Մակար ի Գաղիա
Յունուար 2017
Կեդրոնականցի Արմենակի հետ հանդիպումէ մը ետք կը մտածեմ, որ եթէ խորան մը կամ բեմ մը ունենար, ան կը դառնար մեր նոր Մեսիան: Յոռետես չէ, բայց չի գիտեր կոյր ձեւանալ զարտուղութիւններու ի տես:
Պարտուածի պէս չ’ըսեր, որ «հայ կեանքը այսպէս եկեր է, այսպէս ալ պիտի երթայ»: Իրեն համար մղձաւանջ է մտածել, թէ ուրկէ՞ եկեր է, ուրկէ՞ եկեր ենք, ո՞ւր կ’երթանք: Առանց ջոջ ըլլալու, ազգի հոգերը շալկած է:
Նոր Տարին շաբաթ օր էր, կիրակին ալ Նոր Տարի էր, տուներու պատուհանները փակ էին, ուշ քնացածներուն տօնը շարունակելով: Արմենակ եւ Էլպիս օտար ծնած էին, այս քաղաքը օտար եկած էին, օտար մնացած էին:
Հեռաձայնեց.
– Մեր թաղի տուներու բոլոր պատուհանները փակ են: Նոյնիսկ մտքով բարեւ ըսող եւ ստացող չկայ:
– Աշխատող են: Կը յոգնին: Արդէն գիշերը երկար է: Կը քնանան,- ըսի:
– Գիտեմ, Մակա՛ր: Չաշխատողները միայն, երեւելիներ, հանգիստի օր թէ տօն, կ’արթննան, եւ թաղապետական, միութենական, տնօրէններու հրաւէրներու կ’երթան, հայր, որդի, թոռ, հարս ու փեսայ: Անոնց ճաշերը եւ կեանքը ապահովուած են մեր տուրքերով: Իրենց գործն է խօսք թխել, ոչ հաց:
Հասկցայ որ կրկին հրապարակաւ չըսուած բաներ իմացած էր: Շարունակեց.
– Նախագահներ եւ նախագահիկներ ունինք, որոնց կ’ընկերանան կին, զաւակ, թոռ, ընկեր, խնամի: Երբ առիթ գտնեն, չեն վարանիր կին, զաւակ, դուստր, թոռ, փեսայ, կը նշանակեն պատուակալ եւ մանաւանդ շահաբեր դիրքերու, Հայաստան եւ սփիւռք, դեսպան, մարզպետ, տնօրէն, քաղաքապետարանի պաշտօնեայ:
– Սիրելիս, Ամերիկան նախագահ ընտրեց: Չընտրեց ոչ իր դուստրը, փեսան կամ ընկերները, որ երկիրը կառավարեն: Մենք ալ այդպէս ենք: Ֆրանսա, նախագահներու եւ վարչապետներու զաւակներն ալ կը պահեն ժառանգական իրաւունքները,- ըսի, ընդհանրացնելով, որպէսզի անուններ չշարէ:
Արմենակ իր ըսելիքը կ’ըսէ, եւ շարունակեց.
– Բաղդատելին պէտք է բաղդատել: Քիչ ենք, փոքրիկ Հայաստան, ցրուող սփիւռք: Երբ դիրքերը կը չարաշահուին, մարդիկ կը տեսնեն: Երիտասարդի մը հարցուցի, թէ ինչո՞ւ բացակայ էր հայ կեանքէն, պատասխանեց, որ հայր, որդի եւ զարմիկ երբ բարձրախօսը իրարու ձեռքէ յափշտակելով զաւեշտ կը խաղան, կը զզուի:
Ընկալուչէն լսուեցաւ Էլպիսի ձայնը.
– Հերիք է, մարդ, երկու հազար տարիէ ի վեր Յիսուս գլուխ չելաւ մարդոց, դո՞ւն պիտի փոխես աշխարհի կարգը: Եթէ կէսօրին պիտի ճաշես, գնա՛ հացը բեր:
Արմենակ գնաց հաց բերելու առանց անուններ եւ հասցէներ տալու: Անոնք hանրային գաղտնիք են, երբ կամաւոր խուլ չենք եւ հաւկուրութենէ չենք տառապիր: