Սոչիի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը՝ Արցախի տագնապի լուծման առնչութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ կողմերը քննարկած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ներկայացուցած փաստաթուղթը:
«Խօսակցութիւնը օգտակար էր…Կայ ընդհանուր ըմբռնում, եւ բոլորը այդ մէկը հաստատեցին, այդ փաստաթուղթի նախաբանին առնչութեամբ: Եւ բոլորին կողմէ օգտակար նկատուեցաւ, որ նման փաստաթուղթ գոյութիւն ունի, քանի որ անիկա կարելիութիւն կու տայ խօսակցութիւն վարելու ոչ թէ վերացական, այլ որոշակի ձեւակերպումներու հետ կապակցուած», նշեց Լաւրով: Հանդիպումէն ետք որեւէ փաստաթուղթ չստորագրուեցաւ: