Հազիւ Արցախի քառօրեայ պատերազմը տեղի ունեցաւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը վերսկսաւ: Այս անգամ ծրագիրին նպատակն էր նիւթական աջակցութիւն ուղարկել պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Այս պատերազմը Հ.Ե.Դ.-ի անդամները արթնցուց: Իրենց աշխատանքէն յայտնի էր, որ ոգեւորուած էին եւ ահագին ճիգ կը թափէին, որ դրամահաւաքներ եւ ուրիշ ձեռնարկներ կազմակերպեն «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին համար: Մայիսին արդէն հաւաքած էին բաւարար դրամ, որպէսզի ուղարկուի Հայաստանի եւ Արցախի զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Ժամանակին Հայաստան կ՛ապրէի ու աշխատանք կը տանէի տարբեր գործունէութիւններու մէջ «Դէպի Հայք» հիմնարկին միջոցով: Երեւանի մէջ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ կապ պահէ Ամերիկայի յանձնախումբին հետ: Մեր պարտականութիւնը եղաւ կազմակերպել հանդիպումներ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ, որպէսզի նիւթական աջակցութիւնը բաժնենք: Ուրեմն, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան օգնութեամբ եւ ներկայութեամբ մենք կրցանք դասաւորել այս հանդիպումները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Պէտք է ըսուի, որ այս բոլոր աշխատանքը չէր իրականար առանց իրենց օգնութեան եւ բացառիկ գործին:
Մինչ այդ, Արցախ այցելած էի երեք անգամ: Մտերիմ ընկերներ ունէի, ճամբարի երեխաներու խմբապետ եղած էի եւ հաստատած էի զօրաւոր կապ մը Արցախի հետ: Յայտնի էր, թէ ինչո՛ւ այսպիսի քաջ եւ անվախ հերոսներ կը պաշտպանէին այս փոքր հողը: Երբ իմացայ, որ տարբեր ընտանիքներու պիտի այցելէի ու հաւաքուած դրամը փոխանցէի, շատ խառն զգացումներով լեցուեցայ: Ի՞նչ պիտի կրնայի ըսել ընտանիքներուն: Ինչպէ՞ս պիտի արտայայտուէի: Եւ ի՞նչ պիտի ըսէի այն ընտանիքին, որ կորսնցուած էր իր զաւակը կամ ամուսինը: Այս հարցումները անդադար միտքէս կ՛անցնէին, հանդիպումները սկսելէն առաջ: Մինչեւ այսօր դժուարութիւն ունիմ նաեւ խօսելու այդ ցաւալի հանդիպումներուն մասին: Բայց այս յօդուածով պիտի փորձեմ քանի մը հանդիպումներուս մասին պատմել ու, կրցածիս չափ, կեանք տալ այդ անմահ հերոսներուն:
Երեք ամսուան ընթացքին շուրջ 40 ընտանիք կրցայ այցելել: Մէկը միւսէն աւելի դժուար էր: Կային ընտանիքներ, որոնք իրենց մէկ տղան կամ միակ զաւակը կորսնցուցեր էին: Կային նաեւ ընտանիքներ, որոնք իրենց ամուսինը կորսնցուցեր էին եւ մնացեր էին երեք երեխայ ու մայր: Բայց բոլոր ընտանիքները հպարտութեամբ կը խօսէին իրենց տղուն կամ ամուսինին նկարագիրին մասին՝ բաւական մանրամասնօրէն: Ամէն այցելութեան մենք մեր փորձեցինք լսել զինուորներուն մասին եւ չէինք ուզեր միայն դրամը յանձնել ու յաջողութիւն մաղթել:
Զոհերուն մեծամասնութիւնը 18էն 22 տարեկան տղաք էին, որոնք Մատաղիս կամ Ճեպրայիլ կը ծառայէին: Գրեթէ 70 տոկոսը Հայաստանէն էր, իսկ մնացեալը՝ Արցախէն: Պիտի պատմեմ երկու հանդիպումներուն մասին, որոնք կը շեշտեն այս ընտանիքներուն պայմանները եւ իմ զգացումները՝ այս փորձառութիւններէն եկած:
Երկրորդ այցելութիւնս Ռոպերթ Ապաճեանի ընտանիքին էր: Ռոպերթը կ՛ապրէր Երեւան, 19 տարեկան էր: Այս հանդիպման ատեն, Ռոպերթի ծնողները մեզի բացատրեցին անոր նկարագիրը, թէ ինչ կ՛ուսանէր եւ իր մանկութեան օրերը: Անոնք նշեցին, որ Ռոպերթ միշտ աւելի հասուն եւ տարիքոտի նման կը վարուեր ուրիշներու հանդէպ: Ռոպերթի մայրը նոյնիսկ իր մանկութեան նկարները մեզի ցոյց տուաւ: Առանց մեր հարցնելուն, ծնողները կը պատմէին Ռոպերթի մասին: Յետոյ հայրը պատմեց, թէ ինչպէս Ռոպերթը մահացաւ: Ռոպերթը եւ իր գունդը ատրպէյճանական կրակին տակ էին ու շրջապատուած: Ռոպերթը դիրքերէն ելաւ եւ որոշում տուաւ ինքզինք ատրպէյճանցիներուն ցոյց տալու, որպէսզի յանձնուի անոնց: Երբ ատրպէյճանցիները զայն ձերբակալելու համար կը մօտենան, Ռոպերթը իր հետ ռումբ պահած էր եւ անձնասպան կ՛ըլլայ, որպէսզի միւս զինուորները ազատին:
Այս 19 տարեկան տղան իր ազգին համար զոհուեցաւ: Այդ վայրկեանին չէի գիտեր ինչպէս պատասխանել իր հօրը: Երբ աշխարհի չորս կողմի երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը այդ տարիքին կ՛ուսանի կամ կ՛աշխատի, կան Ռոպերթի նմանները, որոնք կը ծառայեն եւ մեր հողերը իրենց կեանքով կը պաշտպանեն: Ռոպերթը Արցախեան հերոս կոչած են: Իր բանակի ընկերները ատրպէյճանցի զինուորի բանակային տարազի ուսադիրը նուիրած էին Ռոպերթի ընտանիքին, որպէսզի անոնք այդ ուսադիրը դնեն դրան առջեւ, ու երբ մարդիկ իրենց տունը այցելեն, անոր վրայով քալեն:
Քանի մը շաբաթ ետք Վանաձորի շրջանի ընտանիքներու պիտի այցելէինք: Որովհետեւ Վանաձորի մէջ ունինք Հայ Օգնութեան Միութեան մասնաճիւղ, այդ օրը մեզի ընկերուհի մը միացաւ: Նախ այդ օրուան այցելութիւնները սկսանք։ Մենք Հ.Օ.Մ.-ուհիին բացատրեցինք, թէ ինչպէս ընդհանրապես այս հանդիպումները տեղի կ՛ունենային, եւ խնդրեցինք, որ որոշ չափով մեզի օգնէ: Հ.Օ.Մ.-ուհիները Հայաստանի մէջ փորձառու էին եւ այսպիսի գործի հանդիպած էին: Հակառակ անոր, որ բազմաթիւ ընտանիքներու այցելած էի, ամէն անգամ՝ ա՛լ աւելի կը դժուարանար:
Այս տղուն անունը Հայկ Մինասեան էր եւ ինք ալ Ռոպերթի տարիքին էր: Հազիւ դուռը զարկինք, հայրը պատասխանեց։ Հ.Օ.Մ.-ուհին անդրադարձաւ, որ այս ընտանիքը իրեն ծանօթ է: Անունէն յայտնի չէր, բայց երբ ծնողները տեսաւ, յուզուեցաւ եւ զարմացաւ: Այս հանդիպումը շատ ծանր էր: Հ.Օ.Մ.-ուհին, որ մեզի պիտի օգնէր խօսակցութեան, մեզմէ աւելի ազդուած էր: Ան այս ընտանիքին ծանօթ էր, զոհին քրոջը հետը աշխատած էր: Հայկի հայրը մեզի պատմեց անոր մանկութեան մասին, թէ ինչ լաւ տղայ էր: Հայկը միակ տղան էր եւ մահացաւ, որովհետեւ իր ծառայած դիրքերուն մօտ ռումբ մը պայթեցաւ եւ այս ռումբէն բեկոր մը ճիշդ սիրտին հասաւ:
Դժբախտաբար, այս է իրավիճակը՝ պատահած հարիւրէն աւելի ընտանիքի: Իսկ շուրջ երեսուն զոհեր ալ հայրեր եղած էին: Ճիշդ չէ, որ ատրպէյճանցիներու զինադադարի խախտման պատճառաւ այսքան զոհ ունենանք եւ այսքան ընտանիքներ ազդուին: Մեր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ այս զոհերուն յիշատակը պահել ու սերունդէ սերունդ սորվեցնել մեր քաջ եւ զօրաւոր զինուորներուն մասին, որոնք մեր դիրքերը պաշտպանեցին:
Երբեք չեմ մոռնար այս այցելութիւնները: Մինչեւ այսօր կը փորձեմ ըմբռնել, թէ ի՛նչ պատմութիւններ լսեցի եւ ի՛նչ վիճակի մէջ էին այս ընտանիքները: Բայց երբ մեր զոհերուն անունները լսեմ կամ նկարները տեսնեմ, կը հպարտանամ, որ հայրենիքս առիւծի նման տղոցմով պաշտպանուած է: Եւ կը քաջալերուիմ, որ անդադար Հայ Դատին համար աշխատիմ եւ իբրեւ հայրենասէր՝ ազգիս նկատմամբ պարտականութիւնս շարունակեմ:
Read Time:4 Minute, 14 Second