­կայն անոր մկրտա­րա­նը ու վրա­յի շքեղ փո­րագ­րու­թիւնը, կան­գուն է տա­կա­ւին: Փո­րագր­ուած խա­չերն ալ ան­մահ դրոշ­մի նման եկե­ղեց­ւոյ մէջ էին:

Յու­զու­մով առլ­ցուն ուխ­տի ճա­նա­պար­հով ան­ցանք Կի­լիկ­իոյ շքեղ քա­ղաք­նե­րէն: Ամէն շրջա­նի, սրբա­վայ­րի մէջ, հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան պայ­ծառ էջե­րը վե­րա­կեն­դա­նա­ցան, երբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խանց­ուե­ցան ուխ­տա­ւոր­նե­րուն, նա­եւ Կի­լիկ­իոյ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն ու պա­տա­հած դէպ­քե­րուն նուիր­ուած եր­գեր ու հո­գե­թով շա­րա­կան­ներ երգ­ուե­ցան:

Քեզ կրկին պի­տի տես­նենք հա­րա­զատ մեր հող, ան­մահ եւ վիթ­խա­րի անուն, ԻՄ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻԱ:

Ուխ­տա­ւոր մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles