Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարա կը կարծէ, թէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վերաբերեալ 12 Յունուարի որոշումին մէջ կան արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին հակասող նախապայմաններ:
Կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, որ “Յունուար 12, 2010-ին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը Հոկտեմբեր 10, 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները ճանչցաւ Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխանող: Այդ որոշումը հրապարակուեցաւ կարճ գրութեամբ: Վերջերս Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց որոշումին հիմնաւորումը, ուր կան արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին հակասող նախապայմաններ եւ սահմանափակիչ դրոյթներ:
“Այդ որոշումը կը վնասէ արձանագրութիւններու հիմնական նպատակին: Այդ մօտեցումը մեր կողմէ անընդունելի է:
“Թուրքիա կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ միջազգային ասպարէզին մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնց շարքին` արձանագրութիւններու հիմնական դրոյթներուն:
“Նոյն հաւատարմութիւնը կ՛ակնկալենք նաեւ Հայաստանի կառավարութենէն”:
“ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԵԼ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ` ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ”
“Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իսկապէս հասկցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ իր այս կեցուածքով փաստօրէն կը հասկցնէ, որ ինք արձանագրութիւնները չ՛ընկալեր այնպէս ինչպէս Հայաստան կ՛ընկալէ զանոնք: Աւելի՛ն. Թուրքիա իր այս յայտարարութեամբ ցոյց կու տայ, որ ոչ միայն արձանագրութիւնները չ՛ընկալեր Հայաստանի նման, այլ իրեն համար անընդունելի է արձանագրութիւններու ընկալման Հայաստանի ձեւը”, յայտնած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկուան յայտարարութիւնը: Դաշնակցական գործիչը Tert.am կայքէջին ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ յայտարարութենէն ետք պէտք չէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը նսեմացնելու քայլեր կատարեն: Ըստ անոր իշխանութիւնները պէտք է շարունակեն իրենց քայլերը` համահունչ սահմանադրական դատարանի որոշումին:
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ
“Ես մտադիր եմ կապուել իմ գործընկերոջ` պարոն Տաւութօղլուի հետ` տարակուսանքս յայտնելու եւ պարզելու, թէ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի որոշման մէջ թրքական կողմը որտե՞ղ է տեսել նախապայմաններ եւ ինչո՞վ է այն հակասում արձանագրութիւնների հիմնարար նպատակին”,- յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալպանտեան:
Ըստ “News.am”ին, թրքական “Զաման”ի փոխանցմամբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալպանտեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Տաւութօղլուի հետ եւ այս վերջինը յայտնած է, թէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Յունուար 12-ի որոշման մէջ կան անընդունելի նախապայմաններ: Տաւութօղլու ըսած է, թէ Թուրքիա հաւատարիմ է ստորագրուած արձանագրութիւններու ոգիին եւ նոյն վճռակամութիւնը կ՛ակնկալէ նաեւ հայկական կողմէն: Ըստ անոր, արձանագրութիւններու ստորագրումէն անմիջապէս ետք թուրք հասարակութեան մէջ սկսած են իրազեկման քաղաքականութեան եւ արձանագրութիւնները ներկայացուցած են խորհրդարան, իսկ հայկական կողմը դեռ խորհրդարան չէ ներկայացուցած:
Ըստ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութեան` Է. Նալպանտեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ արձանագրութիւններու վաւերացման գծով Թուրքիոյ մէջ առաջընթաց չի նկատուիր եւ թրքական կողմը շարունակ եւ բացայայտ կը փորձէ նախապայմաններ յառաջ քաշել: