ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ԲԱԼՈՒԻ (ԵՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ) ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ)

0 0
Read Time:13 Minute, 20 Second

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Պետրոս Ալահայտոյեան

Պետ­րոս Ալա­հայ­տոյ­եան ծա­նօթ անուն է մեր մա­մու­լի ըն­թեր­ցող­նե­րուն ու երաժշ­տա­կան ար­ուես­տի կալ­ուա­ծին հե­տե­ւող­նե­րու հա­մար. 70ական տա­րի­նե­րէն ի վեր, ան Պէյ­րու­թի «Ազ­դակին», Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզին» ու այլ թեր­թե­րու էջե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կան ներ­կա­յու­թիւն եղած է երաժշ­տա­գի­տա­կան իր յօդ­ուած­նե­րով ու երաժշ­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու (նա­եւ ար­ուես­տի յա­րա­կից կալ­ուած­նե­րու) գնա­հա­տա­կան-քննա­դա­տա­կան իր սիւ­նակ­նե­րով: Եւ առա­ջին իսկ օրէն, ըն­թեր­ցո­ղը զայն ճանչ­ցած է իբ­րեւ երաժշ­տու­թեան, նա­՛եւ հայ­կա­կան երաժշ­տու­թեան հմուտ մաս­նա­գէտ, որ պատ­րաստ է գրի­չի «սու­րով» կրքոտ պայ­քար մղե­լու ազ­նիւ երգն ու հա­րա­զատ երաժշ­տու­թիւնը աղա­ւա­ղող ամէն հո­սան­քի դէմ. ան իր վաս­տա­կով ար­դա­րօ­րէն շա­հած է Մեծն Կո­մի­տա­սի, զայն կան­խած ու անոր յա­ջոր­դած մե­ծե­րու հա­ւա­տա­րիմ մէկ հե­տե­ւոր­դը ըլ­լա­լու կո­չու­մը:

Եւ ահա, Պե­տրոս Ալա­հայ­տոյ­եան մեր սե­ղա­նին կը դնէ բա­նա­սի­րա­կան գե­ղե­ցիկ հա­տոր մը, «Բալ­ուի (եւ տա­րած­աշր­ջա­նի) Երաժշ­տա­կան Ազ­գագ­րա­կան Հա­ւա­քա­ծոյ» ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը, որ կը մէկ­տե­ղէ աւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու երախ­տա­շատ աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւն­քը:

Եթէ ոչ իր բնոյ­թով, գո­նէ մա­տուց­ման որոշ ձե­ւե­րով ան­նա­խըն­թաց ու ար­ժէ­քա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է այս հա­ւա­քա­ծոն, որ առանց բա­ռեր գոր­ծա­ծե­լու, նա­եւ այժ­մէա­կան պատ­գամ մը ու­նի ըն­թեր­ցո­ղին, երաժշ­տա­սէր ու ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման նա­խան­ձախն­դիր հա­յե­րու:

Քա­նի մը գիծ` հա­տո­րին առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն:

Հա­տո­րին գլխա­ւոր հիմքն ու մեկ­նա­կէ­տը կը կազ­մեն 72 եր­գեր, զորս Պ. Ալա­հայ­տոյ­եան «որ­սա­ցած» է հա­լէ­պա­հայ Մա­րօ Նալ­պանտ­եա­նէն: Ներ­դիր, ըն­թեր­ցո­ղին կը տրա­մադր­ուին եր­կու խտաց­եալ ձայ­նապ­նակ­ներ, որոնք կը պա­րու­նա­կեն այդ եր­գե­րը: Հա­տո­րին մէկ կա­րե­ւոր բա­ժի­նը յատ­կաց­ուած է այդ եր­գե­րուն մա­սին բա­ցատ­րա­կան­նե­րու, վեր­լու­ծում­նե­րու, որոնց կ՛ըն­կե­րա­նան ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ, լսո­վի վե­րար­տադ­րու­թեան ճամ­բով: Ըն­թեր­ցո­ղը կը հրա­ւիր­ուի էջե­րուն ծա­նօ­թաց­ման զու­գա­հեռ, ունկնդ­րե­լու այդ գո­հար­նե­րը. ու զար­մա­նա­լի պի­տի չըլ­լայ, եթէ ան մէ­կէ աւե­լի ան­գամ վե­րա­դառ­նայ այդ խտա­սա­լիկ­նե­րուն, հա­տո­րին ըն­թեր­ցու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լէ առաջ, ու նախ­նա­կան զար­մանք-վե­րա­պա­հու­թե­նէ ետք, հրա­պուր­ուի անոնց «կոշտ»… գե­ղեց­կու­թեամբ, ինչ­պէս որ գո­հա­րա­վա­ճա­ռը պի­տի հրա­պուր­ուէր նոր ար­տա­հան­ուած սուղ մե­տա­ղով մը կամ հում զմրուխ­տով մը:

Անոնք` որոնք կը ճանչ­նան Պետ­րոս Ալա­հայ­տոյ­եան մար­դը` իրա՛ւ ար­ուես­տա­գէ­տի ու մտա­ւո­րա­կա­նի յատ­կա­նիշ­նե­րով հա­րուստ ան­ձը, պի­տի չզար­մա­նան, որ հա­տո­րին յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ, ան կը զի­չի հե­ղի­նա­կի իր իրա­ւուն­քը (հա­տո­րին հե­ղի­նա­կու­թիւնը ար­դա­րօ­րէն իրեն կը պատ­կա­նի), ըսե­լով, որ հա­ւաք­ուած եր­գե­րուն հե­ղի­նա­կը նոյ­նինքն մեր ժո­ղո­վուրդն է, իսկ ինք ու եր­գա­սաց Մա­րօ Նալ­պանտ­եան պար­զա­պէս կա­մուր­ջի դեր կը կա­տա­րեն, զա­նոնք մէկ­տե­ղե­լով ու ըն­թեր­ցող-ունկն­դի­րին մա­տու­ցե­լով:

Հա­տո­րին մէկ այլ առանձ­նա­յատ­կու­թիւնն է հա­ւա­քագր­ուած եր­գե­րուն մա­սին թէ­եւ մաս­նա­գի­տա­կան, սա­կայն դիւ­րա­մատ­չե­լի բա­ցատ­րա­կան­նե­րը: Իրա­րու յա­ջոր­դող գլուխ­նե­րը կը թո­ղուն եր­կա­րա­շունչ յօդ­ուած­նե­րու տպա­ւո­րու­թիւնը. տար­բեր գլուխ­նե­րու մէջ կը կրկնուին որոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, գի­տե­լիք­ներ, սա­կայն ո՛չ կրկնու­թեան սի­րոյն, այլ մա­տուց­ուա­ծը տար­բեր դի­տան­կիւն­նե­րէ պատ­կե­րե­լու նա­խան­ձա-խնդ­րու­թեամբ: Ըն­թեր­ցո­ղը կը ներգ­րաւ­ուի էջե­րուն մէջ, որոնք կը ներ­կա­յա­նան պատմ­ուած­քան­ման դրուագ-­նե­րով, եր­գե­րը, անոնց տե­սակ­նե­րը »բզիկ-բզիկ« ընող ու դիւ­րա­մարս դարձ­նող լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով:

Հե­ղի­նա­կին իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ, հա­տո­րը ար­դիւնք է աւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու պրպտու­մի, հե­տա­խու­զու­թեան ու վեր­ծա­նու­մի աշ­խա­տան­քի: Անի­կա չի բա­ւա­կա­նա­նար միայն Մա­րօ Նալ­պանտ­եա­նի եր­գած ազ­գագ­րա­կան-ժո­ղովր­դա­յին ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու վե­րար­տադ­րու­թեամբ ու երաժշ­տա­կան վեր­ծա­նու­մով, ձայ­նագ­րու­մով, այլ հա­տո­րին էջե­րը լայն կը բաց­ուին Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի ու Կի­լիկ­իոյ, մին­չեւ Պոլ­սոյ ու շրջա­կայ հայ­կա­կան օճախ­նե­րու ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րու պա­տա­ռիկ­նե­րուն առ­ջեւ: Պատ­մա­կան-երաժշ­տա­բա­նա­կան հա­րուստ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը կը ստեղ­ծեն մանր հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նի մը տպա­ւո­րու­թիւնը, հե­տե­ւա­բար, ըն­թեր­ցո­ղին կրնան թե­լադ­րել, որ ինք­զինք չկաշ­կան­դէ ներ­քին բա­ժա­նում­նե­րը` գլուխ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ ըն­թեր­ցե­լու աւան­դա­կան ձե­ւով:

Հա­ւա­քագր­ուած եր­գե­րը օրօ­րո­ցա­յին են ու սու­գի, հար­սա­նե­կան են ու աշ­խա­տան­քա­յին, կեն­ցա­ղա­յին են ու եր­գի­ծա­կան, առանց ան­տե­սե­լու մարդ­կա­յին նուրբ զգա­ցում­նե­րը` սէրն ու մա­սամբ նո­րին: Ամ­բողջ բա­ժին մը յատ­կաց­ուած է, Մա­րօ Նալ­պանտ­եա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, հայ­կա­կան աւան­դա­կան հար­սա­նի­քի մը «բե­մադ­րու­թեան»: Բո­լոր եր­գե­րը ան­տիպ կամ ան­ծա­նօթ չեն, սա­կայն այդ բո­լո­րին նոյն  ծած­կին տակ մէկ­տե­ղու­մը ըն­թեր­ցո­ղին դի­մաց կը պար­զեն հա­մա­պար­փակ հո­րի­զոն մը:

Պ. Ալա­հայ­տոյ­եան հա­ւա­նա­բար չ՛անդ­րա­դառ­նար, թէ իր պա­տու­մով ու նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րով, մա­նա­ւանդ հա­ւաք­ուած եր­գե­րուն թէ­զով ու անոնց վեր­ծան­ման ճամ­բով իր ապ­րած հա­ճե­լի պա­հե­րը, հրա՛յր­քը, ուղ­ղա­կի կը հա­ղորդ­ուին ըն­թեր­ցո­ղին, զայն կը վա­րա­կեն հե­ղի­նա­կին բերկ­րան­քով: Իսկ այդ բերկ­րան­քին աղ­բիւ­րը` նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են, հայ­րե­նի գիւ­ղին ու աւա­նին մէջ բնիկ ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին պատ­կեր­նե­րը. հոն կայ ժո­ղո­վուր­դին աշ­խա­տանքն ու պանդխ­տու­թեան մոր­մո­քը, իր մա­նու­կը քնացնե­լու պատ­րաս­տուող մօր գուր­գու­րանքն ու նոր ըն­տա­նիք կազ­մող­նե­րու հրճուան­քը, ար­տա­յայտ­ուած` եր­գե­րով ու պա­րեր­գե­րով, պա­րե­ղա­նակ­նե­րով, բնա­կա­նա­բար նա­եւ հա­յուն հա­ւատ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ` աղօթ­քով:

Բար­բա­ռա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ու օտա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րով (թրքե­րէն, քրտե­րէն) հա­մեմ­ուած եր­գե­րուն կ՛ըն­կե­րա­նան բա­ռա­րա­նա­յին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, իսկ հա­տո­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կայ նա­եւ բա­ռա­րա­նի բա­ժին մը:

Հա­տո­րին ամէ­նէն ու­շագ­րաւ բա­ժին­նե­րէն մէկն է երաժշ­տա­կան եզ­րե­րու բա­ցատ­րա­կան-բա­ռա­րան մը: Այս բա­ժի­նը աչ­քէ ան­ց­նե­լով, ըն­թեր­ցո­ղը կ՛անդ­րա­դառ­նայ, թէ մեր լե­զուն ու­նի մի­ջազ­գա­յին բա­ռամ­թեր­քին հա­մա­պա­տաս­խա­նող հա­յե­րէն բա­ռեր, որոնք մաս կը կազ­մեն մեր բա­ռա­յին հարս­տու­թեան, բա­ռեր` որոնց գոր­ծա­ծու­թիւնը մեզ չի հե­ռաց­ներ ար­ուես­տի աշ­խար­հի մթնո­լոր­տէն, սա­կայն նա­եւ կը սոր­վեց­նէ, թէ երաժշ­տու­թեան հա­յե­րէն բա­ռամ­թեր­քը մշա­կու­թա­սէ­րը հա՛­յօ­րէն կը մտեր­մաց­նէ ար­ուես­տի այս աշ­խար­հին:

Ան­մի­ջա­պէս կը հե­տե­ւի այլ յատ­կա­նիշ մը` հա­տո­րին գե­ղե­ցիկ հա­յե­րէ­նը: Սա հե­ղի­նա­կի՛ն ար­ժա­նիք­նե­րէն մէկն է վա­ղուց: Պ. Ալա­հայ­տոյ­եան մեծ ճիգ չըներ մա­քուր, գե­ղե­ցիկ ու հա­ճե­լի հա­յե­րէ­նով մը հրամց­նե­լու իր էջե­րը, այլ անոր վճիտ ու զու­լալ հա­յե­րէ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կը հո­սի իր գրի­չէն (նոր օրե­րուն` հա­մա­կար­գի­չէն), որ ուղ­ղա­կի թարգ­մանն է Մե­ծաս­քան­չին իր հա­ւա­տար­մու­թեան, հա­յու հոգի­ին ու մտա­ծե­լա­կեր­պին: Եւ ար­դէն, այս հե­ղի­նա­կը գլխա­ւոր եր­կու հա­ւա­տար­մու­թիւն ու­նի. մէ­կը` Կո­մի­տա­սին, միւ­սը` Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին: Այս յատ­կա­նիշ­նե­րը քա­նի մը աս­տի­ճան վեր կը կանգ­նին իր միւս բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րէն, որոնց կար­գին` մտա­ւո­րա­կա­նի պար­կեշ­տու­թիւնն ու բծախնդ­րու­թիւնը:

Ըսինք, թէ աւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու պրպտու­մի եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւնքն է հա­տո­րին մէջ. պրպտում­նե­րը չեն սահ­մա­նա­փակ­ուած միայն Հա­լէ­պով, որ հա­տո­րի պատ­մու­թեան մէջ մուտք գոր­ծած է շուրջ 20 տա­րի առաջ: Հե­ղի­նա­կին պրպտում­նե­րը սկսած են Պել­ճի­քա­յի մէջ ու­սա­նո­ղու­թեան օրե­րէն, ու տա­րած­ուած` դէ­պի Ամե­րի­կա եւ այ­լուր: Հե­տա­խու­զու­թեան դաշ­տե­րը եղած են ծե­րա­նոց­ներ, ինչ­պէս նա­եւ ան­հատ եր­գիչ­ներ-եր­գա­սաց­ներ, որոնց մօտ Պ. Ալա­հայ­տոյ­եան գտած է «երկ­րէն»  բխած տոհ­միկ եր­գե­րու օրի­նակ­ներ, պա­տա­ռիկ­ներ, մին­չեւ իսկ հազ­ուա­գիւտ ձայ­նապ­նակ­ներ: Գո­յա­ցու­ցած է «հում եր­գե­րու» հսկայ պա­շար մը, ձայ­նագ­րու­թեանց ճամ­բով: Պե­ղած է այս կալ­ուա­ծին հետ կապ ու­նե­ցող մեր գրա­կա­նու­թիւնը, գոր­ծակ­ցու­թիւն մշա­կած է հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ եր­գա­հա­ւաք­նե­րու հետ, որոնց առա­ջին շար­քին կը կանգ­նին Արուս­եակ Սա­հակ­եանն ու Ալի­նա Փահլիւան­եա­նը:

Պ. Ալա­հայ­տոյ­եան պատ­գա­մա­խօս կամ քա­րո­զիչ չէ, այլ խղճա­միտ մտա­ւո­րա­կան, եր­գի ու երաժշ­տու­թեան մաս­նա­գէտ ար­ուես­տա­բան: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, հա­տո­րին իւ­րա­քան­չիւր բա­ժինն ու գլու­խը կ՛ար­տա­ցո­լան ան­գիր պատ­գամ­ներ, որոնք ըն­թեր­ցո­ղին կ՛ըսեն.

Տե՛ս, թէ ժո­ղովր­դա­կան եր­գի ինչ­պի­սի հարս­տու­թեան մը ժա­ռան­գորդն ես, ու ընդ­հան­րա­պէս կ՛ան­տե­սես այդ գան­ձը, երես դար­ձու­ցած ես անոր, դուն քեզ գե­րի դարձ­նե­լով ժխո­րա­յի­նին ու օտա­րի ազ­դե­ցու­թեան:

Տե՛ս, թէ այս քա­նի մը տասն­եակ կամ հա­րիւր­եակ եր­գե­րը հսկա­յա­կան ինչ­պի­սի ժա­ռան­գու­թեան մը վե­րապ­րող փոքր մէկ բա­ժինն են, որով­հե­տեւ երգն ու պա­րը չեն նմա­նիր պատմ­ուած­քի ու վէ­պի, այլ անոնք պէտք է երգ­ուին ու շար­ժու­մով ար­տա­յայտ­ուին, որ­պէս­զի մնան ապ­րող:

Տե՛ս, թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ինչ­պի­սի ծանր ու ան­դար­մա­նե­լի կո­րուստ ու­նե­ցած ենք:

Ու վեր­ջա­պէս` տե՛ս, թէ հայ­կա­կան տո­հմիկ եր­գը ինչ­պի­սի՛ ու­ղիղ զար­գա­ցում պի­տի ապ­րէր ու հա­ւա­տա­րիմ պի­տի մնար սե­փա­կան ուղի­ին, ար­մատ­նե­րուն, եթէ հայ գեղ­ջուկն ու հայ­րե­նաբ­նակ քա­ղա­քա­ցին զոհ գա­ցած չըլ­լա­յին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հայ­րե­նի հո­ղը խլուած չըլ­լար իրա­ւա­տէր հա­յէն: Փաս­տօ­րէն, Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ մին­չեւ օրս ալ ժո­ղովր­դա­յին եր­գը կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ իր փթթում­նե­րը, հոգ չէ թէ օտա­րա­մուտն ու այ­լան­դակ «արդ­ի­ա­կան»ը հոն ալ աղա­ւա­ղում­ներ ու «ջար­դեր» կը կա­տա­րեն:

Բա­նա­սի­րա­կան ու քննա­կան իր նկա­րա­գի­րով, սա Պ. Ալա­հայ­տոյ­եա­նի առա­ջին հա­տորն է: Խոր­քին մէջ, ու նոյ­նինքն հե­ղի­նա­կին իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ, անի­կա կը բո­վան­դա­կէ միայն մէկ բա­ժի­նը անոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն, որոնք ցու­ցա­կագր­ուած են հա­տո­րին մէջ: Այդ ցու­ցակ­նե­րը կ՛ըսեն, թէ հրա­տա­րա­կե­լի ու հրա­պա­րա­կե­լի հսկայ հարս­տու­թիւն մը կայ տա­կա­ւին:

Շնոր­հա­ւո­րե­լի է «Դրա­զարկ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը, այս հա­տո­րին լոյս ըն­ծայ­ման գոր­ծին հա­մար: Սպա­սե­լի է, որ գան­ձին միւս բա­ժին­ներն ալ լոյս աշ­խարհ գա­լու մի­ջոց­ներ ու­նե­նան ու մաս կազ­մեն մեր հա­ւա­քա­կան հարս­տու­թեանց: (Հե­ղի­նա­կին հետ կա­րե­լի է կապ հաս­տա­տել հե­տեւ­եալ հաս­ցէ­ով. bedovio@earthlink.net):

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles